Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Գործադրած Տեսակարար Գործողութեամբ Կարելի Եղաւ Ձերբակալել Արսալի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «Իշխանը»

Նոյեմբեր 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

arsal_112516

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան արշալոյսին բանակի գաղտնի սպասարկութեան յատուկ ջոկատ մը յարձակում գործած է Արսալի Արանեպ հովիտին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնին վրայ եւ Արսալի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասին օժանդակութեամբ կրցած է ձերբակալել 11 ահաբեկիչներ:

Բանակին կատարած տեսակարար գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած է նաեւ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխանը»` Ահմետ Եուսեֆ Ամմուն, որ ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Գաղտնի սպասարկութեան ջոկատը իր գործողութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է, առանց ոեւէ վիրաւորի, ինչպէս նաեւ գրաւած է մեծ քանակութեամբ զէնքեր, զինամթերք եւ ականուած գօտիներ:

Բանակը ընդգծեց, որ Ամմուն մեղսակցած է լիբանանեան զանազան շրջաններու, յատկապէս Հարաւային արուարձաններուն մէջ ականուած ինքնաշարժներու պայթումի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արսալի դէպքերուն ընթացքին եղած է բանակի կեդրոններուն դէմ յարձակում գործողներէն:

Ամմուն գործած է նաեւ բազմաթիւ ոճիրներ` սպաննելով ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցող քաղաքայիններ եւ բանակայիններ: Վերջին շրջանին Ամմուն ծրագրած է ականուած ինքնաշարժներ պատրաստել եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններ ուղարկել զանոնք` պայթումներ գործելու նպատակով:

Բանակին ձերբակալած ահաբեկչական բջիջին 10 միւս անդամներն են` Ապտել Լաթիֆ Հասան Սըտտիք, Ատնան Իսմայէլ Ֆատել, Թահամի Մոհամետ Այուշ, Ալի Մոհամետ Ամմուն, Իսամ Ահմետ Սըտտիք, Աքրամա Թահամի Այուշ, Ապտել Ռահման Ռաֆիք Ղաուի, Մոհամետ Ռաֆիք Էաուի, Հուսամ Ապտել Քարիմ Աթիքա եւ Մոհամետ Հիւսէյն Ամմուն:

Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Քաայի մէջ փաստաթուղթեր կեղծելու յանցանքով ձերբակալած է սուրիացի մը` Խ. Խտըր, եւ հարցաքննութեան նպատակով զայն փոխադրած իր զօրամասերէն մէկը:

Բանակին Գործողութիւնը Ողջունող Կեցուածքներ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ողջունեց Արսալի մէջ բանակին գործադրած ահաբեկչութեան կանխարգիլման տեսակարար գործողութիւնը` շեշտելով, որ զինուորական նման գործողութիւններ վերջ կը դնեն ահաբեկչական գործողութիւններուն եւ կը բացայայտեն այդ գործողութիւնները կատարող կողմերը:

Նախագահ Աուն ցուցմունքներ տուաւ հետաքննութիւն բանալու ձերբակալեալներուն հետ` ահաբեկչական այլ ցանցեր բացայայտելու առումով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ դրուատեց բանակին գործողութիւնը:

Ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելի եւ զօր. Քահուաժիի հետ` ողջունելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բանակին գործողութիւնը:

Սալամ շեշտեց, որ բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարով է, որ կ՛երաշխաւորուի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց բանակին գործողութիւնը` շեշտելով, որ անիկա տեսակարար գործողութիւն մըն է, փաստ մը, որ բանակն է միայն, որ Լիբանանը կրնայ պահպանել ահաբեկչութենէ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դրուատեց բանակի գործողութիւնը:

«Բանակը արժանի է արդիական զէնք ու զինամթերք ունենալու եւ զինուորական յաւելեալ կարողութիւններով օժտուելու», ըսաւ ան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ողջունեց բանակին գործողութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու բանակի հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ զօրակցելու «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ բանակի գործողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բանակն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորողը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց բանակին եւ ապահովական ուժերուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու համար:

Սինիորա դրուատեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բանակին տեսակարար գործողութիւնը:

Հըզպալլա իր կարգին դրուատեց Արսալի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուած բանակին գործողութիւնը, որ տեսակարար է եւ ահաբեկչութիւնը կանխարգիլող:

Հըզպալլա ողջունեց բանակը` երկրին սահմանները պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոր հիմնական դերակատարութեան համար:

 

Նախորդը

«Մենք Պիտի Ըլլանք Ժողովուրդին Տրամադրութեան Տակ Եւ Ոչ Թէ Հակառակը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Պապի Մէջ Դարձեալ Թուրք Զինուոր Մը Սպաննուած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?