1 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի եւ ելեւմուտքի նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է 2018-ի պիւտճէի նախագիծը:
Խմբակցութեան անդամներուն կողմէ հարցումներ ուղղուած են Ազգային Ժողովին ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան 2018-ի պիւտճէի օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ:
Կառավարութեան հետ քննարկումներուն ընթացքին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները հնչեցուցած են չօգտագործուող բնակարաններու շահագործման, վթարային շինութիւններու ամրացման, ջրամբարներու եւ ջրատար համակարգերու վերակառուցման, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ հայեցակարգային մօտեցումներու ձեւաւորման վերաբերեալ հարցեր եւ առաջարկներ:
2018-ի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին մասին «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան նշած է, որ խմբակցութեան անդամները ուսումնասիրած են պիւտճէի նախագիծը եւ խմբակցութեան նիստին յստակացուցած նախագիծին վերաբերեալ իրենց հարցադրումները:
Խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած հարցերը կը բաժնուին երկու մասի` լուսաբանական եւ առաջարկներ պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ, որոնք կ՛ընդգրկեն գրեթէ բոլոր մարզերը: Հարցերուն մէկ մասը սպառիչ պատասխաններ ստացած է, իսկ որոշ հարցեր 5 դեկտեմբերին խմբակցութիւնը աւելի մանրամասն եւ հիմնաւորուած պիտի ներկայացնէ գրաւոր ձեւով: