Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

homenetmen_102916

27-29 հոկտեմբեր 2016-ին Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան համահայկական կառոյցի 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի վարչութիւններու 40 ներկայացուցիչներու:

Խորհրդաժողովին առաջին օրը յատկացուեցաւ միութեան աշխատանքներուն ներկայացման եւ արժեւորման: Մասնակիցները լսեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ապա` Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններու միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ իրազեկ դարձան յառաջիկայի անոնց ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ խորհրդաժողովը քննեց ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը յուզող մարզական, սկաուտական եւ վարչական հրատապ նիւթեր: Յատուկ քննարկման ներկայացուեցան ՀՄԸՄ-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն վերաբերող ծրագիրներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, ՀՄԸՄ-ի համացանցի կայքի, վարչական ու դիւանական ընթացիկ աշխատանքները:

Կազմակերպչական օրակարգով, միջդիւանական խորհրդաժողովը առաջադրեց Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի տարածման եւ ամրապնդման նոր ծրագիրներ` յաւելեալ միաւորներու եւ կեդրոններու ստեղծման անհրաժեշտութեամբ: Կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ միութեան Եւրոպայի նորաստեղծ մասնաճիւղերուն, որոնք օրէ օր կը բազմանան Միջին Արեւելքէն մեծաթիւ հայորդիներու տեղափոխութեան պատճառով:

Միջդիւանական խորհրդաժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ ընտանիքին` երկրին դժուարին պայմաններուն մէջ իր կատարած երախտաշատ աշխատանքին համար:

ՀամաՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութիւնները իրենց կարեւոր բաժինը ունեցան միջդիւանական խորհրդաժողովին ընթացքին: Առ այդ, քննարկումի նիւթ դարձան համաՀՄԸՄ-ական յառաջիկայ մարզախաղերը (2017) եւ բանակումը (2018) լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու միջոցները: Որոշուեցաւ, որ համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերով ազդանշանը տրուի միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն, իսկ բանակումով եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մեծաշուք հանդիսութեամբ փակումը կատարուի միութեան 100-ամեակի յոբելենական տարուան:

Միջդիւանական խորհրդաժողովը քննեց նաեւ միութեան քարոզչական համակարգին վերաբերող հարցեր եւ գոհունակութեամբ տեղեկացաւ, որ արդէն իսկ ընթացք առած են միութեան արդիական կայքի պատրաստութեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թուայնացման եւ «Մարզիկ» երկլեզու լրատուին աշխատանքները:

Իր օրակարգի վերջին բաժինով, միջդիւանական խորհրդաժողովը շեշտեց արդի արհեստագիտութեան միջոցներէն առաւելագոյնս օգտուելու հրամայականը: Այս առիթով ներկայացուեցան «Կուկըլ»-ի հետ ՀՄԸՄ-ի կնքած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները եւ միութեան ռազմավարական ծրագիրի արդի արհեստագիտութեան բաժինին վերաբերող բաժինները:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Լիագումարի Նիստերը

homenetmen1_102916

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը կանխեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկօրեայ լիագումարը, որ քննեց միութեան վերջին Պատգամաւորական ժողովէն` սեպտեմբեր 2015-էն մինչեւ օրս միութեան կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ երեք տարիներու ծրագիրները:

Լիագումարը լայնօրէն անդրադարձաւ համաՀՄԸՄ-ական յառաջիկայ մարզախաղերուն եւ բանակումին կազմակերպման աշխատանքներուն: Արծարծուեցան նաեւ միութեան կազմակերպական կեանքը յուզող ընդհանրական մտահոգութիւններ. Եւրոպայի մէջ նոր մասնաճիւղերու ստեղծում, Հայաստանի մէջ կազմակերպական ցանցի ընդլայնում, սկաուտական միջազգային համագումարներու եւ ճամպորիներու մասնակցութիւն, միութեան քարոզչական  համակարգի վերակազմակերպում, տնտեսական հզօրացման նախաձեռնութիւններ եւ այլն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան լիագումարը իր երկօրեայ նիստերուն ընթացքին մշակեց նաեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն, հրատարակութիւններուն եւ համաՀՄԸՄ-ական տարբեր նախաձեռնութիւններուն համապարփակ ծրագիրը: Որդեգրուեցան 100-ամեակի նշանակը, բնաբանը, երգը եւ ձեռնարկներու ընդհանուր ժամանակացոյցը:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներէն Հատուածներ

Յաջորդը

Մոլտովայի Նախագահ Ընտրուած Է Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.