Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անթիլիասը` Նաեւ Պահանջատիրութեան Կեդրոն

Նոյեմբեր 28, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gdouts_82616

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներն ու յոբելենական ծրագիրը յատկանշուեցան Պուրճ Համուտի մէջ գործող հայկական կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու  վեհափառին տուած այցելութիւններով:

Այցելութիւնները ծանօթացումէն աւելի գնահատանք ու քաջալերանք էին ազգային ծառայութեան կոչուած հասարակական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ զանոնք վարող  ու այդ կառոյցներուն մէջ իրենց ասպարէզը ընտրած բոլոր գործիչներուն եւ աշխատակիցներուն:

Այցելութիւնները առիթ էին նաեւ նոր ժամանակներուն եւ պայմաններուն ընդառաջ աշխատելու հրամայականը շեշտելու, վեհափառին կողմէ այս առումով կատարուած յորդորներն ու թելադրանքները նկատի ունենալու եւ վերանորոգ թափով կեդրոնական այս գաղութի հանգամանքը ոչ միայն պահելու, այլ նաեւ զարգացնելու ուղղութեամբ անդուլ աշխատելու:

Իբրեւ աշխատանքային բնոյթի այցելութիւններ պէտք է ընկալել ուրեմն այս շաբթուան ընթացքին կատարուածը այն բոլոր հաստատութիւններուն, ուր ժամանեց վեհափառ հայրապետը, հանդիպումներ ունեցաւ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց փոխանցուած ժառանգութիւնը պահելով հանդերձ, նոր մարտահրաւէրներուն ընդառաջ անմնացորդ ծառայելու անհրաժեշտութիւնը:

Հերթական անգամ հաւաքաբար վերահամոզուեցանք այս համայնքի թէ՛ մարդուժի պատրաստութեան, թէ՛ կազմակերպուածութեան, թէ՛ քաղաքական գործօն ըլլալու եւ թէ՛ սփիւռքի ամէնէն կազմակերպ համայնքներէն մէկը հանդիսանալու փաստերուն: Այս ինքնագնահատանքը սակայն իբրեւ համոզում կարեւոր ըլլալով հանդերձ չի կրնար բաւարարել մեզ իբրեւ լիբանանահայ գաղութի տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներ` գոյութիւն ունեցած հսկայ ժառանգութեան միայն տէր կանգնելով:

Տնտեսական այս պայմաններուն մէջ, հեռանկարի անորոշութեան ներկայ համապատկերին մէջ, մեր դրացի երկրին պատերազմական իրավիճակին բերումով ստեղծուած տագնապներու եւ անոնց հետեւանքներու անմիջականութեան մթնոլորտին մէջ` կառուցուած վարժարանի իրականութիւնը, հանգանակուած գումարը, գործող հաստատութիւններու աշխուժութիւնը եւ տակաւին նոր ծրագիրներու մշակումն ու առանց դադարի աշխատելու համար գոյացած համախմբուածութիւնը ո՛չ միայն հոսանքին չյանձնուելու վճռակամութիւնը կը շեշտեն, այլ նաեւ նոր հորիզոններ կը բանան մեր բոլորին առջեւ:

Վերջին քսանամեակին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ գործունէութիւնը Անթիլիասը վերածած են համասփիւռքեան, եւ առ այդ` համահայկական տարողութիւններով կարեւորագոյն կեդրոնի: Հոգեւոր, մշակութային, կրթական, դաստիարակչական, հրատարակչական, բայց նաեւ ու մանաւանդ պահանջատիրական-իրաւական գործառոյթներ այսօր կ՛իրականացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւններով, աջակցութիւններով, համակարգումներով: Նշուած ոլորտներուն վերաբերող բազմաթիւ յանձնախումբեր իբրեւ ընդհանուր համակարգի ենթաբաժիններ կը գործեն կազմակերպելով գիտաժողովներ, խորհրդաժողովներ, աշակերտական մրցանքներ, հրատարակելով գրական փորձեր, թէ պատմաքաղաքական ուսումնասիրութիւններ, կառուցելով համալիր, թանգարան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հայեցակարգային նոր շրջադարձը ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն նոր մօտեցում ապահովելու առաջադրանքն էր: 100-ամեակի առիթով յայտարարուած Համահայկական հռչակագիրը, պետական բարձրագոյն դիրքերէ հնչած դէպի իրաւական հարթութիւն տեղափոխուելու կոչերը, Սեւրի դաշնագիրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի մասին ամէնէն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ յղում կատարելը այդ ուղղութեամբ ընթանալու կարեւոր նախադրեալներ էին:

Անթիլիասի մէջ կայացած, միջազգային դատական ատեաններու մէջ գործող դատաւորներ թէ օտարազգի միջազգային իրաւագէտներ համախմբած իրաւական խնդիրներ արծարծող միջազգային գիտաժողովը տարիներ առաջ մեր համահայկական խնդիրներու հետապնդման մէջ նոր եղանակ եւ նոր աշխատակարգ ապահովող ենթահողի պատրաստութիւն էր:

Անթիլիասի նախաձեռնութիւնները պահեցին իրենց հետեւողականութիւնը: 100-ամեակի համահայկական ժողովին, Երեւանի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յայտարարեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ կը յարուցէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսութեան վերադարձը իր իրաւատիրոջ:

Իրաւական պահանջատիրութեան պայքարի սկիզբը տրուած էր: Եւ այս առումով Անթիլիասը կը դառնար նաեւ մեր համահայկական պահանջատիրութեան առումով առաջին իրաւական քայլ առնող համասփիւռքեան-համահայկական կեդրոնը:

Ահա թէ ինչո՛ւ, նշուած բոլոր ոլորտներուն առընթեր Անթիլիասը կը ներկայանայ իբրեւ մեր համազգային պահանջատիրութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, իրաւական գետնի վրայ նախաքայլ առնող եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ առաջին դատ յարուցող իրաւատէրը: Իսկ այս իրականութիւնը գուցէ ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ իր գահակալին վերջին քսանամեայ ժամանակաշրջանի գործունէութեան:

Նախորդը

Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Պաքուն Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Արձակելու Մամետովը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?