26 նոյեմբերին Անթանանարիվոյի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան 84 անդամ, ընկերակից եւ դիտորդ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ: Հայաստանը վեհաժողովին կը ներկայացնէր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Առ ի վաւերացում` Ֆրանսախօս երկիրներու բարձրագոյն մարմինին ներկայացուած են վեհաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը, Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը, «Ջուր, խաղաղութիւն, անվտանգութիւն» բանաձեւը, «Միջմշակութային երկխօսութիւնը` իբրեւ կայուն զարգացման գործօն» բանաձեւը, առողջապահութեան մարզին մէջ ներդրումներու, ճանապարհային անվտանգութեան վերաբերեալ բանաձեւեր, շարք մը այլ փաստաթուղթեր:
Վեհաժողովին սկիզբը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախագահութիւնը Սենեկէն անցաւ Մատակասկարին:
Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընթացքին
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերող Բանաձեւ Ընդունուած Է
Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովը 27 նոյեմբերին ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր Հայաստանի առաջարկով ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ՛ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել խաղաղ լուծման հոլովոյթը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ` մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», ըսուած է միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:
Հայաստանը Պիտի Հիւրընկալէ
Ֆրանսախօս Երկիրներու 2018-ի Վեհաժողովը
Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու 16-րդ վեհաժողովը միաձայնութեամբ որոշում տուաւ 2018-ին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը կազմակերպելու Հայաստանի մէջ:
Որոշումի կայացման յաջորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ելոյթը, որուն ընթացքին ան, դիմելով ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն, կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհակալական ուղերձը: Նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ նշուած էր, թէ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպելը վկայութիւնն է մեր երկրին հանդէպ դրսեւորուած վստահութեան եւ համերաշխութեան, որ կազմակերպութեան իր անդամակցութեան յաջորդած տարիներուն ընթացքին կարեւոր ներդրում ունեցած է ֆրանսախօս երկիրներու արժէքներու տարածման գործին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այս որոշումը նաեւ կարեւոր ուղերձ է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր ֆրանսախօս երկիրներուն, որոնց համար յառաջիկայ վեհաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ անգամ մը եւս արժեւորելու Ֆրանսախօսութիւնը մեր շրջանին մէջ: Մենք հաստատակամ ենք ապահովելու այս կարեւոր իրադարձութեան յաջողութիւնը: Մեր երկիրը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարձր մակարդակով կազմակերպելու այդ վեհաժողովը»:
Նախարար Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է
Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
26 նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժին:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով իրականացուող քայլերը, տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր:
Նախարար Արայժի ներկայացուց Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ետք երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Արայժի քննարկեցին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման ուղղուած ջանքերը: