Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Ի Նպաստ Հանգանակութեան Առաջին Հանգրուանին Գոյացաւ 3 Միլիոն 221.200 Տոլար

November 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրայր Սարգիսեան Մասնակից Դարձաւ 1,5 Միլիոն Տոլարով

img_4789

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու եւ մարմիններու, բարերարներու, բարեկամներու եւ  հոծ բազմութեան:

Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի յանձնառութիւնը, պատասխանատու մօտեցումը եւ անշահախնդիր նուիրումը ի խնդիր նոր սերունդի կրթական կեանքի վերելքին եւ հայ առողջ մտքի ու հոգիի զարգացման: Լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչները միշտ ալ հաւատացած են, որ լուսաւոր ապագայ մը կերտելու համար անհրաժեշտ է նեցուկ ու զօրավիգ կանգնիլ բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան, գործունէութիւններու իրականացման եւ յաջող ընթացքի հետապնդման:

img_4796

Ճաշկերոյթը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ գաղութներու կազմաւորման ընթացքին հայկական դպրոցներու կառուցումը` այն ամբողջական գիտակցութեամբ, որ ազգի գոյատեւման եւ սերունդներու հայեցի դիմագիծով օժտման մէջ տայ վարժարանին դերը անփոխարինելի է ու անգնահատելի: Առ այդ, դիտել տուաւ տնօրէնը, մեր պապերը լծուեցան եկեղեցւոյ կողքին դհրոցներու կերտման, ինչ որ կարելի եղաւ բարերարներու նեցուկին շնորհիւ: Յիշելով, որ 2016 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է «Ծառայութեան» տարի` Թ. Մարտիրոսեան լուսարձակի տակ առաւ անհրաժեշտութիւնը առաւել մեծ նուրիրումով լծուելու ծառայութեան վսեմ գործին: Ան շեշտեց, որ պատմութիւնը պիտի յիշէ տուողը, նուիրողը, բարի ու վսեմ գործ կատարողը, իսկ փառքի եւ նիւթի հետապնդումով կեանք ապրած անձեր պիտի մնան լուսանցքի վրայ: Ըստ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնին, պիտի յիշուին եւ յարգուին անոնք, որոնք ոչինչ խնայած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման եւ յարատեւութեան:

Ապա Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան անդրադարձաւ լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային այս անցուկ ու դժուարին վիճակին մէջ միս ու ոսկոր ստացած եւ Պուրճ Համուտի մէջ կանգնած Ազգային միացեալ վարժարանին` հաստատելով, որ անոր երթը ընթացք պիտի առնէ ու շարունակուի շնորհիւ հայկական վարժարանին նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներուն, որոնք կը հանդիսանան հայ դպրոցին մեծ ու հարազատ ընտանիքը, ամուր սիւնը: Աւարտին, տնօրէնը հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի հայկականութեամբ տոգորուած բարձրորակ ուսման տէր սերունդներու կերտման ի խնդիր:

img_4813

Ապա խօսք առաւ Ազգային միացեալ վարժարանի հանգանակիչ յանձնախումբի նախագահ, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ ուրախութիւն ու հպարտութիւն յայտնեց նման ընթրիքի մը Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանին համար բազմաթիւ անձեր նուիրումով գործեցին` տրամադրելով ժամանակ, փորձառութիւն, ճիգ, խորհուրդ ու ճաշակ: Այս առիթով Վրէժ Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին, որ երազը իրականութիւն դառնայ` յատուկ կերպով յիշելով վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ սրբազանը եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Անոր համաձայն, թէեւ դիւրին չէր նման դժուար պայմաններու տակ կեանքի կոչել նման նախաձեռնութիւն մը, սակայն ոչինչ անկարելի է, երբ կայ կամքն ու կորովը, կայ հաւատքը, նուիրումը: Վ. Սապունճեան յիշեց, որ այս ճաշկերոյթէն առաջ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ արդէն բարերարներու հետ կատարուած են փոքր հանդիպումներ` շեշտելով- որ այս դպրոցը կառուցուած է, որպէսզի անոր երդիքին տակ ապագային կերտուին իբրեւ մարդ ու հայ կուռօրէն կազմաւորուած սերունդներ:

img_4817

Խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ խօսքը պէտք է միշտ համալրուի կենդանի գործով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են ու կը շարունակեն յայտնել Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն` նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելով անոր:

Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի յաջողի: «Մենք վճռած ենք այս դպրոցը վերածել ճառագայթող կառոյցի: Վարժարանի յաջողութիւնը կը կայանայ գաղութի գիտակից հայորդիներուն աջակցութեան մէջ` ի խնդիր կրթական լուսաւոր ապագայի», ընդգծեց Հաւաթեան:

img_4830

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հայ գաղութը լիովին կենսունակ է, կը շարունակէ իր աւանդութիւնները, իր ազգային եւ կրթական գործունէութիւններու զարգացումը` ի աջակցութիւն Ազգային միացեալ վարժարանի յաջողութեան:

Ան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գործունէութեան երկու կարեւոր հանգամանքները, մէկը` վեհափառ հայրապետին ներդրումն է միջազգային մակարդակով աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ եւ անոր մասնակցութիւնն ու հեղինակութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ, իսկ երկրորդը` վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը, որ կը համընկնի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի 25 տարիներու անկախութեան, ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր աջակցութեամբ, գործնական խորհուրդներով նեցուկ կանգնած է զոյգ հանրապետութիւններուն, մշտապէս կապ հաստատելով աջակցած է կողմնորոշուելու դժուարին վիճակներուն:

