Վարդանեան. «Եկէք Չշփոթենք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Համապետական Ընտրութիւններուն Հետ»
4 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ զրուցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, որ ամփոփած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ըստ անոր, այս ընտրութիւնները որակական առումով տարբեր էին նախորդներէն` քաղաքականացած ըլլալով, մրցակցութեան բարձր մակարդակով, ինչ որ դրական կը նկատուի: «Կարծես թէ ճնշումներու եւ մեծ թիւով ընտրախախտումներու վերաբերեալ ահազանգեր չկային, ատիկա ալ յուսադրող է», ըսած...




















