Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Պիւտճէի Նախագիծի Քննարկման Ժամանակ. «Կ՛ակնկալենք Աւելի Արդիւնաւէտ Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

December 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ այս օրերուն կը քննարկուի 2018-ի պետական պիւտճէի նախագիծը: ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցած է խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Ան նշած է, որ պիւտճէի նախնական տարբերակին շուրջ իրենց տեսակէտը յայտնած են:

«Ըսած ենք, որ պիւտճէն կը դիտարկենք իբրեւ տնտեսական զարգացման հիմքեր ստեղծող, որոշ չափով գօտիները սեղմող եւ հետագայ  զարգացումներուն պատրաստուող: Կայ վստահութիւն կառավարութեան բարեփոխումներուն նկատմամբ: Լիայոյս ենք, որ նոյնիսկ այս տարուան  նախատեսուած տնտեսական ցուցանիշները աւելին ըլլան եւ կարելիութիւն ստեղծեն եկող տարի իսկապէս այնպիսի հիմքեր ստեղծելու, որոնք պիտի դառնան նաեւ ընկերային լարուածութիւնը մեղմացնելու, ընկերային լուրջ ծրագիրներ իրականացնելու եւ, ընդհանրապէս, երկիրը որակական նոր մակարդակի բերելու կարելիութիւն», ըսած է պատգամաւորը:

Ան նշած է, որ գիտակցելով պիւտճէի լարուածութիւնը, ծանրաբեռնուածութիւնը, առկայ խնդիրները, ՀՅԴ-ն շատ սահմանափակ առաջարկներ ներկայացուցած է:

«Վստահ ենք` այն առաջարկները, որոնք հրատապ են, որոնք կը վերաբերին նախ եւ առաջ սահմանամերձ շրջաններուն, գոնէ  50 առ հարիւրը 2018-ի պիւտճէով կամ պիւտճէէն դուրս կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել, այնպէս որ` մեր վստահութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք կ՛ակնկալենք աւելի արդիւնաւէտ փոփոխութիւններ», եզրափակեց Վարդանեան:

«Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլումը Կը Բխի
Մեր Ազգային` Հայկական Մտածողութենէն»

Միւս կողմէ, «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի  համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ընթացքին նոյնպէս ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Անոր համաձայն, այս օրէնքին հետ կապուած քննարկումներու բնոյթը վկայեց, որ մեր հասարակութեան մէջ ունինք լուրջ խնդիրներ, որոնք քաղաքակրթական հարց են, եւ աղաւաղուած պատկերացում կայ մեր ազգային աւանդական ընտանիքին վերաբերեալ:

«Մենք ժողովուրդ ենք, որ քաղաքակրթական արժէքներու  սկզբնաւորողներէն մէկը եղած է, բայց, ցաւօք, պետականութեան բացակայութիւնը, միջավայրի` պարտադրուած ազդեցութիւնը աղաւաղած է մեր բուն մտածողութիւնը: Կը ցաւիմ, որ մենք ունինք այս վիճակը` խօսքը կեղծ ազգային, կեղծ աւանդական պատկերացումներու  մասին է: Հայկական ընտանիքը փոխադարձ վստահութեան վրայ  հիմնուած, առանց բռնութիւններու ընտանիքն է, եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլումը կամ անոր փորձը կը բխի մեր ազգային` հայկական մտածողութենէն», ըսած է Վարդանեան:

Ըստ անոր, այնուամենայնիւ, ընտանեկան բռնութեան վերաբերեալ գնահատականները եւ վիճակագրութիւնը որոշակի մտահոգութեան առիթ կու տան, եւ օրէնքի նախագիծը հիմնուած է տուժողի անվտանգութեան եւ աջակցութեան ապահովման սկզբունքներուն վրայ:

Պատգամաւորը նշած է, որ ասիկա այն նուազագոյնն է, որ պետութիւնը պարտաւոր է կատարել` իբրեւ սկիզբ:

«Լրամշակուած նախագիծին մէջ շատ հասկացութիւններ ու դրոյթներ յստակացած են: Յատկանշական է, որ երեխայի շահերու  առաջնահերթութիւնը եւ ընտանիքին` իբրեւ հասարակութեան բնական եւ հիմնական բջիջ, աջակցութիւնը սահմանուած են իբրեւ նախագիծի սկզբունքներ», եզրափակեց Վարդանեան:

 

Նախորդը

Հայաստան Աշխարհի Ամէնէն Ռազմականացած Երկիրներու Ցանկին Վրայ 3-րդը, Իսկ Լիբանան` 20-րդը

Յաջորդը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.