Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով Երկրին Մէջ Տիրող Տօնական Մթնոլորտը Բարձրացուց Կառավարութեան Կազմութեան Դրական Հոլովոյթին Համեմատութիւնը

Նոյեմբեր 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

doghantsk_112316

Երկու տարի շարունակ Անկախութեան տօնին անշուք նշումէն եւ զինուորական տողանցքի բացակայութենէն ետք, երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ մեծ շուքով նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի,

իշխանութեան նախկին պետերուն, որոնցմէ բացակայեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ,  նախարարներու, երեսփոխաններու, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերու, օտար դիւանագէտներու, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ յատուկ հրաւիրեալներու:

Տողանցքի վայրը նախ հասաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա եկաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որուն յաջորդեցին Թամմամ Սալամ, Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով: Իր ժամանումէն ետք նախագահ Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղեց անծանօթ զինուորի յուշարձանին` լիբանանեան քայլերգի եւ մահերգի նուագակցութեամբ: Ապա ան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը: Անոր հետեւեցաւ բանակի հրամանատարը:

Ապա սփռուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, որ պատրաստուած էր ողջունելու համար լիբանանցի երկու վաստակաւոր արուեստագէտներ Սապահի ու Մըլհեմ Պարաքաթի յիշատակը:

Ժապաւէնին ընդմէջէն հնչեցին նաեւ երկու հանգուցեալ երգիչներուն բանակին եւ Լիբանանին ձօնած երգերը:

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան համալսարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Լոր Ապսի:

Երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգերու շարք մը:

Այս արարողակարգին հետեւեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակի տարբեր զօրասիւներուն եւ բաժանումներուն անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին` պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան չորս պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:

Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, մաքսատնային ոստիկանութեան եւ ապահովական այլ կառոյցներու զօրաբաժանումներու անդամներ եւ աշխատակիցներ:

Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն եւ տողանցքը հասաւ իր աւարտին:

Նշենք, որ Անկախութեան տօնին առիթով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել ծաղկեպսակ մը զետեղեց նախարարութեան մուտքին գտնուող Էմիր Ֆախրէտտինի յուշարձանին, իսկ զօր. Քահուաժի Եարզէի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն յուշարձանին:

Պաապտայի Մէջ  Դռնփակ Հանդիպում
Եւ Շնորհաւորութիւններ 

khalwa_112316

Տողանցքէն ետք իշխանութեան պետերը ուղղուեցան Պաապտայի պալատ, ուր նախքան շնորհաւորութիւններ ընդունիլը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները:

Իշխանութեան պետերը բարձր տրամադրութեամբ դուրս եկան հանդիպումէն` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը կը շարունակուին դրական մթնոլորտի մէջ:

Ապա անոնք 25 մայիսի դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւններ պետական, նախարարական, խորհրդարանական, վարչական, կրօնական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններէ, ինչպէս նաեւ տարբեր միութիւններ, հաստատութիւններ ու սենտիքաներ ներկայացնող պատուիրակութիւններէ:

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով նախագահական պալատ բարձրացան նաեւ հասարակական, քաղաքացիական, մշակութային, մարզական, սկաուտական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ մարզերու մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք անկախութեան 73-ամեակին առիթով իշխանութեան պետերուն յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները:

Ակներեւ էր այն իրականութիւնը, երբ վարչապետ Հարիրի պահ մը հեռացաւ շնորհաւորութիւններ ընդունելու իր կանգնած վայրէն` խուսափելով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ ձեռնուելու պարտաւորութենէն:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Ոչ Միայն Ազրպէյճանի, Այլ Նաեւ Թուրքիոյ Խնդիրն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?