Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Վրաստանի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու Հետ

Մայիս 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 30 մայիսին հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի ողջունելով Հայաստանի վարչապետը` բարձր գնահատեց երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները եւ նշեց, որ քննարկուած հարցերն ու նախաձեռնութիւնները խթան պիտի հանդիսանան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման: «Ուրախ  եմ հանդիպելով Հայաստանի ժողովրդավար վարչապետին: Յոյս ունիմ, որ ձեր այցելութիւնը նոր երանգ պիտի հաղորդէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն, որոնք ունին բազմադարեայ պատմութիւն», ըսաւ Վրաստանի նախագահը:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ուրախ է նախագահ Մարկվելաշվիլիին հանդիպելու եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ու զարգացման հեռանկարները քննարկելու կարելիութեան համար: «Համոզուած եմ, որ ժողովրդավարութիւնը մեր երկիրներուն համար ունի կենսական նշանակութիւն: Մեր ժողովուրդներու համոզումը` երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ, հիմնուած է սիրոյ եւ համերաշխութեան վրայ, եւ մենք ջանքեր պիտի  չխնայենք անոնց նոր թափ հաղորդելու համար», ըսաւ Փաշինեան` համոզում յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին կարենան ուրուագծել միջպետական համագործակցութեան զարգացման նոր կարելիութիւններ:

Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակ այցելելէ եւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք Նիկոլ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցաւ վրացի իր պաշտօնակիցին` Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ: Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները անդրադարձան հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն:

Անկէ ետք կայացաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն ընթացքին Վրաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ իր կառավարութիւնը պատրաստ է քայլերու ձեռնարկել` ընդլայնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ նոր ազդակ հաղորդել հայ-վրացական կապերուն:

Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ  Հայաստանն ու Վրաստանը պատմական խոր արմատներ ունին, ուստի ան որոշած է իր առաջին այցելութիւններուն կարգին նկատի ունենալ այս երկիրը: «Կը հաւատամ, որ մեր երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններով պայմանաւորուած միջպետական երկխօսութիւնը ամուր հիմք պիտի ստեղծէ մեր համագործակցութեան առաւել ամրապնդման համար», շեշտեց ան: Վարչապետը աւելցուց, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին` վստահեցնելով, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է կարելին ընելու` Վրաստանի հետ հարուստ փոխգործակցութեան նոր որակ հաղորդելու համար:

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները քննարկեցին առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ հայ-վրացական համագործակցութեանը վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ  նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Իրագլի Գոպախիցէի հետ, որ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած, որ այս մէկը պիտի նպաստէ հայ ու վրացի ժողովուրդներու կապերու աւելի եւս ամրապնդման ու ընդլայնման: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի միջխորհրդարանական երկխօսութիւնը: Զրուցակիցները համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարանականներուն պարբերական հանդիպումները իրենց ներդրումը ունին երկու երկիրներուն միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ երկխօսութեան միջոցով Հայաստանն ու Վրաստանը ի վիճակի են արագօրէն լուծելու բոլոր հարցերը, գտնելու գործընկերութեան նոր ձեւաչափեր եւ փոխշահաւէտ միացեալ նախագիծերու ու ծրագիրներու իրականացման նոր կարելիութիւններ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի ուշ այցելեց նաեւ Խոջավանք պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղեց Րաֆֆիի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի շիրիմներուն վրայ` իբրեւ յարգանք այդ մեծերուն յիշատակին: Այնուհետեւ ան ուղղուեցաւ Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Հոն եւս ան ծաղիկներ զետեղեց բակին մէջ գտնուող Սայաթ Նովայի շիրիմին վրայ: Ապա ան սրտի խօսք արտասանելով ըսաւ, որ հպարտ է վիրահայութեամբ, հայ մնալու անոնց պայքարով` աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի դրական յարաբերութիւնները կարելիութիւն կը ստեղծեն Վրաստանի մէջ հայերուն` ապրուստի աւելի լաւ պայմաններու ստեղծումին, ինչպէս նաեւ վրացիներուն կողմէ Հայաստանի նկատմամբ հանգիստ վերաբերումին:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց, Պաշտպանութեան, Մշակոյթի Փոխնախարարներու Նշանակում

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան-Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?