Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

December 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (ԵԸԿ) խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 1-2 դեկտեմբեր 2017-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ` հիւրընկալութեամբ Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 500 մասնակիցներ` երեսփոխաններ, հրաւիրեալներ եւ գործիչներ: ՀՅԴ-ի կողմէ խորհուրդի ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ժողովի բնաբանն էր «Յառաջդիմական Եւրոպա` վերանորոգում»: Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի ապագայի, ամբոխավարութեան դէմ պայքարի եւ 2019-ին եւրոպական ընտրութիւններուն համար միասնական թեկնածու ընտրելու միջոցով` եւրոպական ժողովրդավարութիւնը զօրացնելու վերաբերեալ հարցեր, տուաւ որոշումներ:

Ժողովը նաեւ հաստատեց ԵԸԿ-ի բանաձեւը Թուրքիոյ մասին, ուր կոչ կ՛ուղղուի իշխանութիւններուն ազատ արձակելու ԵԸԿ-ի անդամ երկու կուսակցութիւններու` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանի ձերբակալուած երեսփոխանները:

Փակման ելոյթներ ունեցան ԵԸԿ-ի նախագահ Սերկէյ Սթանիշեւ (Պուլկարիա, եւրոպացի երեսփոխան) եւ Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, երկրի վարչապետ Անթոնիօ Քոսթա: Անոնք անդրադարձան Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան սերտ յարաբերութիւններուն` Եւրոպայի յառաջդիմական կուսակցութիւններուն հետ եւ ընկերվարականներուն ու ընկերվար-ժողովրդավարներուն վճռակամութեան` Եւրոպայի ժողովուրդին համերաշխութիւն եւ ընկերային արդարութիւն տրամադրելու:

1992-ին հիմնուած Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւնը (ԵԸԿ)կը համախմբէ 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ: Եւրոպական Միութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ շրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ: ԵԸԿ-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ` յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ԵԸԿ-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր` 28 պետութիւններէն ընտրուած երեսփոխաններ, ընդհանուր` 190 երեսփոխան, կազմելով Եւրոպական խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը` Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինքը, որուն հետ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը յուլիս 2016-ին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է:

ՀՅԴ Երիտասարդականը լիիրաւ անդամ է ԵԸԿ-ի երիտասարդական կազմակերպութեան` Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներուն:

Նախորդը

Վարդանեան. «Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովը Քաղաքական Կառոյց Չէ»

Յաջորդը

Պարսելոնայի Ֆութպոլիստները Նուէր Ստացան «Օտի» Ինքնաշարժներ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.