Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիի Առանձնակի Գումարտակի Ազատամարտիկները Պարգեւատրուեցան

November 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

shoushi_112816

Շուշիի առանձնակի գումարտակի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցող հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրին մէջ 26 նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց գումարտակի շարք մը ազատամարտիկներ: Ներկայ էին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, սպաներ եւ այլ պաշտօնատարներ: Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ականներ, ինչպէս նաեւ կուսակցական ընկերներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձին առիթով` Կարէն Անտոնեան, Սանասար Ասատրեան, Գէորգ Բարսումեան, Ֆելիքս Գրիգորեան, Տիգրան Դաւթեան, Արամ Յակոբջանեան, Արտաշէս Յակոբեան, Սամուէլ Յակոբեան, Սարգիս Յարութիւնեան եւ Անդրանիկ Ներսիսեան պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Արտաշէս Մխիթարեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է եւ վստահեցուցած, որ նախկին ազատամարտիկներն ու կամաւորները այսուհետեւ պիտի շարունակեն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան գործը` աւելցնելով, որ հակառակորդին կողմէ որեւէ ոտնձգութեան պարագային դաշնակցական վեթերաններն ու երիտասարդները պատրաստ պիտի ըլլան ծառայելու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախի պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մասնակցած են եւ պիտի մասնակցին հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներկայացնող մեր քոյրերն ու եղբայրները: Ան նաեւ շեշտած է, որ ազատ, անկախ եւ հզօր հայրենիքը բոլորիս համար գերագոյն արժէք է, հետեւաբար ամէն ջանք պիտի գործադրուի մեր բանակին մարտունակութեան շարունակական բարձրացման եւ երկրի զարգացման ու հզօրացման ուղղութեամբ:

Առաջին անգամ պետական պարգեւի արժանացող հրազդանցի Արտաշէս Յակոբեան նշած է, թէ երբեք չէր ակնկալած որեւէ մրցանակ, սակայն պարգեւի արժանանալը թէ՛ պատասխանատուութիւն է, եւ թէ՛ մեծ հաճոյք:

Նախորդը

Ազրպէյճան Կ՛ուռճացնէ Իր Զինուորական Ամավարկը

Յաջորդը

Խոստման Եւ Երդման Արարողութիւն` ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 23-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.