Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Նոյեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_112416

Միջինարեւելեան երկիրներու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող կազմակերպ աւանդական գաղութներու ապագային նկատմամբ յուսահատական ալիքներ կը փչեն, որոշ իմաստներով հասկնալիօրէն:

Հասկնալին բնականաբար կապուած է զինուորական այն լայնածաւալ եւ աշխարհաքաղաքական բնոյթի իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը ստեղծուին հսկայական ճգնաժամեր եւ անոնցմէ բխած ապահովական, մարդասիրական, արտահոսքի, մինչեւ ցեղային զտումներու արհաւիրքային կացութիւններ:

Իրապաշտ ըլլալու համար ճիշդ է այն, որ փակուղիէն դուրս գալու լոյսի նշոյլները չեն երեւար տակաւին եւ հեռանկարի մթութիւնը եւս բարոյահոգեբանական առումով չի նպաստեր յուսահատութեան կացութեան շրջումին:

Ո՛չ իրանահայութիւնը, ո՛չ իրաքահայութիւնը, ո՛չ եգիպտահայութիւնը, ո՛չ ալ սուրիահայութիւնը նոյնն են, այն ինչ որ էին տասնամեակներ առաջ: Խոստովանի՛նք, նոյնը չէ նաեւ լիբանանահայութիւնը այս առումով:

Միաժամանակ սակայն, հակառակ այս արիւնաքամութեան, միջինարեւելեան երկիրները, թէկուզ նօսրացած վիճակի մէջ, կը շարունակեն պահել  այն առաքելութիւնը, այն գործառոյթները, որոնք յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան ուղղութեամբ այս միջավայրերը դարձուցած են անփոխարինելի: Եթէ անշուշտ աշխատանքներու համապատկերին մէջ հայախօսութիւնը, լեզուի տիրապետումը եւ անոնց հետ կապուած ասպարէզները կը մնան գերակայ արժէքները կազմակերպ համայնքներու հայապահպանութեան եւ զարգացման առաջադրանքներուն համար:

Սուրիական պատերազմով սուրիական ամէնէն հայատրոփ գաղութին ստացած հարուածէն ետք, լիբանանահայութեան պարտաւորութիւնները այս առումով կը կրկնապատկուին, եթէ ոչ կը բազմապատկուին: Փաստ է նաեւ այն, որ տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման (բնականաբար նաեւ հայաթափման) միտումներուն մէջ Լիբանանը կը շարունակէ պահել կղզիի հանգամանքը, ուր առնուազն նոյն տարողութեամբ չ՛արձանագրուիր արտահոսքը:

Շրջանային եւ հայկական պայմաններու նկատառումով լիբանանահայութիւնը ուրեմն այս հանգրուանին ճիգերը գերլարելու եւ եզակի հանգամանքի պահպանումով առաւելագոյնը արդիւնաւորելու հարկադրանքին առջեւ է:

Նոյնքան պարզ է, որ բերդին ամրակուռութիւնը պահպանելու ուժեղագոյն առաջին ամրոցը դպրոցն է: Լիբանանահայ դպրոցը, իր յարանուանական թէ միութենական պատկանելիութիւններով, կը շարունակէ պահպանել բարձր դիրքեր թէ՛ ակադեմական պարունակի մէջ աշակերտութեան արձանագրած յաջողութիւններու համեմատութիւններով եւ թէ՛ հայ կեանքին մասնակից հայ քաղաքացին պատրաստելու ճամբով:

Երէկ ժողովուրդին ներկայացած Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարութեան դրդապատճառն ու ընդհանրապէս պատճառականութիւնը պէտք է ընկալել այս հանգամանքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն նկատառումներով:

Մրցակցային ժամանակաշրջաններու մէջ ենք: Եւ հայ վարժարանը եթէ չի զիջիր իր ակադեմական յաջողութիւններով, եթէ չի զիջիր հայկական ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան ջամբումն ու Լիբանանի քաղաքացին համատեղ պատրաստելու իր առաքելութեամբ, չի զիջիր նաեւ 21-րդ դարու համարժէք դպրոցական կառոյցով, համապատասխան բաժիններով:

Մասնագիտութեան յղացքը այս օրերուն համապարփակ է: Դպրոցավարութիւն, ակադեմական մեթոտաբանութիւն, իւրաքանչիւր դասանիւթի համապատասխան մասնագէտ, մանկավարժական ուսման տիրապետում. նաեւ` դպրոցական ճարտարապետական նախագիծի հիման վրայ կառուցուած շէնք, միջավայր:

Խաբկանքը չունինք անշուշտ, որ այս բացն ալ լրացնող  վերջին նախաձեռնութիւնը կտրուկ հոսք պիտի ապահովէ օտար վարժարաններէ դէպի այդ նոյն օտար վարժարաններուն դպրոցական կառոյցներուն չզիջող մեր միացեալ վարժարանը: Վստահ ենք սակայն, որ այս վարժարանի շրջանաւարտները, ո՛չ միայն պիտի չզիջին օտար վարժարաններու հայ շրջանաւարտներուն, այլ նաեւ հսկայական առաւելներ պիտի ունենան ազգային ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման առումով:

Միացեալ վարժարանը մեր գաղութի նոր առաքելութիւն եւ նոր գործառոյթներ ստանձնելու սկիզբ ապահովող կառոյց է. վաղուան լիբանանահայութիւնը ամուր ենթահողի վրայ պատրաստելու կոչուած ամրոց մը, որ ունի անխորտակելի մնալու բոլոր տեսակի առաւելութիւնները:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Ոչ Միայն Ազրպէյճանի, Այլ Նաեւ Թուրքիոյ Խնդիրն Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Արցախի Կառոյցի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?