Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Դեկտեմբեր 6, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Զանազան Մարզերը Յատուկ Ուշադրութեամբ Ծրագրելու Անհրաժեշտութիւնը

Երէկ` երեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017: Քառօրեայ ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը, որ նախ եւ առաջ դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ կը յատկանշուի հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալու հանգամանքով. առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի իբրեւ հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի, նշեց վեհափառ հայրապետը` շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին:

Խօսելով սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց. «Իմաստութիւնը եւ քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու` մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը` արդիականով, անցեալը` ներկայով եւ տեղականը` համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»: Այս առումով վեհափառ հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց` մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ:

Վեհափառ հայրապետը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ նիւթերուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները: Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ: Այս առնչութեամբ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգելու հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին ներկայացման ձեւերը եւ մեթոտները: Շարունակելով, վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ համար, որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական գործունէութեամբ, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ:

Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է վեհափառ հայրապետը, ան նշեց. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած են խրամատներ գոյանալ: Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր` մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Լոզունգներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն: Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ` ոչ «մենք»-ի եւ «դուք»-ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»-ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»: Ան ընդգծեց, որ երիտասարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ:

Պատգամին աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Ս. աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Հայ դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան փուլ անցած են, եւ ասով կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է: Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ. «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Իսկ սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով` Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջնահերթութիւն նկատեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ կոթող պիտի բարձրացուի մայրավանքին շրջափակին մէջ` ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ՛ուզենք վերյիշեցնել, թէ` կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե՛ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե՛ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի` մեր ժողովուրդը, եւ մէկ նպատակ` ժողովուրդին ծառայութիւնը»: Պատգամին ամբողջութիւնը տեսնել 5-րդ էջով:

Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն ետք Ազգային ընդհանուր ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները: Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան:

Նախորդը

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ` Մշակութային Տան Հրաւէրով

Յաջորդը

«Մինսքի Համաձայնագիրները Մեռած Են» Կ՛ըսէ Աւաքով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?