Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Դեկտեմբեր 7, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 15 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր:

Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւորին, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան իր նպաստը բերած Սարգիս Պուտագեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բարերարներուն ու բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներուն ու արուեստասէրներուն, որոնք այս տարի եւս իրենց նիւթաբարոյական նպաստը բերին ու զօրակցեցան զոյգ հաստատութեանց բոլոր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն: Ան Նոր տարուան առիթով Համազգայինի ընտանիքին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան: Ան իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես տարուած աշխատանքին ու ստեղծուած մթնոլորտին` հաստատելով, որ ինք ցուցասրահը  կը նկատէ իր հարազատ տունը: Թիւթիւնճեան յաջողութիւն եւ ստեղծագործական աշխատանքի վերելք մաղթեց մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն:

Յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին   հայ եւ լիբանանցի 15 արուեստագէտներու աւելի քան 120 գործեր, որոնք կարելի է նկատի ունենալ Նոր տարուան առիթով նուէրներու ընտրութեան մէջ:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 յունուար 2018:

Ցուցասրահը բաց է առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30, ներառեալ կիրակի օրերը:

 

Նախորդը

Մարօ Մաթոսեան. «Եթէ Կ՛ուզենք Առողջ Ընկերութիւն Մը Ունենալ, Պէտք Է Արժեհամակարգի Փոփոխութիւն Կատարենք Եւ Քանդենք Կարծրատիպերը»

Յաջորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?