Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ` Մշակութային Տան Հրաւէրով

Դեկտեմբեր 6, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 նոյեմբերէն մինչեւ 26 նոյեմբեր 2017 Ալֆորվիլի (Փարիզ, Ֆրանսա) քաղաքապետութեան Մշակութային բեւեռի (Pole Culturel-POC) ընդարձակ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայկական մշակութային տան (MCA) կողմէ տասնամեակէ մը ի վեր տարեկան յաճախականութեամբ տեղի ունեցող «Արմէն-Լիվր» («Արմէն գիրքեր») անունը կրող ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ձեռնարկին իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի միութիւն մը կամ անհատ մը: Այս տարուան հիւրը Համազգայինն էր:

Բացման օրը (հինգշաբթի, 23 նոյեմբեր) աւելի քան տասնեակ մը մեծկակ սեղաններու վրայ ճաշակով զետեղուած էին զանազան գոյնի եւ չափի գիրքեր` ըստ նիւթի դասաւորուած. հայերէնով, ֆրանսերէնով, թրքերէնով եւ նուազ թիւով` անգլերէնով գիրքեր:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարեց Մշակութային տան տնօրէն Արաքս Տէր Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք շուրջ հարիւր յիսուն հրաւիրեալ ներկաներուն, տուաւ այս նախաձեռնութեան պատմականը եւ տարիներու ընթացքին անոր արձանագրած յաջողութիւնը: Ան իր խօսքը աւարտեց ներկայացնելով օրուան հիւր հաստատութիւնը` Համազգայինը: Իրմէ ետք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Կերշինովից:

Վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ Համազգայինի պատմութիւնն ու ներկայի գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը:

Յաջորդ օրը աշակերտներու այցելութեան օրն էր: Փարիզի շրջանի չորս վարժարաններէն բազմաթիւ աշակերտներ (Դպրոցասիրաց, Ս. Մեսրոպ-Գ. Արապեան, Համազգային-Թարգմանչաց եւ Հրանդ Տինք) այցելեցին ցուցասրահ երկու փուլով: Համազգայինի մանկական ելեկտրոնային ուսուցողական Լալան ու Արան խաղերու շարքին մասին փոքրիկ այցելուներուն լայն բացատրութիւններ տուին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի տնօրէն եւ Լալան ու Արան խմբակի մանկավարժական խորհրդատու Թալին Եահնիեան եւ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութեան փոխնախագահ Յասմիկ Շահինեան: Երեխաներու աչքերը խանդավառութիւն կը մատնէին: Թէ՛ առաւօտուն, թէ՛ երեկոյեան պատանեկան կենսունակութիւնը յագեցուց ցուցասրահը:

Շաբաթ, 25 նոյեմբերի առաւօտուն Ալֆորվիլի իր կեդրոնին մէջ «Ռատիօ Այբ» հրաւիրած էր ուղիղ հեռարձակուող հաղորդում մը Cartes sur table յայտագիրի ծիրին մէջ (https://youtu.be/NbwVLvbDz9Y): Հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեանի հարցումներուն պատասխանեցին Արաքս Տէր Գէորգեան, Սօսի Յակոբեան («Արմէն-Լիվր»-ի յանձնակատար), Թալին Եահնիեան, Մկրտիչ Եափուճեան (Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ) եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Իսկ երեկոյեան Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկաներուն Համազգայինի պատմութեան եւ ներկայի գործունէութեան մասին զեկուցական դասախօսութիւն մը տուաւ, որուն աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց սպառիչ պատասխաններ տուին Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Մկրտիչ Եափուճեան:

Իսկ վերջին օրը բազմահարիւր ազգայիններ այցելեցին ցուցահանդէս, գնեցին իրենց գիրքերը եւ մտերմիկ խօսակցութիւն ունեցան ցուցահանդէսին ներկայ հեղինակներուն հետ:

9-10 դեկտեմբեր շաբաթավերջին նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին մէջ` կազմակերպութեամբ Parentheses հրատարակչատան:

Թղթակից

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. 5-8 Դեկտեմբեր 2017 Անթիլիաս, Լիբանան

Յաջորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?