Երէկ` կառավարութեան նիստէն առաջ, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամակցելու իր որոշումին մասին: «Այսօր դիմում պիտի գրեմ` ՀՀԿ-ին անդամակցելու համար: Կը կարծեմ` այս որոշումը շատերու համար կանխատեսելի էր եւ տրամաբանական, բայց ես կ՛ուզեմ մեկնաբանել, թէ` ինչու:
Առաջին` վարչապետի պաշտօնին ինծի հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Երկրորդ` իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է ունենայ քաղաքական յենարան, եւ մեր կառավարութիւնը եղած է նախ եւ առաջ ՀՀԿ կառավարութիւնը:
Երրորդ` եթէ նոյնիսկ հաշուի չառնենք առաջին երկու կէտերը, ոմանց համար կրնայ ծագիլ տեսական հարցադրում, ինչո՞ւ չենք հիմնադրեր այլ կուսակցութիւն, որ մեզի համար քաղաքական յենարան մը ըլլար: Ատիկա արդարացուած պիտի չըլլար` ունենալով Արցախի հիմնահարց եւ երկրի անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներ: Մենք պէտք է խուսափինք անկայուն հոլովոյթներէն ու զարգացումներէն:
Չորրորդ` ո՞ր կուսակցութիւնը կրնայ փոփոխութիւններու իրականացման քաղաքական յենարան ըլլալ, ըստ իս` ՀՀԿ-ն, քանի որ ինծի հոգեհարազատ է կուսակցութեան պահպանողական գաղափարախօսութիւնը, եւ այնտեղ ինծի համար ընդունելի բազմաթիւ մարդիկ կան: Չափազանց կարեւոր է, որ վարչապետի պաշտօնին հրաւիրուելու պահուն եւ անկէ ետք իմ առջեւս դրուած հիմնական խնդիրը եղած է հետեւեալը` անհրաժեշտ է շատ բան փոխել տնտեսական քաղաքական կեանքին մէջ, աւելին` պետական կառավարման համակարգին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ փոփոխութիւնները պէտք է սկսինք մեզմէ»:
Նշենք, թէ ՀՀԿ-ին միանալու դիմում ներկայացուցած են նաեւ փոխադրութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան: