Գլխաւոր լուրեր

Կարծրատիպերը Քանդելու Մղումները

Կարծրատիպերը Քանդելու Մղումները

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը, պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` անհրաժեշտութեան: Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ այդ առիթով անկախ պատմամշակութային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Միացեալ Նահանգներու ճամբուն վրայ, Ժընեւի օդակայանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Միջազգային քաղաքագէտը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Սուրիոյ վիճակը` վերջին շրջանի զարգացումներուն լոյսին տակ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հալէպի կացութեան: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ տարուած միջազգային ճիգերը եւ...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Կեանքս Հայրենիքիս» Նշանաբանով  Բանակումը` Հայրենիքին Նկատմամբ  Երիտասարդներու Նուիրումը Ամրապնդելու Միջոց

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Կեանքս Հայրենիքիս» Նշանաբանով Բանակումը` Հայրենիքին Նկատմամբ Երիտասարդներու Նուիրումը Ամրապնդելու Միջոց

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Կեանքս հայրենիքիս» նշանաբանը որդեգրած եռօրեայ բանակումը սկիզբ առաւ ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2016-ին: Առաւօտեան հանրակառքերը «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Թուրզայա-Ժիպէյլ` վերջերս վերակարգաւորուած  «Թռչնոց բոյն»-ի ամառնային բանակավայրը: Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 130 ԼԵՄ-ականներ: Բանակումին ծրագիրը կ՛ընդգրկէր դաստիարակչական օրակարգեր` զրոյց, դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, ինչպէս նաեւ  մարզական  այլազան օրակարգեր: Երեք օրերու  ընթացքին ԼԵՄ-ականները օժտուեցան տարբեր բնոյթի  գիտելիքներով, որոնց...

Հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի Դաշտը

Հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի Դաշտը

«Գանձասար». Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Հալէպի Թիլել, Սեյիտ Ալի եւ Ազիզիէ թաղամասերը: Վայրկեաններ առաջ հրթիռակոծուեցաւ Ազիզիէի հայահոծ թաղամասին մէջ գտնուուղ ՀՄԸՄ-ի դաշտը: Հրթիռակոծումներուն հետեւանքով մինչեւ այս ժամը արձանագրուեցաւ 2 զոհ, 10 վիրաւոր: ՀՄԸՄ-ի դաշտին մէջ վիրաւորուեցաւ Ճորճ Մութաֆեան:

Բագրատունի Ընդունեց  Աւստրալիոյ Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Աւստրալիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր: Հանդիպումի ընթացքին Բագրատունի համապարփակ ակնարկով մը ներկայացուց Լիբանանի հայութեան պատմութիւնն ու զանազան հանգրուաններու ընթացքին անոր ցուցաբերած կեցուածքները, որոնք կը բխին Լիբանանի ամբողջականութեան, անկախութեան, ազատութիւններու պահպանման եւ համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան...

Արծուիկ Մինասեան. «Ժամանակը Կու Գայ`  Բոլոր Հարցումներուն Պատասխանները Կու Տամ»

Արծուիկ Մինասեան. «Ժամանակը Կու Գայ` Բոլոր Հարցումներուն Պատասխանները Կու Տամ»

Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան նախարարութեան անուան փոփոխութեան հետ կապուած իր տեսակէտը չէ փոխած: «Հիմա որոշակիօրէն մեղմացուած է նախարարութեան անուանումը: Զիս կը մտահոգէ նաեւ այլ բան, որ որեւէ փոփոխութիւն մէկ կողմէ որոշակի առումով նաեւ տնտեսական հետեւանք կը յառաջացնէ, միւս կողմէ` անուանումը պէտք է բովանդակութեան մօտ ըլլայ, հետեւաբար ես ունիմ իմ տեսակէտս», երէկ  Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին...

