Մամլոյ 132-րդ Լսարան. «Յովհաննէս Այվազովսկիի Հայկականութիւնը` Ծովանկարչութեան Ընդմէջէն» Նիւթով Դասախօսեց Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց «Յովհաննէս Այվազովսկիի հայկականութիւնը` ծովանկարչութեան ընդմէջէն» նիւթը: Ձեռնարկը բացուած յայտարարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի 132-րդ մամլոյ լսարանով լուսարձակները պիտի սփռուին գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ մեծահռչակ հայազգիին` Այվազովսկիի ժառանգականութեան վրայ, եւ պիտի արժեւորուի անոր...




















