Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրին` Ստորագրումով Ազրպէյճանի Շարք Մը Փաստարկներ Չէզոքացուեցան

December 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կարելիութիւններ կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ խորացնելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները: Միաժամանակ, ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ այն տեսակէտին, որ շրջանակային համաձայնագիրին մէջ տնտեսական հատուածը` Հայաստան-Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան  համաձայնագիրին հետ համեմատած, աւելի քիչ է:

Դիտարկման, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ժամանակ ալ կը պնդէին, որ տնտեսվարողներու համար նոր շուկայ պիտի բացուի, սակայն այս հարցին մէջ խնդիրներ կան, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Խնդիրները մենք մեր մէջ պէտք է փնտռենք, ի՞նչ կապ ունի այս կամ այն միութիւնը: Մենք ձեռք բերած ենք կարելիութիւն օգտագործելու Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկան, մենք ենք մեղաւորը, որ չենք կրցած այդ նոր իրավիճակին համապատասխանեցնել մեր տնտեսութիւնը: Չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու նոր կարելիութիւններ չունենաս, չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու քու  անկախութենէդ ինչ որ բաներ չսահմանափակուին, աշխարհին մէջ նման բան չկայ: Այս ամէնը նկատի ունենալով` պէտք է օգտուիլ այն դրականէն, որ կայ, իսկ առկայ բացասականն ալ չէզոքացնել, ինչ որ Հայաստանն ալ կը կատարէ: Կը կարծեմ` Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ պիտի կարենայ խորացնել նաեւ տնտեսական համագործակցութիւնը»:

Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին ստորագրումով Հայաստանի հակառակորդ Ազրպէյճանի շարք մը փաստարկները չէզոքացուեցան: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան շարք մը քայլեր ձեռնարկած է, որպէսզի տապալի այս հոլովոյթը:

Պատգամաւորը նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որուն մէջ տնտեսական հատուածը  աւելի մեծ էր, չէ ստորագրուած ոչ թէ Հայաստանի, այլ Եւրոպական Միութեան պատճառով: Արմէն Ռուստամեանի դիտարկումով` Եւրոպական Միութիւնը յառաջացուց «Կամ, կամ»-ի վիճակը, որուն պատճառով ալ Հայաստանը ընտրեց իրեն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող «կամ»-ը` տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն  հետ:

 

Նախորդը

Փայլանի Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Մասին Նոր Պահանջ Չկայ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Արցախի Մէջ. «Մենք Կրնանք Եւ Պիտի Պաշտպանենք Մեր Սահմանը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.