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուցած Է  Փտածութեան Դէմ Ռազմավարութեան  Վերաբերող Նոր Օրինագիծ

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուցած Է Փտածութեան Դէմ Ռազմավարութեան Վերաբերող Նոր Օրինագիծ

  Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուած է «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրինագիծը: Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան, ներկայացնելով օրինագիծը, նշած է, որ անոր նպատակն է կարգաւորել բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անոնց առնչուած անձերու եկամուտներու յայտարարագրման, հոլովոյթի ոչ պատշաճ իրականացման կամ սահմանուած ժամկէտին ընթացքին զայն չներկայացնելու պարագային յառաջացող իրաւայարաբերութիւնները: «Օրինագիծը մշակուած է փտածութեան դէմ պայքարի...

Լեւոն Մկրտչեան Ընդունած Է Եզիտի  Համայնքի Ներկայացուցիչները

Լեւոն Մկրտչեան Ընդունած Է Եզիտի Համայնքի Ներկայացուցիչները

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 27 սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանի եզիտի համայնքի ներկայացուցիչները` Հայաստանի եզիտիներու միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեանի գլխաւորութեամբ: Լուրը փոխանցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը: Համայնքի ներկայացուցիչները նախարարին ներկայացուցած են եզիտի համայնքին մտահոգութիւններն ու առաջարկները` ազգային փոքրամասնութիւններ ունեցող Հայաստանի դպրոցներուն մէջ եզիտիերէնի ուսուցման եւ մայրենի լեզուի դասագիրքերու հրատարակման վերաբերեալ:...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի  2016 Տարեշրջանի Երրորդ Նիստի Գումարում

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երրորդ Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի երրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն եւ առաջնորդարանի անձնակազմին: Ազգային երեսփոխանական ժողովի...

«Մենք Համաձայնութիւն Չենք Յայտնած  Եւ Պիտի Չյայտնենք, Մինչեւ  Պարզաբանումներ Կատարուին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Մերժելով Հին Աղբերու Ամբարումը Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Մէջ` «Հին Աղբերու Վերացման Քայլը Կառավարութեան Եւ Քաղաքապետութեանց Պատասխանատուութիւնն Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Պիտի չարտօնենք աղբերու ամբարումը Պուրճ Համուտի աղբերու ժամանակաւոր մթերման վայրին մէջ», երէկ յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունի: Լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ աղբերը Պուրճ Համուտի  աղբերու ժամանակաւոր մթերման վայրին մէջ պիտի չամբարուին 7 հոկտեմբերէն սկսեալ: «Այնպէս ինչպէս ներքին գործոց նախարարութեան մէջ գումարուած ժողովի աւարտին յայտարարեցինք, որ կուտակուած աղբերը Պուրճ Համուտի մէջ...

Վարդանեան. «Գոհ Ենք Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն»

«ՀՅԴ-ՀՀԿ Համաձայնագիրէն Հրաժարելու Տրամաբանութիւն Չկայ. Եթէ Գործ Ունինք Ընելիք, Գործ Պէտք Է Ընենք» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

26 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան բացառած է, որ ՀՅԴ-ՀՀԿ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարուի: «Եթէ գործ ունինք ընելիք, գործ պէտք է ընենք, հետեւաբար` այդ համաձայնագիրէն հրաժարելու տրամաբանութիւն չկայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հանդիպում ունեցած են վարչապետին հետ եւ քննարկած առկայ բոլոր հարցերը: Ա. Վարդանեան...

Վանաձորի Մէջ Երդման Արարողութիւն.  Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

Վանաձորի Մէջ Երդման Արարողութիւն. Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

23-25 սեպտեմբերին Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան անդամակցած նորագիրներու համար նախատեսուած ծրագիրով երկրորդ սեմինար-բանակումը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, շուրջ երկու տասնեակ նոր ընկերներ միացան կուսակցութեան շարքերուն: Երիտասարդները իրենց պատուով եւ հայրենիքով երդում տուին` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն, եւ ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Կարէն Միրզոյեան Տեսակցած Է  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի  Յանձնախումբին Հետ

Կարէն Միրզոյեան Տեսակցած Է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 25 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պելճիքա: Այդ ծիրին մէջ Կարէն Միրզոյեան 26 սեպտեմբերին Պրիւքսէլի Հայ դատի  գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ կառոյցի անդամներուն հետ: Նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է հայկական կազմակերպութեան հետ առկայ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է անոր...

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային  Եւ Հայկազեան Համալսարանին  Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը` ի դէմս ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի` մէկ կողմէ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը` ի դէմս նախագահ վեր. դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանի` միւս կողմէ, 26 սեպտեմբերին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր: Կարեւոր նկատելով այն հանգամանքը, որ յուշագիրի կնքումը նոր մեծ լիցք պիտի հաղորդէ եղած գործակցութեան ու տարուող աշխատանքներուն` կողմերը համաձայնեցան իրականացնել միացեալ հետազօտութիւններ...

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին  Նշեց Իր Հիմնադրութեան 170-Ամեակը

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին Նշեց Իր Հիմնադրութեան 170-Ամեակը

  Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2016-ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած յոբելենական գլխաւոր տօնախմբութիւնը` սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբին եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին մասնակցութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր կողմերէ Հայաստան հասած հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան այրեր: Տօնախմբութեան ընթացքին...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի  վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երախտագիտութիւն յայտնած է իր պաշտօնավարման ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխուժ մասնակցութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի...

Օհանեան Այցելած Է Մարտական Յենակէտեր

Օհանեան Այցելած Է Մարտական Յենակէտեր

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան 24 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ  տեղակայուած զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն մէջ: Այցելութեան նպատակն էր դիտարկել զինուորական ծառայութեան եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման ընթացքը: Մարտական յենակէտերուն մէջ Սէյրան Օհանեան ստուգած է պաշտպանական եւ ճարտարագիտական կառոյցներու յուսալիութիւնը, մարտավարական բնագիծի պաշտպանական դիրքերու եւ ամրաշինական կառոյցներու բարելաւման ու կահաւորման աշխատանքներուն ընթացքը: Նախարարը հետեւած է...

Հաղորդագրութիւն

Անկախութեան Վերականգնման Տօնին Երեք Տասնեակ Նորագիրներ Համալրած Են ՀՅԴ-ի Շարքերը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակը մեծ շուքով տօնուած է նաեւ Սիւնիքի մէջ: Դաշնակցութեան Սիւնիքի մարզային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ այդ օրը երեք տասնեակ նորագիրներ համալրած են ՀՅԴ-ի շարքերը:

«Մեր Բոլոր Ջանքերը Պէտք Է Կեդրոնացնենք Տարածքներուն Վրայ Տնտեսական Կառոյցներ Ձեւաւորելու»  Ըսաւ Դաւիթ Լոքեան

«Մեր Բոլոր Ջանքերը Պէտք Է Կեդրոնացնենք Տարածքներուն Վրայ Տնտեսական Կառոյցներ Ձեւաւորելու» Ըսաւ Դաւիթ Լոքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ի կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրները Հայաստանի տարածքին եւ ապագայի հեռանկարները: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ձեր նախարարութեան վեցամսեայ գործունէութիւնը: ԴԱՒԻԹ ԼՈՔԵԱՆ.- Բաւական ծաւալուն հարցում մը կ՛առաջադրէք:...

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել  Լիբանանցի Վաստակաւոր Արուեստագէտները

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել Լիբանանցի Վաստակաւոր Արուեստագէտները

«Վանայ ձայն»-էն հերթականօրէն ձայնասփռուող «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին նորագոյն հիւրն էր երգչուհի Հիամ Եունես: «Արաբական երկիրները համախմբող», «Քսաներորդ դարու հրաշքը», «քերթուածներու երգչուհին», «Արեւելքի աստղը» եւ ժողովրդային այլ տիտղոսներով ծանօթ երգչուհին` առ ի գնահատանք մշակութային իր երկարամեայ վաստակին, յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրի հաղորդավար Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով  երգչուհի Հիամ Եունես...

Page 674 of 796 1 … 673 674 675 … 796

Արխիւներ