Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, հանդիպում մը ունեցան նախագահ Աունի հետ:
Խորհրդակցութիւններուն աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի պլոքին զօրակցութիւնը յայտնեց Սաատ Հարիրիին` յանձնառու մնալով Ազգային ուխտին:
«Մեկնելով ճշգրիտ ներկայացուցչութեան սկզբունքէն, Ազգային ուխտին նկատմամբ մեր հաւատքէն եւ այն իրականութենէն, որ նոր իշխանութեան օրով ընտրուած են հանրապետութեան հզօր նախագահ եւ խորհրդարանի հզօր նախագահ, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան», շեշտեց Յ. Բագրատունի: