Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեանը` Վարչապետի Վարկանիշին Անկումին Մասին. «Թերահաւատօրէն Կը Վերաբերիմ Որեւէ Հարցախոյզի Հետ»

December 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Կալլուփ» միջազգային ընկերութեան` Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի Զի» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը, իր կատարած հարցախոյզի արդիւնքները ամփոփելով, նշած է, որ հիմա Հայաստանի  նախագահին աշխատանքը աւելի բարձր կը գնահատուի, քան վարչապետինը: Նախագահին վարկանիշը բարձրացած է, իսկ վարչապետինը` նուազած:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով նշեալ հարցախոյզին, նշեց, որ միշտ թերահաւատօրէն կը վերաբերի նման հարցախոյզերու:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան` հաւանակա՞ն է, որ հարցախոյզը  պատուիրուած ըլլայ նախագահին կողմէ: Ան պատասխանեց` ոչ:

Պատասխանելով այն դիտարկման, որ թերեւս քաղաքական առումով հող կը  նախապատրաստուի, պատգամաւորը արձագանգեց. «Ես որեւէ հող նախապատրաստելու խնդիր չեմ տեսներ այստեղ, ի՞նչ հող պէտք է նախապատրաստեն, այն ալ` հարցախոյզերով: Ինչու հարցումներո՞վ  հող կը նախապատրաստեն: Հող կը նախապատրաստեն գործողութիւններով, գործընթացներով, որոնք իրենց հունով կ՛ընթանան»:

«Կարէն Կարապետեանի մէկ տարուան գործունէութիւնը արդեօք անոր  վարկանիշին վրայ կրնա՞ր ազդել» հարցումին Ռուստամեան պատասխանեց, որ չ՛ընդունիր այդ դիտարկումը եւ կը կարծէ, թէ ընդհակառակն` շատ աւելի լուրջ եւ աճող ցուցանիշներ ցոյց տուած է  կառավարութիւնը:

«Այդ ցուցանիշները, բնականաբար, պէտք է իրենց ազդեցութիւնը  ունենան հետագայ բոլոր ընելիքներուն վրայ, բայց հանրային ընկալումով` կրնան չերեւալ, որովհետեւ կշռոյթը տակաւին գոհացուցիչ չէ: Բայց փոփոխութիւններու ուղղութիւնը, բազմիցս ըսած ենք, որ ճիշդ  ընտրուած է: Որպէսզի հանրային ընկալումն ալ անոր նպաստէ, պէտք է կշռոյթը աւելցնել», ըսաւ պատգամաւորը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ վարչապետ Կարապետեան պիտի կարենա՞յ այդ մարզին մէջ փոխարինել նախագահը, պատասխանեց. «Ես կը կրկնեմ` անփոխարինելի անձեր չկան: Ինչո՞ւ չէ, Կարէն Կարապետեանը փաստած է, որ չի՞ կրնար, այդպիսի բան տեսա՞ծ էք: Բոլորն ալ կրնան բոլորին փոխարինել, եթէ կը սիրեն իրենց հայրենիքը եւ ունին համապատասխան գիտելիքներ, այդ դաշտին մէջ անփոխարինելի մարդիկ չկան»:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ Կ՛աջակցին Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Թիլըրսըն

Յաջորդը

Խմբագրական. Ժողովրդային Կարիքներուն Հասնելէն Մինչեւ Պետականաստեղծում (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.