Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Երեւանը Կը Գտնուի Կամրջող  Կարգավիճակ Ստանձնելու Սեմին

Ակնարկ. Երեւանը Կը Գտնուի Կամրջող Կարգավիճակ Ստանձնելու Սեմին

ԵԼՔ խմբակցութեան նախաձեռնութիւնը խորհրդարանին մէջ քննարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) դուրս գալու առաջարկի ճակատագիրը կանխորոշուած էր: Պարզ էր, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայն պիտի չըլլար այս քայլին, հիմնականին մէջ ռազմավարական կտրուկ շրջադարձ կատարելու պատճառներու եւ հետեւանքներու ուսումնասիրութեան, ինչպէս եւ հակառակը հիմնաւորող փաստարկներու դէմ հակափաստարկներու բացակայութեան պատճառով: Առաջարկի քննարկման եւ եզրակացութեան կանխորոշուածութեան մասին իրազեկ էր նաեւ ԵԼՔ-ը բնականաբար: Խնդիրը սակայն...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Ամերիկացի Համանախագահը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Շոֆըրը անոր նշանակման առիթով: Ընդգծելով, որ նոր նշանակուած համանախագահը իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին ներկայ բաւական բարդ ժամանակաշրջանին ընթացքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջողութիւններ մաղթած է անոր այդ կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ...

Հաւանական Է Եւրոպական Միութեան Հետ  Համաձայնագիր Կնքել Եւ Զարգացնել  Փոխադարձ Գործակցութիւնը

Հաւանական Է Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիր Կնքել Եւ Զարգացնել Փոխադարձ Գործակցութիւնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական Միութեան  Խորհուրդի Քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով կոմիտէի պատուիրակութիւնը` կոմիտէի նախագահ Վալթըր Սթիւընսի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Պրիւքսելի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներէ դեսպաններ եւ կոմիտէի ներկայացուցիչներ: Այցելութեան նպատակն է` քննարկել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններու ընթացքն ու հեռանկարները` նոր շրջանակային համաձայնագիրի բանակցութիւններու աւարտին լոյսի տակ, ծանօթանալ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ...

Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու  Իրաւունքը ՀՀԿ-ինն Է, Բայց ՀՀԿ-ն Պիտի Խորհրդակցի  ՀՅԴ-ի Հետ Թեկնածուի Առաջադրման Հարցով

Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու Իրաւունքը ՀՀԿ-ինն Է, Բայց ՀՀԿ-ն Պիտի Խորհրդակցի ՀՅԴ-ի Հետ Թեկնածուի Առաջադրման Հարցով

Համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելէ առաջ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած քաղաքական խորհուրդը կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ եւ հարցեր քննարկել: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Պատասխանելով այն հարցին, թէ վերջին անգամ ե՞րբ հանդիպած է ՀՀԿ-ՀՅԴ խորհուրդը եւ ի՞նչ հարցեր կան օրակարգի վրայ` ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ըսաւ. «Որոշակի պարբերականութեամբ խորհուրդը նիստեր կը գումարէ,...

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ընդունած Է  Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները

5 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստան գտնուող Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ անվտանգութեան կոմիտէի ներկայացուցիչները: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ եւ  ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ կողմերու պաշտպանական համագործակցութեան հեռանկարները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանային անվտանգութեան  միջավայրին, կարեւոր նկատուած է առկայ տագնապները խաղաղ միջոցով եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համահունչ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական  Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը, որուն կ՛ընկերանար անոր փոխանորդը: Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանին մէջ իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին` Ֆիլիփեան կղզիներ մեկնելէն առաջ, վեհափառ հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան,...

Միլան Շթեխ. «Չեխիոյ Իշխանութիւնները  Արտօնութիւն Չեն Տուած Ազրպէյճանին  Չեխական Զինատեսակի Վաճառողներուն»

Միլան Շթեխ. «Չեխիոյ Իշխանութիւնները Արտօնութիւն Չեն Տուած Ազրպէյճանին Չեխական Զինատեսակի Վաճառողներուն»

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող  Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխ 4 հոկտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան պետերուն հետ` հաստատելով, որ իր երկիրը հետամուտ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ վստահեցնելով, որ իրենք զէնք չեն վաճառած Ազրպէյճանին: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինս յոյս յայտնած է, որ Միլան Շթեխի Հայաստան  այցելութիւնը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ` ամրապնդելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները:...

Արցախի Մէջ.  Նախագահ Սահակեանը ԵԱՀԿ  Մինսքի Խմբակի  Ամերիկացի Համանախագահին  Ներկայացուցած Է Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահին Ներկայացուցած Է Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 հոկտեմբերին ընդունած է նոյն օրը ճանաչողական այցելութեամբ  Արցախ հասած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը: Երկրին ղեկավարը շնորհաւորած է համանախագահը նոր պաշտօնին  նշանակուելու առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք: Հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, սահմաններուն տիրող իրավիճակը եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ տագնապի...

Աղուան Վարդանեանը` Փոխնախարարին.  «Արցախին Կը Վերաբերի՞ Ռուսիոյ  Եւ Հայաստանի Միացեալ  Ուժերու Մասին Համաձայնագիրը»

Աղուան Վարդանեանը` Փոխնախարարին. «Արցախին Կը Վերաբերի՞ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միացեալ Ուժերու Մասին Համաձայնագիրը»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուի  «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու զօրքերու միացեալ խմբաւորման մասին» Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցը: Հիմնական զեկուցումով հանդէս եկաւ պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեան: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ նախագիծին մէջ երկու հասկացութիւն կայ` «տարածաշրջան» եւ «նախայարձակումի անմիջական սպառնալիք», ապա հարց ուղղեց Զաքարեանին, թէ ատիկա...

Թիլըրսըն Կ՛ուզէ Կարելի Եղածին  Չափ Շուտ Աւարտին Հասցնել Արցախի Մէջ  Ականազերծման Հոլովոյթը

Թիլըրսըն Կ՛ուզէ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Աւարտին Հասցնել Արցախի Մէջ Ականազերծման Հոլովոյթը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հանրային հռչակագիրը` Արցախի մէջ ականազերծման հոլովոյթը աւարտին հասցնելու գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան մասին: «Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Թիլըրսըն վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութիւնը Արցախի խաղաղութեան շուրջ առաջարկներուն, որոնք մշակուած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատական գործիչ Էլիոթ Էնկելի...

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցագիր Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցագիր Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին: Երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց Լաս Վեկասի մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ յարձակումը եւ ցաւ յայտնեց բազմաթիւ անմեղ կեանքերու կորուստին համար: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին նոյնպիսի նամակ մը յղեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

Նախագահ Սարգսեան Եւ Հան Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Օրակարգը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Հան Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Օրակարգը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 հոկտեմբերին ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը: Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը արդիւնաւէտօրէն կը զարգանայ, որուն  գործնական արտայայտութիւններէն է նաեւ Եւրոպական Միութեան օժանդակութեամբ նախօրէին բացուած Բաւրայի նորակառոյց սահմանային անցակէտը: Եւրոպական Միութեան յանձնակատարի հաստատումով, մասնագիտացած ծառայութեան` Սահմանային եւ առափնեայ  հսկողութեան...

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ ԵՏՄ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հարցով Յանձնախումբ Ստեղծելու «Ելք»-ի Նախագիծին

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ ԵՏՄ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հարցով Յանձնախումբ Ստեղծելու «Ելք»-ի Նախագիծին

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու հարցին շուրջ քննարկման ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեանի կարծիքով` այն, ինչ որ «Ելք»-ը կ'առաջարկէ, այլ բան չէ, եթէ ոչ այն, որ Հայաստանը պէտք է կատարէ ռազմավարական նշանակութեան շրջադարձ: «Ասիկա կը կատարուի փաստաթուղթով մը, որ շատ թերի է,...

