«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ թելեթոնին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, որ այս առիթով Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի:
Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետը խօսած է համահայկական դրամահաւաքի կարեւորութեան մասին` նշելով, որ հայրենիքի համար նուիրատուութիւնը իւրօրինակ զինուորագրում կը նշանակէ:
«Ապրիլեան պատերազմէն ետք առաջին գիծի պաշտպանութեան մէջ նոր վերանայումներ կատարուած են: Բաւական շատ աշխատանք տարուած է, եւ հակառակորդի խորքային տեղաշարժը այժմ տեսանելի եւ խոցելի դարձած է», «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ թելեթոնին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
«Կը վստահեցնեմ, որ այսօր մարտական խնդիր իրականացնողը անկախութեան սերունդն է, եւ մեր բանակը աւելի քան վստահելի ձեռքերու մէջ է: Սակայն մենք տակաւին բաւական աշխատանքներ ունինք կատարելիք, եւ մեր հայրենակիցներէն կախեալ է, թէ դրամահաւաքի արդիւնքով ո՛ր հարցերը լուծելու կարողութիւն կ՛ունենանք», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան: