Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան Դասերը, 1918-1920 Թուականներուն» Խորագիրով Գիտաժողով

June 1, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ 31 մայիսին սկսաւ երկօրեայ գիտաժողով մը` «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան դասերը 1918-1920 թուականներուն» խորագիրով:

Գիտաժողովին նախաձեռնած «Վէմ» հանդէսի խմբագիր Գէորգ Խուդինեան նշեց, որ այս գիտաժողովին պիտի փորձեն հետապնդել եւ լուծել երեք խնդիրներ: Առաջինը, ըստ Խուդինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920 թուականներու պատմութիւնը լիարժէքօրէն համաշխարհային պատմութեան տիրոյթ տեղափոխելն է, այսինքն` գիտական ընկալումներու դաշտ փոխադրելը: «Ատիկա մեզի համար ո՛չ միայն ներգիտական, այլ նաեւ աշխարհայեացքային խնդիր է` հաշուի առնելով Հայաստանի ներկայ կացութիւնը եւ ներկայ իրողութիւններու պայմաններուն մէջ մեր կողմէ աշխարհին մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Խուդինեան յայտնեց, որ գիտաժողովի երկրորդ խնդիրը կապուած է իմացական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ վերջին հարիւրամեակին եւրոպական պատմագիտութեան մէջ լայնօրէն կիրառուող յիշողութեան հարցի հայաստանեան ընկալումներու ձեւաւորման հետ: «Գիտաժողովի հետապնդած  երրորդ խնդիրը կապուած է այդ յիշողութիւնը մտաւորական պատմութեան դաշտ տեղափոխելու խնդիրին, այսինքն` սերունդներու միջեւ այնպիսի երկխօսային միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան հետ, որուն պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան` այդ սերունդի արժէքային համակարգը այսօր ալ ո՛չ միայն ընկալուի, այլ նաեւ կարեւոր ներկայութիւն դառնայ այսօրուան սերունդին ձգտումներու դաշտին մէջ», տեղեկացուց ան:

Խուդինեան նշեց, որ այս խնդիրներու հետապնդման առումով մեր մէջ տակաւին խնդիրներ կան, եւ գիտաժողովը անհրաժեշտ էր, բայց կայ նաեւ կարեւոր մէկ այլ առաջադրանք: «Ցարդ մենք կը փորձէինք մեզի համար հեղինակութիւններ գտնել տարբեր սերունդներու գիտնականներու բարի խօսքով, այդ մօտեցման ժամանակը անցած է, որովհետեւ երբ մենք կը վերադառնանք մեր ազգային ակունքներուն, պէտք է յիշենք, թէ որո՛ւ զաւակը եղած ենք եւ դարերու ընթացքին ո՛վ մեզ պահած է իբրեւ հայ», պարզաբանեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ կան խնդիրներ, որոնք խորհրդային օրերէն մնացած կարծրատիպերով այսօր կը շարունակեն իրականութեան չհամապատասխանող ձեւով ընկալուիլ, նաեւ դասաւանդուիլ դասագիրքերուն մէջ խեղաթիւրուած ձեւերով ներկայացուած: «Այս գիտաժողով-քննարկման կարեւորութիւնը այն է, որ փորձենք լուսարձակի տակ բերել այդ խեղաթիւրումները, փորձ կատարել փոխել կարծրատիպերը եւ մեր հասարակութեան ներակայացնել իրականութիւնը, ճշմարտութիւնը», ըսաւ Մանոյեան:

Կարեւորը Հայաստանի պետականութեան վերականգնման փաստը արձանագրելն է իբրեւ այդպիսին` ո՛չ միայն Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակ, այլեւ հայկական պետականութեան վերականգման հարիւրամեակ: «Կրնան ըլլալ առարկողներ, որ միշտ ալ ունեցած ենք պետականութեան որոշ յատկանիշներով կառոյցներ, բայց փաստ է, որ 1918-ին վերականգնեցաւ հայկական պետականութիւնը, եւ այդ պետականութիւնն է, որ, փաստօրէն, անցնող հարիւր տարիներուն եղած է այն վէմը, որուն շուրջ մեր ժողովուրդը, մեր ազգը կը շարունակէ իր գոյատեւումը», ըսաւ Մանոյեան:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Գէորգ Ստեփանեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ երկարատեւ հոգեվարքի եւ, ի վերջոյ, կործանման դատապարտուած է այն ժողովուրդը, որ երբեւէ չէ ձգտած ազատութեան ու անկախութեան: «Հարկ է նշել, որ այս պարագային հայ ժողովուրդը միշտ ալ այդ անկախութեան գաղափարի ձգտումը վառ պահած է, եւ անոր իրականացումը 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերու ընդմէջէն ծնած մեր անկախութեան հռչակումն էր: Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ծնաւ առաջին հերթին մայիսեան հերոսամարտերու իբրեւ արդիւնք` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերու, սակայն պէտք է նշել, որ ասոնց կողքին կը դասուի նաեւ Պաքուի 18 թուականի հերոսամարտը, ինչ որ մեր օրերուն քիչ կը նշուի», ըսաւ ան:

Ստեփանեան ընդգծեց, որ առաջին հանրապետութեան ամէնէն մեծ դասը այն է, որ մենք պէտք է ապաւինինք մեր ուժերուն. «Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ հայ ժողովուրդը կ՛ապաւինի ինքնիր ուժերուն եւ չի յանձնուիր այս կամ այն օտար խաղերուն, միշտ ալ կը յաջողի յաղթանակով դուրս գալ, առաջին դասը ասի՛կա է», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Շարունակեց Աշխատանքները

Յաջորդը

Նուրհան Արք. Մանուկեանին Յղած Նամակին Մէջ. «Հարցը Չէ Մերժուած. Իսրայէլի Քնեսէթը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կը Գրէ Քնեսեթի Նախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.