Դեսպան Մկրտչեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով մաղթեց, որ  հայ ազգային ոգին մշտապէս թեւածէ հայ ժողովուրդի ու հայ կառոյցներուն վերեւ, պահպանէ զանոնք ու տանի դէպի հետագայ զարգացում:

img_4834

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ուրախալի եւ հպարտալի նկատեց զոյգ առիթներով տեղի ունեցած այս հաւաքը, անոր` վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը, որոնք Ազգային միացեալ վարժարանի մնացեալ աշխատանքներուն նոր մղում ու սլացք կը հաղորդեն` ընթանալու դէպի լուսաշող հորիզոններ:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ հաւատք ունեցողներուն կողքին կան նաեւ երկչոտներ եւ կասկածամիտներ, որոնց պատասխանելով ան ըսաւ, որ նոր դպրոցը հաւատքի խոյանք է, այսօրուան շարունակութիւնը երաշխաւորողը, արգասիքը մեր հաւատքին ու ճակտի քրտինքին, անոր նկատմամբ հաւատքը անսահման է: Առաջնորդ սրբազանը յիշեց, որ մահուան բովէն անցած հայութիւնը կրցաւ վերապրիլ եւ յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն, խոյանալ վեր եւ կերտել ապագայ, իսկ այսօր եւս լիբանանահայութիւնը կոչուած է ըլլալու հաւատարիմ ժառանգորդը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին եւ գործելու այնպէս, որ հայկական վարժարանը ըլլայ այն անխախտ խարիսխը, որուն վրայ պիտի կերտուին ապագայ սերունդները: Ան յոյս յայտնեց, որ վարժարանը պարուրուի սիրով եւ զօրակցութեան ոգիով, որպէսզի մեր զաւակներուն մէջ կարելի ըլլայ կերտել ազգին ոգին:

Շահէ եպս. Փանոսեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին` հաստատելով, որ ան իր մտքի ու հոգիի դրոշմով ներկայ է ո՛չ միայն մեր ներկայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ իբրեւ ծառայութեան ու նուիրումի գերազանց օրինակ հանդէս պիտի գայ ապագայ սերունդներուն մտապատկերին մէջ, որովհետեւ անոր կեանքը եղած է նուիրականութեան եւ ծառայութեան օրինակ:

Լիբանանի հայոց թեմին անունով առաջնորդ սրբազանը Արամ Ա. կաթողիկոսին մաղթեց 20-ամեակէն անդին ալ մնայուն վերելք, նորանոր ձեռքբերումներ ու իրագործումներ, նոր թափ` յառաջ տանելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ հաստատ ու լաւատես կերպով ընթանալով դէպի վերելք, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ ժողովուրդը եւս առաջնորդէ դէպի լուսաշող ապագայ:

img_4843

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ շեշտը դրաւ նուիրելու, ընծայաբերելու կարեւորութեան վրայ` վերյիշելով այն, որ երբ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հասաւ Լիբանան, իր ճակտի քրտինքէն ու դժնդակ պայմաններու մէջ շահած գումարէն լումայ-լումայ հաւաքեց ու կերտեց եկեղեցի, դպրոց, ակումբ: Ան յայտնեց, որ այսօր պայմանները փոխուած են, ժամանակը հասած է, որ եկեղեցականներ եւ կրթական պատասխանատուներ մուրացկանի դերին մէջ չըլլան երբեք, այլ լիովին լծուին իրենց առաքելութեան, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ պահել դպրոցը, եկեղեցին ու հայ ազգը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի սրտին վրայ, սփիւռքի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ պէտք է վերաբերիլ այնպէս, որ անիկա համայն հայութեան հայակերտման ամրոցն է անխտիր, ուստի բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ անոր բարեյաջող երթին` փաստելով, որ Լիբանանի հայութիւնը տակաւին սփիւռքի սիրտը ըլլալու հանգամանքին արժանի է:

Անդրադառնալով օր մը առաջ Պուրճ Համուտ կատարած իր այցելութեան` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ ազգային տարբեր կառոյցներու մէջ նկատած է, թէ կը տարուի կամաւոր աշխատանք, ինչ որ ինքնին կոչում է:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ ուսման եւ դաստիարակութեան միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ, ուսումը կարելի է գտնել ամէնուրեք, սակայն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայակերտումը ամէն տեղ չկան, կան միայն հայկական վարժարանի երդիքին տակ, որուն սատարելու պարտաւոր պէտք է զգայ իւրաքանչիւր հայորդի: Ան նշեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շէնքը արդէն ամբողջացած է, կը մնայ շունչ տալ անոր, կեանքով լեցնել, մեր զաւակներուն ներկայութեամբ ծաղկեցնել` աւելցնելով, թէ իր սպասումն է, որ բոլորը շրջապատեն վարժարանը, քաջալեր ու նեցուկ հանդիսանան, որպէսզի անիկա իր երթը սկսի հաստատ ու ինքնավստահ քայլերով: Իր խօսքի աւարտին ան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան այս դպրոցին համար:

h27a4321img_4822Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան  Հրաչ Իսահակեան եւ իր խումբը, որոնք ներկայացուցին հայ երաժշտական կտորներ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Րաֆֆի Մանտալեան` մեկնաբանելով հայ երաժշտական կտորներ:

h27a4264

 

 

Նախորդը

Հայկական Երեկոյ` Մասնակցութեամբ Աւելի Քն 300 Հայ Ուսանողներու

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.