Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Պետական Լեզու Պիտի Չդառնայ» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

Նոյեմբեր 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_112416

Ռուսերէնը Հայաստանի մէջ պետական լեզու պիտի չդառնայ, Հայաստանի Հանրապետութեան  պետական լեզուն հայերէնն է, երկրի անկախութեան հիմնարար արժէքներէն մէկն է եւ փոփոխութեան ենթակայ չէ: Այս մասին երէկ կառավարութեան շէնքին մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարին համաձայն, նիւթը օտար լեզուներու զարգացման հիմնախնդիրն է, որովհետեւ եթէ Հայաստանը կ՛ուզէ ունենալ գիտակրթական ներուժ, ուրեմն մեր երկրին քաղաքացիները պէտք է մայրենի լեզուին փայլուն տիրապետումէն զատ ունենան օտար լեզուներու իմացութիւն. «Եւրոպական երկիրներու մէջ արդէն երեք լեզուներու գործածութիւն կայ, մենք կը բարձրացնենք առնուազն երկու օտար լեզուներու հարց»:

Նախարարը ըսաւ, որ պէտք է տարանջատել լեզուի պետականացման եւ լեզուի զարգացման հայեցակարգերը. «Այս երկու հարցերը իրարմէ  տարանջատեցէ՛ք եւ Հայաստանի մէջ նման հարց մի՛ բարձրացնէք: Խօսքս կ՛ուղղեմ նաեւ մասնագիտական շրջանակներուն, ոեւէ օտար պաշտօնեայ, ոեւէ պաշտօնատար անձ Հայաստանէն դուրս կրնայ որեւէ կարծիք յայտնել, բայց մենք ունինք օրէնսդրութիւն, եւ այդ օրէնսդրութիւնը փոխելու հիմք չկայ», ըսաւ նախարարը եւ նշեց, որ անհանգստացնող է, երբ պաշտօնեայի մը կարծիքը Հայաստանի մէջ քննարկումի նիւթ կը դառնայ:

Լեւոն Մկրտչեան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ պէտք է ըլլան լեզուներու  զարգացման հայեցակարգեր, ընդ որում` ռուսերէնի զարգացման հայեցակարգը ընդունուած է 1998-ին, որուն զարգացման համար երկու կարեւոր դաշտ կայ` Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ զինուորական համագործակցութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հիմա ռուսերէնը պետական լեզու պիտի չըլլա՞յ, նախարարը ըսաւ. «Մէկընդմիշտ հաստատենք, պիտի չըլլայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախ երկիր է, եւ եկէք մենք մեզմէ չվախնանք եւ մեր ուժերուն վստահինք»:

Լեւոն Մկրտչեան, անդրադառնալով Վերահսկիչ պալատին կողմէ իր գլխաւորած նախարարութեան մէջ կատարուած բացայայտումներուն, նշեց, որ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի դատախազութիւնը, իսկ արդիւնքներուն մասին կը տեղեկացնեն հետագային: Կառավարութեան նիստէն ետք  Մկրտչեան նշեց, որ ստուգումներու արդիւնքները կը վերաբերին 2014-ին, դատախազութիւնը իր իրաւասութիւններու շրջագիծին մէջ որոշակի ուղղութիւններով եւս ստուգումներ կը կատարէ:

Անդրադառնալով այն հարցումին, որ 2014-ին նախարարութիւնը կը գլխաւորէր հանրապետական Արմէն Աշոտեան, հաւանակա՞ն է, որ  պատասխանատուութեան կանչուի, Մկրտչեան ըսաւ, որ իր կարծիքով` հարցումը իրեն պէտք չէ ուղղել:

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յայտարարեց Հանրապետական Կուսակցութեան Անդամակցելու Իր Մտադրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?