Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «Փրկութեան Ուղին Ազգային, Ինքնուրոյն Ուղեգիծին Մէջ Է»

May 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարեւոր օր է այսօր, քանի որ տարիներու ստրկութենէն ետք յաջողած ենք պետականութիւն ունենալ, եւ այդ պետականութիւնը ունեցանք, քանի որ ազգային-ազատագրական պայքար ունեցանք», լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Նշենք, որ 28 մայիսին հարիւրաւոր դաշնակցականներ այցելեցին Սարդարապատ` ինքնաշարժներու երթով, քայլերթով: Մարգարեան տեղեկացուց նաեւ, որ յատուկ այս օրուան առիթով բաւական մեծ թիւով դաշնակցականներ եկած են Հայաստան:

«Այս օրը իսկապէս ժողովրդական օր է, եւ մենք ժողովուրդին հետ պէտք է տօնենք այս տօնը, պաշտօնականութիւնը մեզի անհրաժեշտ չէ: Ազգային-ազատագրական պայքարի շնորհիւ անկախ քաղաքական ղեկավարութիւն ունեցած ենք, եւ այս ամէնուն ձեւաւորման ակունքին մէջ ամէնէն վատ, ողբերգական պայմաններուն մէջ յաջողած ենք աւերակներու մէջէն ստեղծել անկախ պետականութիւն: Ասիկա մեծ խորհուրդ ունի, այո՛, մենք նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններէն կրնանք դուրս գալ, եթէ ինքնուրոյն, անկախ պետականութիւն ունենանք: Ես կը հաւատամ, որ այդ խորհուրդը իր դերակատարութիւնը ունեցած է, իր հետեւորդները ստեղծած է, եւ մենք այսօր ժողովուրդին մէջ ունինք այն կամքը, ուժը, որ, անկախ որեւէ դասաւորումէ, մեր ժողովուրդը վաղը պիտի առաջնորդեն դէպի լուսաւոր ապագայ», ըսաւ Մարգարեան:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, այսօր ալ մենք դժուար պայմաններու մէջ ենք, ազգային ուժի լարման կարիք կայ, պէտք է մեր ազգային կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկել, որպէսզի յաղթահարենք արտաքին դժուարութիւնները: «Ելքը ազգային, ինքնուրոյն, անկախ, քաղաքական եւ ռազմական ուժն է, որ պէտք է յաջողի մեր ժողովուրդին համար ապահովել ապահով ապագայ: Կը մնայ` պատմութենէն ճիշդ դասեր քաղենք: Բացի անկէ, մեր յաղթանակները արժեւորելու կարիք ունինք այն առումով, որ պատճառի եւ հետեւանքի կապը պէտք է ճիշդ հասկնանք, հասկնանք, թէ ինչո՞ւ Սարդարապատը ունեցանք, ինչո՞ւ յաջողեցանք Սարդարապատի մէջ յաղթել, ինչո՞ւ Ղարաքիլիսէ ունեցանք, ինչո՞ւ կոտորածէն ետք մենք անկախ պետականութիւն ունեցանք», ըսաւ Մարգարեան:

Ըստ Մարգարեանի, այս «ինչու»-ն ամէնէն կարեւորն է: Մարգարեան ընդգծեց, որ քանի որ մենք շրջանին մէջ արդէն անկախ քաղաքական ուժ, ինքնուրոյն մարտական, ազգային ուժ էինք, անոր համար կրցանք յաջողիլ: «Այսօր ալ պէտք է հասկնանք, թէ ո՛րն է փրկութեան ուղին: Կը կարծեմ, որ փրկութեան ուղին ազգային, ինքնուրոյն ուղեգիծին մէջ է», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Սարդարապատի Մէջ. «Հայ Ժողովուրդը Յաղթեց, Որովհետեւ Ունէր Արամ Մանուկեանի Պէս Նուիրեալ Առաջնորդ» Ընդգծեց Վարչապետ Փաշինեան

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` 13-րդ Անգամն Ըլլալով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.