Գլխաւոր լուրեր

Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն`  Արցախի Մէջ Լիբանանահայ Գործարար Շրջանակներու  Մասնակցութեամբ Տնտեսական  Ֆորում Կազմակերպելու Շուրջ

Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն` Արցախի Մէջ Լիբանանահայ Գործարար Շրջանակներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Ֆորում Կազմակերպելու Շուրջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 ապրիլին աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է այս աշնան Արցախի մէջ լիբանանահայ գործարար շրջանակներու մասնակցութեամբ տնտեսական ֆորում կազմակերպելու ծրագիրի, ինչպէս նաեւ կրթական ու մարդասիրական ոլորտներու մէջ Լիբանանի հայ համայնքի եւ Արցախի փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Համապատասխան զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ...

Արմէն Սարգսեան. «Իբրեւ Հայաստանի  Հանրապետութեան Նախագահ` Իմ Խնդիրս Կը Նկատեմ  Հայ-Ռուսական Ռազմավարական  Յարաբերութիւններու Հետագայ Ամրապնդումը»

Արմէն Սարգսեան. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ` Իմ Խնդիրս Կը Նկատեմ Հայ-Ռուսական Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Հետագայ Ամրապնդումը»

Երէկ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին վրայ Արմէն Սարգսեան իր առաջին հարցազրոյցը տուած է: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ան անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապին, տնտեսական հարցերուն: «Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները իրապէս յատուկ են դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթով, կը ներառեն ամէնէն բարձր մակարդակով աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տնտեսական, զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Կ՛ամրապնդուի մեր փոխադարձ...

Ռուստամեան. «Անհեթեթ Է, Որ Զինուորական  Գործը Հաւաքական Ղեկավարում Ունենայ»

Ռուստամեան. «Ասիկա Հասունցած. Նախապատրաստուած Համաձայնագիր Է»

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ նախ եւ առաջ դիտել տուած է, թէ առաջին օրէն իսկ այս համաձայնագիրը ողջունելի էր Դաշնակցութեան համար, որովհետեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցող լուրջ փոփոխութիւնները կը յուշէին, որ ասիկա արդիւնք պիտի տար: «Այս համաձայնագիրը աննախընթաց է...

Արցախի Մէջ Զինուոր Նարեկ Յարութիւնեանը  Նահատակուած Է Թշնամիի Գնդակէ

Արցախի Մէջ Զինուոր Նարեկ Յարութիւնեանը Նահատակուած Է Թշնամիի Գնդակէ

9 ապրիլին Արցախի հարաւային ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ ծառայող քսանամեայ զինուոր Նարեկ Գէորգի Յարութիւնեանը թշնամիի գնդակով նահատակուեցաւ: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ իր ծանր վիշտն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ նշած է, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:...

Պերլին Կ՛ուզէ «Ապահով Երկիրներ»  Հռչակել Հայաստանն Ու Վրաստանը

Պերլին Կ՛ուզէ «Ապահով Երկիրներ» Հռչակել Հայաստանն Ու Վրաստանը

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆեր ներկայիս աշխատանք կը տանի` Վրաստանն ու Հայաստանը «ապահով երկիրներ»-ու շարքին դասելու: Այս հաստատումը կատարած է Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Շթեֆան Մայեր` աւելցնելով, որ ապաստան տալու մասին դիմումներու մշակման հոլովոյթը արագացնելու նպատակով, նախարարը մտադիր է Վրաստանը եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Մարոքը, Թունուզը եւ Ալճերիան նշեալ դասաւորման մէջ առնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս» լրատու...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (20).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լրագրողներու  Վերապատրաստման Դասընթացքի Ծրագիրին

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (20). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լրագրողներու Վերապատրաստման Դասընթացքի Ծրագիրին

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի ծիրին մէջ ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին, «Ապագայ լրագրողներ»-ը սքայփի ընձեռած ուղղակի հաղորդակցութեան ընդմէջէն առիթը ունեցան ծանօթանալու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրին: Երեւանէն ուղղակի կապով «Ապագայ լրագրողներ»-ուն միացաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Ան մանրամասնօրէն բացատրեց լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ արձանագրութեան հոլովոյթն...

Հայաստան Ամբողջութեամբ Անցաւ Խորհրդարանական Համակարգին.  Հայաստանի Հանրապետութեան  4-րդ Նախագահ Արմէն Սարգսեան  Ստանձնեց Իր Լիազօրութիւնները

Հայաստան Ամբողջութեամբ Անցաւ Խորհրդարանական Համակարգին. Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստանձնեց Իր Լիազօրութիւնները

9 ապրիլին «Կարէն Տէմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ, սփիւռքահայեր, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ: Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը իր պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որուն բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպումները Կը Շարունակուին. «Այսօրուան Ընտրապայքարը Լիբանանահայութեան Հաւաքական Ուժին Դէմ Պայքարն Է» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Դուման» կոմիտէներուն ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: Լսարանը...

Ռաուտայի Մէջ.   ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Հաստատեն Հայուն  Արժանապատուութիւնը Եւ Հպարտութիւնը Պահպանելու  Կարեւորութիւնը` Հաւատալով,  Որ Հայութեան Կամքը Կարելի Չէ Ընկճել

Ռաուտայի Մէջ. ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Հաստատեն Հայուն Արժանապատուութիւնը Եւ Հպարտութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը` Հաւատալով, Որ Հայութեան Կամքը Կարելի Չէ Ընկճել

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ  երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էհլանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի եւ շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող բազմութեան: Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Վազգէն Յակոբեան «Շուշի» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՅԴ-ի...

«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան»  Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

Շաբաթ, 7 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» նոր մարզադաշտերուն (պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի), որոնց վերանորոգումը, անհրաժեշտ տուեալներով օժտելու աշխատանքը, թեթեւ առաստաղով մը փակելն ու զանոնք իբրեւ մարզադաշտ յարդարելը սիրայօժար կերպով ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն...

«Ճանչնանք Մեր Հերոսները» Խորագիրով  Ձեռնարկ. Յարգանք Անձնազոհներուն  Եւ Ուխտի Վերանորոգում

«Ճանչնանք Մեր Հերոսները» Խորագիրով Ձեռնարկ. Յարգանք Անձնազոհներուն Եւ Ուխտի Վերանորոգում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` «Ճանչնանք մեր հերոսները» խորագիրը կրող: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ցուցադրութեամբ տեսերիզի մը, որ կը կրէր «Ես եմ» խորագիրը, եւ որուն մէջ հնչեցին Շ. Մեղրեանի հերոս ընկերներուն անունները: Բացման խօսքը կատարեց Սանան Խաչերեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ...

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Օրհնութիւն Եւ Բացում Վատիկանի Մէջ

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Օրհնութիւն Եւ Բացում Վատիկանի Մէջ

Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ը յատկանշական օր մը եղաւ հայութեան համար` Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի պաշտօնական բացումով, ներկայութեամբ պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: Զմմառեան ուխտի ժառանգաւոր Ժաք Քէշիշեան Հռոմէն հաղորդեց, որ  կէսօրուան ժամը 12:20-ին, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս քահանայապետին, մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, Վատիկանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հարցերը յանձնեց պապին ազնիւ ուշադրութեան.- 1) Պայմաններու բերումով, եկեղեցիներ Գրիգորեան եւ Յուլեան տօնացոյցերու հետեւելով, Քրիստոսի յարութեան տօնը տարբեր թուականներու...

Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան  Քոլեճի Սրահին Մէջ.  ՀՅԴ-ի Չորս Թեկնածուներու Ծանօթացման  Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան

Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի Սրահին Մէջ. ՀՅԴ-ի Չորս Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէներուն, երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն...

