Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Թրամփի Յայտարարութիւնը

Երէկ, 7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան: Միաժամանակ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Երուսաղէմը պէտք է մնայ բաց քաղաք միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ` հրէական, քրիստոնէական ու իսլամական, եւ յիշեալ կրօններուն իրաւունքները պէտք է միշտ պաշտպանուած ըլլան Երուսաղէմի մէջ:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին շեշտեց Լիբանանի կեցուածքը Երուսաղէմի գծով` նոյնպէս մերժելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազանները եւ պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրին ու ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքի մեր գաղութներուն դերակատարութեան: Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահը շեշտեց հայկական սփիւռքին կարեւորութիւնը եւ հայոց լեզուն, հայկական արժէքներն ու մշակոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը. նախագահը յատկապէս յիշեց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները` մէկը եաթաղանով, իսկ միւսը` սովի արհաւիրքով:

Հանդիպումի աւարտին վեհափառ հայրապետը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահին հետ` ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Արթիւր Նազարեանի: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական հարցեր:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. Նուիրատուութիւն

Յաջորդը

Էրտողան. «Լոզանի Դաշնագիրը Վերատեսութեան Կարիքը Ունի»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?