Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեանը Քաղաքաշինութեան Եւ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէներ Ստեղծելու Մասին Հրամանագիր Ստորագրած Է

Նախագահ Սարգսեանը Քաղաքաշինութեան Եւ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէներ Ստեղծելու Մասին Հրամանագիր Ստորագրած Է

  Նախագահ Սերժ Սարգսեանը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն մէջ  ըսուած է. «Ղեկավարուելով 2005-ի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 85-րդ յօդուածի 6-րդ մասով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 18 յուլիս 2007-ի ՆՀ-174-Ն հրամանագիրով սահմանուած` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անոր ենթակայ պետական կառավարման այլ մարմիններու գործունէութեան կազմակերպման կարգի 7-րդ կէտը` կ՛որոշեմ. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը վերակազմաւորման ձեւով վերակազմակերպել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան...

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Մասնակցած Է Բերքի Տօնին

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Մասնակցած Է Բերքի Տօնին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 հոկտեմբերին այցելած է Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ  Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առիթով կազմակերպուած տօնավաճառը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Բերքի տօնը հանրապետութեան մէջ արդէն դարձած է աւանդական` ընդգծելով, որ բարի աւանդութիւնները անհրաժեշտ է պահպանել ու շարունակաբար զարգացնել: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի...

«Բագին»-ի Ծանօթացում` Պոլսոյ Մէջ

«Բագին»-ի Ծանօթացում` Պոլսոյ Մէջ

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական հանդէսի ներկայացման ձեռնարկ մը: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բանախօսներն էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սեւան Տէյիրմենճեան: Ինչպէս ծանօթ է, 2016-ին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ այժմ քանատաբնակ, լիբանանահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան` խմբագրական նոր խորհուրդի մը գործակցութեամբ: Իր խմբագրութեամբ...

«Բամբիռ»-ի Ցնցող Ելոյթը` Պուրճ Համուտի Մէջ

«Բամբիռ»-ի Ցնցող Ելոյթը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Բեմին վրայ փայլողը «Բամբիռ» հայկական խումբն էր, սրահը` ռոք երաժշտութեան երկրպագուներով լեցուն, իսկ մթնոլորտը` բարձր տրամադրութեամբ յագեցած: Հակառակ երաժշտութեան նորարարական ոճին, հայ մշակոյթն էր, որ կը ներկայացուէր հայկական խումբի մը կողմէ, որ մեծ անուն եւ հռչակ ունի Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ: «Բամբիռ» խումբին ելոյթը, որ կազմակերպուած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին կողմէ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 հոկտեմբեր...

Ակնարկ.  Տարբեր Որոշումներ, Տարբեր  Շարժառիթներ` Առանց Դասեր Տալու

Ակնարկ. Տարբեր Որոշումներ, Տարբեր Շարժառիթներ` Առանց Դասեր Տալու

Հալէպի ողբերգական պատկերներուն, արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն ի տես հայ հասարակական դաշտը բնականաբար կ՛ալեկոծուի: Հաւանաբար բնական է նաեւ այն, որ ժողովրդային մակարդակով պատահարներուն դիմաց ընդվզումի տրամադրութիւնները հասցէներ փնտռեն, թիրախներ եւ եղածին պատասխանատուութիւնը բարդեն ամէնէն առաջ պատասխանատու կողմերու ուսերուն: Եւ որովհետեւ այսօրուան հասարակութիւնը առիթ ունի նաեւ հրապարակային արտայայտուելու, զանգուածներուն իր տեսակէտը, բողոքը, ընդվզումը հասանելի դարձնելու, գրառումները, մեկնաբանութիւնները եւ քննարկումները կ՛ողողեն ելեկտրոնային...

