Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ «Թելեթոն»-ին Հանգանակուեցաւ 15.428.777 Ամերիկեան Տոլար

November 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tele_112516

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն 2016»-ը, որ իրականացաւ «Իմ Արցախ» խորագիրին ներքեւ, արձանագրեց 15.428.777 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներու կառուցման: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի շարունակուին նպատակային ծրագիրները:

Յառաջիկայ օրերուն իրենց հանգանակութիւններով թելեթոնին պիտի միանան նաեւ հիմնադրամի տեղական մարմինները Պրազիլի մէջ (26-27 նոյեմբեր` թելեթոն), Լիբանանի մէջ (7 դեկտեմբեր` ռատիոթոն) եւ Բրիտանիոյ մէջ (11 դեկտեմբեր` թելեթոն եւ բարեգործական քայլարշաւ):

«Թելեթոն 2016»-ի մեծագոյն նուիրատուներն են` Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեանները (Միացեալ Նահանգներ)` 5 միլիոն ամերիկեան  տոլար, Սամուէլ Կարապետեանը (Ռուսիա)` 1 միլիոն ամերիկեան  տոլար, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 350.000 ամերիկեան տոլար, Ռէյ Յարթունեանը (Միացեալ Նահանգներ)` 200.000 ամերիկեան տոլար, Սամուէլ Ալեքսանեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 200.000 ամերիկեան  տոլար, Վարուժան Գրիգորեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100.000 ամերիկեան տոլար, «Ֆլեշ» ընկերութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100.000 ամերիկեան տոլար, Յակոբ Պաղտասարեանը (Միացեալ Նահանգներ)` 100.000 ամերիկեան տոլար, Գագիկ Ծառուկեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100 միլիոն հայաստանեան դրամ, «Կրանտ Հոլտինկ»-ը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 60 միլիոն հայաստանեան դրամ եւ Մաքուր երկաթի գործարանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 20 միլիոն հայաստանեան  դրամ:

Հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ:

Հարցազրոյց` Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

anto_112516

Այս շրջագիծին մէջ «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Թելեթոն 2016»-ի հիմնական նուիրատու Անդրանիկ Պաղտասարեանին հետ: Հարցազրոյցին սկիզբը Անդրանիկ Պաղտասարեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ Հանրապետութիւններու մէջ սփիւռքի ներդրումի կարեւորութեան` մեկնելով սփիւռքահայութեան գաղթականութեան հոգեբանութենէն, դէպի հայրենիք ունենալու երազի իրականացման փաստէն` ըսելով, որ «գաղթականութեան մէջ ապրած եւ յաջողած հայութիւնը պէտք է ամէն գնով պահպանէ եւ ներդրում ունենայ իր իրականացած երազին` անկախ հայրենիքի բարգաւաճման գործին մէջ»:

Հարցազրոյցի ընթացքին Անդրանիկ Պաղտասարեան անդրադարձաւ ներդրումները ճիշդ ուղղութեամբ կատարելու անհրաժեշտութեան` ըսելով, թէ հայութեան բոլոր ներդրումները պէտք է ուղղուին դէպի հայրենիքի մէջ ճգնաժամային վիճակ ապրող շրջանները, վտանգուած գօտիները, հոն, ուր կարիքը կայ հայ մարդը իր հողին վրայ պահելու լաւ պայմաններ ստեղծելու` հաստատելով, որ իրեն համար այսօրուան անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի կայունութիւնն ու հզօրութիւնն է` յոյս յայտնելով, որ ամէն հայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ այս ուղղութեամբ կը կատարէ իր հայրենասիրական պարտքը:

Անդրադառնալով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կառոյցին` Անդրանիկ Պաղտասարեան ըսաւ, թէ կառոյցի գործունէութեան թափանցիկութեան վրայ կասկած չկայ` հաստատելով, որ ամէն մէկ ծրագիրի համար ճշդուած գումարները, ծախսերը ստուգելէ ետք անոնք կը հասնին իրենց նպատակատեղին: Իր խօսքի աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ նման ծրագիրներ, նախաձեռնութիւններ աւելի խոր արմատ նետեն մեր մշակոյթին եւ ապրելակերպին մէջ` հայութեան ամէնօրեայ մտահոգութիւնը ըլլայ հայրենիքի հզօրացումը, շէն ըլլալը, տնտեսական բարգաւաճումը եւ զարգացումը:

Նախորդը

«Հայրենիքի Համար Նուիրատուութիւնը Իւրօրինակ Զինուորագրում Է» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.