«Հայկական Հարցը Իրաւացի Է, Հայաստանը`  Իրաւատէր, Իսկ Օսմանցիները`  Դէպի Յաւելեալ Լարուածութիւն»   Շեշտեց Ժոզեֆ Ապու Ֆատել

«Հայկական Հարցը Իրաւացի Է, Հայաստանը` Իրաւատէր, Իսկ Օսմանցիները` Դէպի Յաւելեալ Լարուածութիւն» Շեշտեց Ժոզեֆ Ապու Ֆատել

Քաղաքական վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել «Տիար» օրաթերթին մէջ գրած  է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկարագրէ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղ սուլթան, հաստատելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Հայ դատի իրաւացիութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայութեան իրաւատէրի ճշմարտութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժոզեֆ Ապու Ֆատելի յօդուածը`...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբի յանձնախումբի միացեալ պատուիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն հետ: ՀՄԸՄ-ական եղբայրները զեկուցեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի խումբին մինչ այժմ գրաւած պատուաբեր դիրքին, խումբ-համակիրներ սերտ եւ փոխզօրակցող կապին ու մթնոլորտին մասին` յայտնելով առաջին հորիզոնականը պահելու ընդհանուր  վճռակամութեան մասին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները իրենց...

Նախագահ Սարգսեան. «4 Միլիոն Հաշուող  Հայաստան, Բարձր Աշխատավարձեր,  100 Հազարաւոր Աշխատատեղեր»

Նախագահ Սարգսեան. «4 Միլիոն Հաշուող Հայաստան, Բարձր Աշխատավարձեր, 100 Հազարաւոր Աշխատատեղեր»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ 4 ապրիլին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է «Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւն-2030» փաստաթուղթի նախագիծի լրացուած եւ մշակուած տարբերակը: Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի զարգացման հեռանկարային թիրախներուն հասնելու համար վճռորոշ եղող սկզբունքային շարք մը հարցերու, որոնց շուրջ քննարկման մասնակիցներուն հետ նոյն ձեւի պայմանաւորուածութիւն գոյացած էր նախորդ հանդիպումին: Նախագահը շեշտած է,...

Հրանդ Մարգարեան. «Կան Հիմքեր  Առանց Ցնցումների Զարգանալու»

Հրանդ Մարգարեան. «Կան Հիմքեր Առանց Ցնցումների Զարգանալու»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հարցազրոյց մը տուած է «Թերթ»-ին, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական կեանքին: Ստորեւ կու տանք հարցազրոյցին ամբողջութիւնը: Սերժ Սարգսեանի համար 3-րդ անգամ ընտրուելու միակ լուծումը սահմանադրութեան այսպիսի փոփոխութիւնը չէր: Նա կարող էր այլ երկրների օրինակով 3-րդ անգամ ընտրուելու արգելքը վերացնել: «Թերթ»-ի հետ զրոյցում այս մասին ասաց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Վերջինս հարց...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 4 ապրիլի կէսօրին, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին սկիզբը, ժողովականները քննարկեցին 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները եւ յատկապէս` Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ կատարուող աշխատանքները: Իբրեւ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի ցանկակից կուսակցութիւններ, ժողովականները շեշտեցին 6 մայիսին խիտ շարքերով ընտրութիւններու մասնակցութեան թելադրականութիւնը` քուէի իրաւունքով քաղաքական մեր կամքը...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Պասքեթպոլի  Աղջկանց Խումբը  Իր Յաղթանակի Բաժակը Յանձնեց  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբը Իր Յաղթանակի Բաժակը Յանձնեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին

Երէկ` չորեքշաթի, 4 ապրիլի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի մարզիկները, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեանը այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: 25 մարտին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը նուաճած խումբին ու պատասխանատու կազմին նպատակն էր իրենց արձանագրած յաջողութիւնը...

Page 568 of 796 1 … 567 568 569 … 796

Արխիւներ