Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն 2018-ի Պետական Պիւտճէին Վերաբերեալ 8 Առաջարկ Ներկայացուցած Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

December 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութիւնը 2018-ի պետական պիւտճէի վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը:

Ան հերքեց մամուլի հրապարակումները այն մասին, որ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը մերժած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցած բոլոր առաջարկները:

«Առաջարկներ կատարելու ժամկէտը անցած է, մենք առաջարկներ կատարած ենք արդէն: Բայց պիւտճէի ամփոփաթերթիկը տակաւին չէ ներկայացուած, երբ  ըլլայ` կը տեսնէք, կը համոզուիք: Մամուլը շատ բան կրնայ գրել եւ անոր մէջ տեսնել բաներ, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին: Ձեր ըսած հրապարակումը ճիշդ այդպիսին է», ըսաւ  Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորը նշեց, որ ՀՅԴ-ն իսկապէս 8 առաջարկ ներկայացուցած է, բայց «ո՞վ ըսաւ, որ անոնք մերժուած են»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ առաջարկներ ներկայացուցած է Դաշնակցութիւնը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. «Պիւտճէի  ծանրաբեռնուածութիւնն ու լարուածութիւնը հասկնալով մենք շատ փոքր առաջարկներ կատարած էինք, որոնք կը վերաբերէին քանի մը  համայնքներու: Խօսքը Խաչիկ սահմանամերձ համայնքի խնդիրներու  մասին է, փոքր խնդիրներու մասին է` Արարատի, Գեղարքունիքի եւ Երեւանի մարզերուն մէջ: Կը կարծեմ, որ 8 առաջարկէն առնուազն կէսը լուծումներ կը գտնեն: Առաջարկներու ընդունման ժամկէտը չէ  աւարտած: Լիայոյս եմ, որ մեր կառավարութիւնը մեր առաջարկներուն մէկ մասը առնուազն յաջորդ տարի պիտի կարենայ իրագործել»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետը Քննարկած Է Զբօսաշրջութեան Որակի Բարձրացման Հարցը

Յաջորդը

Վրաստանի Խորհրդարանին Մէջ Առաջարկուած Է Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.