Աւստրալիոյ Մէջ ՀՅԴ-ի Երիտասարդները Արցախի Ազատ Ինքնորոշման Մասին Իրազեկող Արշաւի Սկսած Են

Աւստրալիոյ Մէջ ՀՅԴ-ի Երիտասարդները Արցախի Ազատ Ինքնորոշման Մասին Իրազեկող Արշաւի Սկսած Են

Աւստրալիոյ դաշնակցական երիտասարդները Արցախի մասին իրազեկող արշաւի սկսած են: Սիտնիի համալսարանի աջակցութեամբ իրականացած արշաւի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ երիտասարդները համալսարանի ուսանողներուն Արցախի եւ անոր ազատ ինքնորոշման իրաւունքներու մասին իրազեկող թռուցիկներ բաժնած են: Արշաւը լայն հետաքրքրութեան արժանացած է օտար ուսանողներու  կողմէ:  

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Միւֆթի Շաարի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Միւֆթի Շաարի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սերուժ Աբիքեան եւ Սօսի Սարգիսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Թրիփոլիի «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի, երէկ այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մարդկային իրաւանց, հանդուրժողականութեան, փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն շուրջ զրոյցի: Միւֆթի Շաար խօսեցաւ իսլամութեան գլխաւոր սկզբունքներուն, ինչպէս` եղբայրասիրութեան, մարդոց ազատութեան ու հաւասարութեան եւ ողորմածութեան մասին: ՀՅԴ...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2014-2018 Քառամեակի Դ. Լիակազմ Ժողով

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2014-2018 Քառամեակի Դ. Լիակազմ Ժողով

23, 24 եւ 25 սեպտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան 2014-2018 քառամեակի 4-րդ լիակազմ ժողովը: Առաջին հերթին, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ երիտասարդականացման աշխատանքները յաջող ընթացքի մէջ են: Առոյգ են Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները, եւ կ՛աշխատին ժրաջանօրէն. սակայն միւս կողմէ,...

Ակնարկ  Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը  Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

Ակնարկ Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

Օտարերկրացի դէմքերու Արցախ այցելութիւններէն  մինչ այժմ ամէնէն հզօր հարուածը Պաքուին` Թուրքիոյ քաղաքացի մտաւորականներու ներկայութիւնն էր Ստեփանակերտ: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով Արցախ այցելած գրող Սայիթ Չեթինօղլուի, քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուի քայլը «դաւաճանութիւն է ո՛չ միայն եղբայրական Ազրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ նկատմամբ»: Նման յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Այտըն Հուսէյնով: Հուսէյնով ցանկութիւն յայտնած է, որ թուրք մտաւորականները...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, 30 սեպտեմբեր եւ 1 հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու ՀՅԴ մարմիններու Ռայոնական ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը: Երկու օր տեւած քննարկումներուն ընթացքին, առաջին հերթին ՀՅԴ  Բիւրոն ներկայացուց նախորդ մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած երէկուան բռնութեան դէպքերուն առիթով ցաւակցական հեռագիր յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին: «Խոր ցաւով տեղեկացայ Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնութեան այս ահասարսուռ դրսեւորման մասին, որ տասնեակ անմեղ զոհերու եւ հարիւրաւոր վիրաւորներու պատճառ դարձաւ: Վիշտի ու կորուստի այս ծանր պահուն իմ խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ ձեզի, Միացեալ Նահանգներու...

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ներկայացուցիչները Տպաւորուած Են Արցախով

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ներկայացուցիչները Տպաւորուած Են Արցախով

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով 29 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր  Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու երկու տասնեակէ աւելի ներկայացուցիչներ հասած են Հայաստան եւ 30 սեպտեմբերին այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն: «Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ կազմակերպած ենք այս ճանաչողական այցելութիւնը: Այցելութիւնը իրագործելու համար մէկ տարիէ աւելի աշխատանք կը կատարենք, եւ այսօր Արցախ կը գտնուին 18 երկիրներու 25 ...

Page 603 of 796 1 … 602 603 604 … 796

Արխիւներ