Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

Նոյեմբեր 28, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bzdig-mzdig-1_112716

Անբնական եռուզեռ մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին առջեւ… Փոքրիկներու խուռներամ բազմութիւնն է, որ ստեղծած է այս անբնական խճողումը, պատճառը` «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի «Անսխալ գրենք» մրցումն է, որ ամէն տարի նման հանդիպում կը կազմակերպէ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն հետ:

Արդարեւ, երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները, թիւով շուրջ 300 հոգի, եկած հետեւեալ հայկական վարժարաններէն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

4rt-tasaran1_112716

Մրցումը սկսաւ 4-րդ դասարանի աշակերտներով, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 3:00-ին: Մրցումին առաջին հանգրուանը տրամադրուած էր 4-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնց համար բոլորովին նոր փորձառութիւն մըն է «Անսխալ գրենք» մրցումը: Սակայն հակառակ նորութիւն ըլլալուն, մեծ թիւով աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ ներկայացած էին մրցումին. անոնք նոյնքան լրջութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը կատարէին ուղղագրութեան մրցումը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէր, տրամադրուած` «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին: Անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան իրենց յիշատակի նուէրները:

Իսկապէս ջերմիկ ու հայաշունչ այս մթնոլորտը կը պարտինք աշակերտներուն ծնողներուն եւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու ուսուցչական կազմերուն, որոնց աշխատանքին ու մասնակցութեան շնորհիւ կը յաջողինք ամէն տարի կազմակերպել այս մրցումը: Առ այդ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն ու ծնողներուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկներուն, որոնք ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան` մասնակցելու «Անսխալ գրենք» մրցումին: Անոնց կը մաղթենք յաջողութիւն` իրենց դպրոցական աշխատանքներուն մէջ: Ի վերջոյ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր վարժարաններու տնօրէնութեանց` իրենց վարած կրթական ու հայրենակերտումի ծանր աշխատանքին համար, եւ մեր սիրելի  ծնողներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայելով կը քաջալերեն հայ փոքրիկները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու հայկական միջդպրոցական ձեռնարկներուն:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր Ուրախացո՛ւր» Խորագիրով Ամանորեան Տօնավաճառը

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?