Հաղորդագրութիւն
Շաբաթ, 31 մարտ 2018-ին, «Ռիժընսի Փալաս» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի առաջին ճաշկերոյթը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարժարանի աշակերտներէն Դրօ Միրզայեան, որ հպարտութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ ըլլալուն համար, ապա ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով ներկայացուց վարժարանի եօթնամսեայ գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Ռազմիկ Ամեան...




















