Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովը Քաղաքական Կառոյց Չէ»

December 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովը զուտ տնտեսական ֆորում է եւ որեւէ լիազօրութիւն չունի քաղաքական հարցեր, յատկապէս տագնապներ քննարկելու եւ գնահատականներ տալու, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Աղուան Վարդանեան` անդրադառնալով վեհաժողովի նիստին ընթացքին ընդունուած հակահայկական յայտարարութեան:

«Ընդունուած հռչակագիրը կառոյցի 25-ամեակին նուիրուած էր, եւ ուղղակի անհեթեթ էր նման քաղաքական ձեւաւորումը այս փաստաթուղթին մէջ», նշեց ան:

Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ վեհաժողովը տեղի ունեցած է Քիեւի մէջ, կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը, որ ազրպէյճանցի է, փորձած է վերջին պահուն բոլորէն ծածուկ բնագիր մը մտցնել հռչակագիրին` միւս պատուիրակութիւնները վատ վիճակի մեջ դնելով:

«Երբ մենք լքեցինք դահլիճը եւ մէկ ժամ ետք վերադարձանք պատուիրակութեան յայտարարութիւնը ամպիոնէն կարդալու համար, շրջեցինք ամբողջ խաղը, եւ անոնք ծանր վիճակի մէջ էին: Այն, որ մենք պարոն Մինասեանի ելոյթէն ետք անգամ մը եւս լքեցինք դահլիճը եւ այլեւս պաշտօնական ձեռնարկներուն չմասնակցեցանք, ընդհանուր քարտուղարը, որ ի պաշտօնէ պարտաւոր էր ըլլալ չէզոք եւ արտայայտել բոլոր կողմերուն շահերը, ունեցաւ ելոյթ մը, որ անհամատեղելի է իր կարգավիճակին: Ան ըսաւ` հեռացէք Ազրպէյճանի տարածքներէն: Դուք գրաւած էք Ազրպէյճանի 20 առ հարիւրը եւ այլն: Մենք լսեցինք այդ  զառանցանքները, որոնք 25 տարի է կը լսենք», նշեց Վարդանեան:

Անոր համաձայն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղարը իր գործողութեամբ եւ յայտարարութիւններով վնաս հասցուցած է կառոյցի վարկանիշին եւ շահերուն:

Անդրադառնալով մամուլին մէջ այս օրերուն հայկական պատուիրակութեան հասցէին հնչած քննադատութիւններուն` Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Մելիքեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը լաւ աշխատանք  կատարած է:

«Կը ցաւիմ նման գնահատականներու եւ մեղադրանքներու համար` պատուիրակութեան եւ անոր ղեկավարին հասցէին: Կը կարծեմ` մեր բաժինով ասիկա ազնիւ չէ», նշեց Վարդանեան:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հետ Քննարկուած Է 2018-ի Պիւտճէի Նախագիծը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.