Ռուստամեան. «Մենք Մարզպետ  Չենք Նշանակած,  Որ Անոր Միջոցով Ձայն Ապահովենք»

Ռուստամեան. «Մենք Մարզպետ Չենք Նշանակած, Որ Անոր Միջոցով Ձայն Ապահովենք»

7 հոկտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը ստիպեց իշխանութիւնները կտրուկ փոփոխութիւններ կատարելու, ըսած է, որ այսօր բոլորին համար յստակ է, թէ ի՛նչը պէտք է փոխուի, եւ որքան ալ նախորդ կառավարութիւնները փորձած են բան մը ընել, չեն կրցած հարցերը լուծել այն կշռոյթով, որքան արագութեամբ անոնք կուտակուած էին:...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Մարդասիրական  Օժանդակութիւնները Հասան Հալէպ

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Հասան Հալէպ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով առաքուած` «Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին ` խաղաղութեան մաղթանքներով» խորագիրը կրող բարեգործական-մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Հալէպ: 40 թոն կշռող մարդասիրական օժանդակութիւնները նախապէս երկու հանգրուանով հասած էին Լաթաքիոյ ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայան: Օժանդակութեան մէկ մասը տրամադրուեցաւ Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ` տրամադրուելու բոլոր կարիքաւոր սուրիացիներուն:...

Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակին  Վերաբերեալ Հարցազրոյց`  Ժիրայր Ռէյիսեանի Հետ

Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակին Վերաբերեալ Հարցազրոյց` Ժիրայր Ռէյիսեանի Հետ

«Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին փոխանցումով` Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ռէյիսեանին հետ: Պատասխանելով սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի այն հարցումին, թէ Հալէպի մէջ ի՞նչ կուտակումներ կան այսօր, ի՞նչ է կացութիւնը այսօրուան դրութեամբ, Ժ. Ռէյիսեան պատասխանած է, որ հիմա վիճակը ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնրէալի Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնրէալի Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Մոնրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ: Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:...

Նախագահ Սարգսեան. «Կը Հաւատամ` Այս  Կառավարութիւնը Կրնայ Ընել Այն,  Ինչ Որ Չեն Յաջողած Ընել Բոլոր Նախկինները»

Նախագահ Սարգսեան. «Կը Հաւատամ` Այս Կառավարութիւնը Կրնայ Ընել Այն, Ինչ Որ Չեն Յաջողած Ընել Բոլոր Նախկինները»

Նոր կազմուած կառավարութեան առաջին նիստէն առաջ վարչապետին եւ նոր նշանակուած նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ ակնյայտ է, թէ կառավարութեան առաջին խնդիրը կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է: «Ե՛ւ աշխարհի, ե՛ւ մեր շրջանի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ մարտահրաւէրներու  պակաս չկայ: Ակնյայտ է, որ շատ աւելի դիւրին է զարգանալ, շատ աւելի դիւրին է հասնիլ բարձր տնտեսական արդիւնքներու, երբ շուրջդ...

Ռուստամեանը Կեդրոնական Ընտրական  Յանձնախումբի Անդամներուն.  «Մենք Ձեզի Նախօրօք Այդ Վստահութիւնը Կու Տանք»

Ռուստամեանը Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Անդամներուն. «Մենք Ձեզի Նախօրօք Այդ Վստահութիւնը Կու Տանք»

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի անդամներու եւ նախագահի ընտրութեան հարցին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը Ազգային ժողովի ամպիոնէն ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Առաջին անգամն է մեր պատմութեան մէջ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ կը ձեւաւորենք նոր կազմով` Ազգային ժողովի միջոցով, եւ  այս կարգը, արդէն կեանքի կոչուելով ու կամաց-կամաց թափ հաւաքելով, վստահ եմ, որ մեզի պիտի բերէ այն արդիւնքին, որուն մենք կը ձգտէինք, երբ...

«Փողոցներուն Մէջ Դիզուած Աղբը  Պուրճ Համուտի Թափօններու  Թաղման Վայր Մուտք Պիտի Չգործէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Փողոցներուն Մէջ Դիզուած Աղբը Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայր Մուտք Պիտի Չգործէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ մտածեն կամ որոշեն փողոցներուն մէջ դիզուած աղբերը Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր փոխադրել, ապա փողոցները պիտի փակենք քաղաքապետութեան ոստիկաններով: Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ փողոցներուն մէջ դիզուած եւ չտեսակաւորուած աղբը Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր մուտք պիտի չգործէ: Ան կոչ ուղղեց պետութեան որդեգրելու վարչական ապակեդրոնացումի...

