Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր Ուրախացո՛ւր» Խորագիրով Ամանորեան Տօնավաճառը

November 28, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

cahl-1_112516

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով ուրբաթ, 25 եւ շաբաթ, 26 նոյեմբերին հաստատութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը:

Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցած տօնավաճառին պաշտօնական բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան: Ան անդրադարձաւ տարեցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքին, գուրգուրանքին ու հոգատարութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց աջակցութեան, հետաքրքրութեան եւ անոնց նկատմամբ հոգատարութեան համար: Պատ. Ս. Թերզեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ ամէն առիթով նեցուկ կը կանգնի ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան զանազան գործունէութեանց: Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի փառաբանութեան աղօթքէն ետք բացուեցաւ տօնավաճառը, ուր ներկայացուած էին ուտելիքներու տեսականի մը, Նոր տարուան զարդեղէններ, կողովներ, գինիներ եւ այլն:

ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամ Շաքէ Գարայեան «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բացատրեց, թէ սոյն տօնավաճառը ծնունդ առաւ «Ծիրանի» խոհանոցի հաստատուելէն ետք, որ ուտելիքներու հարուստ տեսականի մը ունի եւ հանրութեան կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած է: Շ. Գարայեան նկատել տուաւ, որ «Ծիրանի» խոհանոցը հաստատուեցաւ, որպէսզի օգտակար դառնայ ՔԱՀԼ-ի զանազան ծախսերուն: Առ այդ, տօնավաճառին ընթացքին հանրութիւնը կը ծանօթանայ «Ծիրանի»-ի արտադրութիւններուն: Ան ըսաւ, որ սոյն տօնավաճառը նաեւ «Օփըն Հաուս» մըն է, եւ այցելուները կրնան  բարձրանալ տարեցներուն մօտ եւ անոնց հետ ժամանակ անցընել, իրենց սէրը արտայայտել` յոյս ներշնչելով իւրաքանչիւրին:

 

Նախորդը

Դոկտ. Աքչամ Կը Հաստատէ Թուրքերու Ցեղասպան Մտադրութիւնը` Ապացուցելով Թալէաթի Հեռագրերու Վաւերականութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.