Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Դեկտեմբեր 7, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները` տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ:

Կրօնական ժողովի տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու եւ զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերուն, ինչպէս` Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին` իր դասախօսական-լսարանային ձեռնարկներով, սեմինարներով, լսարաններով, ուխտերթերով եւ այլ աշխատանքներով, եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու բաժանմունքին եւ Կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքին:

Նկատի ունենալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գուրգուրանքը երիտասարդ մարդուժը եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու եւ անոնց ձայն ու գործ տալու հրամայականը` տեղեկագիրը մանրամասն անդրադարձաւ երիտասարդական բաժանմունքին, եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած ուսանողութեան` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ համալսարանականներու համախմբումին (ՀՀՀ): Տեղեկագիրը տեղեկացուց, որ այս բաժանմունքներու նախկին եւ ներկայ անդամներ ներկայիս կը գտնուին միջեկեղեցական ու միջկրօնական պաշտօններու վրայ:

Տեղեկագիրը անդրադարձաւ նաեւ քահանայից պատրաստութեան բաժանմունքին, քրիստոնէական առաքելական հոգեւոր շարժումներու հետ գործակցութեան, նուիրապետական աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումներու մէջ հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, Եպիսկոպոսական ժողովին, Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումին, սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, միաբանութեան, «Շնորհալի» երգչախումբի աշխատանքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:

Յաջորդ նիստով Ազգային ընդհանուր ժողովին Քաղաքական ժողովը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը: Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախորդ Ազգային ընդհանուր ժողովին պատգամած սփիւռքի վերակազմաւորման հրամայականը ձեւ ու մարմին սկսած է ստանալ: Այս իմաստով, վեհափառ հայրապետը իր գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կատարած է հովուապետական այցելութիւններ, որոնք կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը հանդիսացած են: Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց միացեալ ձեռնարկներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն ու կաթողիկոսութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն յարաբերութեան մասին: Վերջինիս ծիրին մէջ կ՛իյնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին շինութիւնը:

Առ այդ, տեղեկագիրը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած Սիսի պատմական աթոռին վերադարձի դատը, որուն մասին մանրամասն քննարկում պիտի ըլլայ ժողովին յատուկ նիստով մը:

Տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին մշակութային ու կրթական հարթակներուն վրայ ձեռնարկուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքները:

Խօսելով շինարարական աշխատանքներուն մասին` տեղեկագիրը լայն անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ հայ գաղութի վերականգնման աշխատանքներուն: Այս առնչութեամբ յատուկ նիստով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրավիճակին հոլովոյթը եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնման ծրագիրները: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ վերականգնման եւ վերաշինութեան աշխատանքները տեղի կ՛ունենան ըստ առաջնահերթութիւններու եւ առաւելաբար փոքր եւ միջին պիզնեսներու բարելաւման, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները կարենան ինքնաբաւ գոյատեւել Սուրիոյ մէջ: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ շտապ օգնութիւններուն, նիւթական օժանդակութիւններուն եւ բարոյական աջակցութիւններուն, սուրիահայութիւնը ինքզինք անտէր չէ զգացած, հակառակ դժուարին պայմաններուն: Ան նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին Սուրիա տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսութեան յարկին տակ ծրագրուած վերականգնումի ծրագիրները, սուրիահայ գաղութի զաւակներուն յոյս եւ կորով տուած են գոյատեւելու:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան դպրեվանեցիներուն բարձր ուսման պատրաստութեան մէջ անոնց մասնագիտացման, ժողովուրդը եկեղեցւոյ մօտ բերելու կողքին հոն պահելու աշխատանքներուն, կաթողիկոսարանի ընկերային ցանցերուն վրայ մշտական ու ազդու ներկայութիւն ըլլալուն, Սուրիայէն դուրս գաղթական վիճակ պարզած Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներուն, ինչպէս սեռային փոքրամասնութիւններու հարցին վրայ:

Իւրաքանչիւր քննարկման աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տուաւ իր եզրակացութիւնները, թելադրանքներն ու մտորումները արծարծուած նիւթերուն շուրջ: Այս իմաստով վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս ընդգծեց եկեղեցին պատերէն դուրս տանելու անհրաժեշտութիւնը եւ ժողովուրդին հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մատի ետեւ պահուըտելով ու հանգիստի գօտիի մէջ մնալով եկեղեցին չի կրնար յառաջդիմել: Այս իմաստով վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի դիմաց մասնագիտացած մօտեցում պարզելու եւ ծրագիրներ մշակելով յարատեւ աշխատանք տանելու առնուելիք քայլերուն մասին:

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Զանգուածային Սպանութիւն Նախիջեւանի Ազրպէյճանական Բանակին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?