Մոնրէալի Մէջ.  «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց  Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան  Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց»  Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մոնրէալի Մէջ. «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 5 հոկտեմբեր 2016-ին սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնրէալի մէջ: Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը: «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցի, ուր հայոց հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք: Արարողութեան ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Քանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը,...

Ռուստամեան. «Արդիւնքները Լաւ Չեն,  Եւ Այդ Պատճառով Ամէն Մէկը Պատասխանատուութեան  Իր Բաժինը Պէտք Է Ունենայ»

Ռուստամեան. «Արդիւնքները Լաւ Չեն, Եւ Այդ Պատճառով Ամէն Մէկը Պատասխանատուութեան Իր Բաժինը Պէտք Է Ունենայ»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 5   հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան անկաշկանդ կերպով ձեւաւորած է կառավարութեան կազմը: «Վստահ եմ` այս սկզբնաւորման վիճակին մէջ վարչապետին համար ստեղծուած են համապատասխան դիւրին պայմաններ, որ կարենայ այն վճռականութեամբ, որ ստանձնած է այս պաշտօնը, լուծել երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները», դիտել տուած...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Պէտք Է  Անոնց Մէջէն Ընտրենք Մարդոց,  Որոնք Առաքելութիւն Կը Կատարեն»

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Պէտք Է Անոնց Մէջէն Ընտրենք Մարդոց, Որոնք Առաքելութիւն Կը Կատարեն»

5 հոկտեմբերին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Շահմուրադեան մէջբերած է վարչապետին այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, մարդուժի փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին արհեստավարժութեան հիման վրայ: Պատգամաւորը դիտել տուած է, որ միշտ ալ դժուար եղած է արհեստավարժ մարդուժ գտնել, քանի որ անոնք հիմնականին մէջ կ՛աշխատին սեփական հատուածին մէջ` ստանալով բարձր աշխատավարձ: «Ինչպէ՞ս պէտք է այդ մարդուժը համոզեն աշխատելու...

Պունտըսթակի Պատուիրակութիւնը  Թուրքիոյ Մէջ Անդրադարձած Է  Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդիրին

Պունտըսթակի Պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդիրին

Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելութեան ծիրին մէջ Թուրքիա գտնուող Պունտըսթակի պատուիրակութիւնը եւ թուրք պաշտօնատարներ անդրադարձած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Պունտըսթակի պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւնը Ինճիրլիք մեկնելէ առաջ հիւրընկալուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ապա Գերմանիոյ դեսպանատունը մամլոյ ասուլիս կազմակերպած է: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ...

Հայաստանէն Օժանդակութեան  Երկրորդ Օդանաւ Հասած Է Սուրիա

Հայաստանէն Օժանդակութեան Երկրորդ Օդանաւ Հասած Է Սուրիա

5 հոկտեմբերին Երեւանէն Սուրիա հասած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկրորդ օդանաւը: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան ծրարներուն վրայ գրուած է. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ  եղբայրական ժողովուրդին»: Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն Սուրիա մեկնած մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկրորդ օդանաւը ճամբած են Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վարդան Մակարեան եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքին:

Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 2 Վիրաւոր

Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 2 Վիրաւոր

Մովսէս Մովսէսեան                                                Գասպար Շաթոյեան «Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին իրենց բարբարոսական արարքները` հրթիռակոծելով Հալէպի Նոր Գիւղ, Մոկամպօ եւ Մուհաֆազա շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը: Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու...

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս`  Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Շ.Գ. Վերահսկուողէն անձեւ քաոսի անցումի նախադրեալները կը յուշէին ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք արձանագրուեցան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, անցեալ օրերուն: Համաձայնեցուած զինադուլը անպայման պիտի ընդհատուէր, ռուս-ամերիկեան ո՛չ միայն յայտարարողական, այլ նաեւ գետնի վրայ ռազմական միջնորդաւորուած երեւոյթով, անուղղակի, ըստ էութեան ուղղակի, բախումներու հետեւանքով: Ամբողջ խնդիրը կը կեդրոնանար այն պահանջին վրայ, որ անընդհատ ռուսերը կ՛արծարծէին` տարանջատել ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Դէպքերը այնպէս կ՛ընթանային,...

Page 672 of 796 1 … 671 672 673 … 796

Արխիւներ