Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Դատապարտեց Թրամփի Որոշումը, Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Գումարէ Երուսաղէմի Նուիրուած Նիստ Մը

December 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` անոր յայտնելով Լիբանանի ու լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը պաղեստինցիներուն եւ հաստատելով, որ Լիբանանը կը մերժէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատել:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց Երուսաղէմին վերաբերող նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին:

Պըրրի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` հաստատելով, որ Երուսաղէմին վերաբերող ամերիկեան որոշումը նոր բռնագրաւում կը նկատուի:

Միւս կողմէ, լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններ երէկ ընդվզումով անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին` խստիւ դատապարտելով զայն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան բոլոր մզկիթներու իմամներուն թելադրեց ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին ուղղելիք իրենց պատգամներուն մէջ քննադատելու Ուաշինկթընի որոշումը:

Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն եւ արաբներուն միասնականութիւնը միակ միջոցն է դիմադրելու նախագահ Թրամփի որոշումին:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Թրամփի յանդգնութիւնը կը նկատուի սիոնական գոյացութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակարգի զօրակցութեան գագաթնակէտ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Թրամփի որոշումը` շեշտելով, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը միշտ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն է:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այսօր կը տեսնեմ, թէ Ռիչըրտ առիւծասիրտն ու Սալահէտտին Այուպին միասնաբար կը կռուին Երուսաղէմը ազատագրելու»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը աշխարհի բոլոր իսլամներուն դէմ ոճրային յարձակում մը նկատեց:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Պասսամ Հաշեմ շեշտեց, որ Իսրայէլի ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու Թրամփի որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին աւարտն է:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրամփի որոշումները վերջնական չեն կրնար ըլլալ` աւելցնելով, որ ի վերջոյ արդարութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր խստիւ դատապարտեց Թրամփի որոշումը` զայն նկատելով ռազմակոչ եւ արաբներուն երեսին հասած ապտակ մը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ արաբ ղեկավարներուն եւ իշխանաւորներուն կողմէ պէտք է դիւանագիտական արշաւ մը կազմակերպել պաղեստինեան հարցին շուրջ:

Նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն` աւելցնելով, որ պատահածը պիտի վնասէ խաղաղութեան որեւէ հոլովոյթի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Թրամփի որոշումը կը ջնջէ խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերող բոլոր ջանքերը, ինչպէս նաեւ կ՛ընդվզեցնէ շրջանի ժողովուրդները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ ամբողջ աշխարհը կը մերժէ Երուսաղէմի մասին տրուած սխալ որոշումը:

Նշենք, որ Սայտայի մէջ գտնուող պաղեստինեան Այն Հելուէ եւ Միէ Միէ գաղթակայանները երէկ գործադրեցին ընդհանուր գործադուլ մը` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն եւ դատապարտում Երուսաղէմի վերաբերող Թրամփի որոշումին: Իսկ նախանցեալ երեկոյեան զոյգ գաղթակայաններուն մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան, եւ կոչ ուղղուեցաւ այդ որոշումին դէմ միասնականութեամբ պայքարելու:

Պաղեստինեան խմբաւորումները երէկ շարք մը հանդիպումներէ ետք կոչ ուղղեցին ցոյցեր կատարելու: Այդ ցոյցերուն գլխաւորը պիտի կատարուի կիրակի օր, ամերիկեան դեսպանատան դիմաց` Աուքար:

Նախորդը

«Արաբական Եւ Իսլամական Երկիրները Պէտք Է Յայտարարեն, Թէ Երուսաղէմը Պաղեստինի Յաւիտենական Մայրաքաղաքն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրները Յայտարարութիւն Հրապարակած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.