Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաջողեցաք Զահլէին Պատիւը Պահել, Որովհետեւ Հաւատացիք, Որ Ձեր Պատիւը, Հայու Պատիւը, Լիբանանցիի Պատիւն Է, Որ Կը Պահէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

December 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով Զահլէի մէջ 2 դեկտեմբերին կազմակերպուած 700 հայորդիներու ընթրիք-հաւաքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը:

Այսօր այս հաւաքը բացառիկ արժէք ունի. պիտի զարմանաք, որ պիտի չխօսիմ Դաշնակցութեան մասին, ո՛չ ալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, այլ պիտի խօսիմ հայութեան մասին: Սայիտ Աքըլ հպարտօրէն ըսած է. «Սաննինը եւ Արարատը երկու եղբայրներ են, եւ երկու մեծ ժողովուրդներու գագաթներն են»: Սիրելինե՛ր, երբ թուրքէն ազատեցանք, այս շրջանները եկանք. ամէնէն հին գաղթականական շրջաններէն մէկը Զահլէն եղաւ, եւ դուք ապրեցաք հոս: Ապրեցաք թշուառութեան մէջ, ապրեցաք դժուարութեամբ. ձեր հայրերը, մեծ հայրերը ճակտի քրտինքով իրենց կեանքը շահեցան եւ մնացին հայ: Թուրքը փորձեց ջարդել մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, բայց ահա այսօր 700 հայ կայ այս սրահին մէջ: Տարիները անցան, կամաց-կամաց Զահլէի հայութիւնը սկսաւ նօսրանալ, պատերազմը եկաւ ձեր շրջանին մէջ եւ եղաւ այնպէս, որ դուք Զահլէն պաշտպանելու համար ստիպուեցաք զէնք վերցնել, որպէսզի Զահլէի արժանապատուութիւնը, հերոս այս քաղաքին պատիւը պահէք: Յաջողեցաք Զահլէի պատիւը պահել, որովհետեւ հաւատացիք, որ ձեր պատիւն է, որ կը պահէք, հայու եւ լիբանանցիին պատիւն է, որ կը պահէք: Սիրելինե՛ր, թերեւս Լիբանանի միւս շրջաններէն շատ աւելի դժուարութեամբ ձեր հայութիւնը կը պահէք, դպրոց չունիք, դպրոցը փակուեցաւ, եկեղեցին բաց է, քահանահայրը ամէն կիրակի աղօթք կ՛ընէ, բայց դուք ամէն կիրակի եկեղեցի չէք երթար, հայկական ձեռնարկները քիչ են, բայց ձեզմէ իւրաքանչիւրը, երբ իր մորթը քերէ, տակէն իսկական հայ մարդուն արիւնն է, որ կը տեսնենք: Արիւնը ջուր չի դառնար, ան որ արիւնին ջուր կը խառնէ, իր հայութենէն կը հեռանայ: Ես պիտի չայպանեմ ձեզի, որ դուք կեանքի դժուարութիւններուն բերումով ստիպուեցաք ոչ հայու հետ ամուսնանալ եւ ձեր զաւակները օտար դպրոց ղրկել: Պատասխանատուն մենք ենք, որ չկրցանք ձեզի պէտք եղած հոգածութիւնը ցոյց տալ, մենք կը խոստանանք ձեզի, որ անպայման Զահլէն այսօրուընէ սկսեալ յաւելեալ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ, յաւելեալ ձեւով պիտի գուրգուրանք անոր, որովհետեւ երբ այսքան երեխայ կը տեսնենք, բնական է, որ դժուարութիւն ունենաք վաղը հայերէն խօսելու, որովհետեւ հայկական դպրոց պիտի չկարենան երթալ: Մեզի համար այս ձեռնարկը սկիզբ թող ըլլայ. ձեզմէ շատեր թերեւս հայկական կուսակցութիւններու մաս չեն կազմեր, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր, ես կը հաւատամ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը հայու սիրտ է, ձեր երակներուն մէջ արիւնը հայկական արիւն է. ձեր սրտին եւ հոգիին մէջ ամէն ինչ կրնաք սակարկել, բացի մեր հայկականութենէն: Պիտի խմեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին կենացը, ձեր արեան կենացը, հայու սրտին կենացը, բարի եկած էք բոլորդ:

Այսօր առաւօտեան հեռաձայնային պատգամներ շրջեցան, թէ Զահլէի հայութեան որոշումը Զահլէի մէջ է, որ կը տրուի, դժգոհելով եւ փորձելով խանգարել այս երեկոն: Զահլէի հայութիւնը դուրսէն որոշում չի կրնար ընդունիլ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՛ուզենք եւ կը պայքարինք, որ հայութեան որոշումն ալ հայութեան կը պատկանի եւ ոչ թէ դուրսէն կը տնօրինուի:

 

Նախորդը

Փերուի Մէջ Գեղեցկուհիներու Իւրայատուկ Հակազդեցութիւնը` Կիներու Նկատմամբ Կատարուած Բռնութիւններուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.