Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական Թ. Համաժողովը Սկիզբ Առաւ

Մայիս 31, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ երէկ սկիզբ առաւ Լրագրողներու համահայկական Թ. համաժողովը:

Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս շեշտուեցաւ հետեւեալը. «Խորհրդանշական էր, որ Հայոց պետականութեան վերակերտման 100-ամեակի նախօրեակին սկիզբ առած խաղաղ անհնազանդութեան շարժումը համազգային դրսեւորում ստացաւ: Սփիւռքը թեւ ու թիկունք դարձաւ սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեան, որ  յաղթեց ողջ հայութեան միասնական կամքով` սկիզբ դնելով ազգային զարթօնքի, հայոց պետականութեան ամրապնդման եւ երկրին պատկերը բարձրացնելով նոր փուլի»:

Նախարարը վստահութիւն յայտնեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ եւս յեղափոխութիւն իրականացնելու գծով` նոր մտածողութեամբ, նոր ոճով եւ սիրոյ ու անկեղծութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման նոր տրամաբանութեամբ:

«Վստահ եմ, որ այս համաժողովը կը դառնայ վերարժեւորելու, մեր հարցերը անկեղծ ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ քննարկելու  եւ անոնց լուծումներ գտնելու բացառիկ հարթակ, ի վերջոյ ձեւաւորուելով առողջ ու կենսունակ համահայկական տեղեկատուական դաշտ», նշուեցաւ սփիւռքի նախարարին խօսքին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքելեան եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան:

«Լրատուամիջոցները օրեր առաջ երկրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններու մասին ժամանակին, ամբողջական կերպով իրազեկած են ընթերցողներն ու հեռատեսիլի ակնդիրները: Տեղեկատուական դաշտը քարոզչամիջոց չէ, լրագրողներն ալ քաղաքական գործիչներ չեն: Մամուլին խնդիրը չէ այս կամ այն քաղաքական հոլովոյթներուն կամ հասարակութեան վրայ ազդելը, զանոնք ուղղորդելը: Լրատուամիջոցները պէտք է շարունակեն աշխատիլ այնպէս, ինչպէս աշխատած են` մասնագիտական բարեխղճութեան եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ: Մամուլին համար ստեղծուած իրավիճակը եւ ժողովրդավարական պետութիւն ունենալու հեռանկարը բացառիկ հնարաւորութիւն է: Յոյս կը յայտնենք, որ շարժումին առաջնորդները հաւատարիմ կը մնան ազատ, ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւն կառուցելու իրենց խոստումներուն, կը կատարեն իրենց առաւելագոյնը` մամուլին համար հաւասար պայմաններ, ազատ արտայայտուելու լիարժէք հնարաւորութիւններ եւ զանոնք ապահովող համապատասխան օրէնսդրական կառուցակարգեր ստեղծելու համար», ըսաւ Սաթիկ Սէյրանեան:

Շահան Գանտահարեանի խօսքով` այս տարի որոշակի փոփոխութիւններ արձանագրուած են: «Գերատեսչութիւնները ունին հայեցակարգային նոր նախագիծեր, որոնց ծանօթանալու նպատակով համաժողովին ընթացքին պիտի կատարուին աշխատանքային հանդիպումներ, լրագրողները առիթ պիտի ունենան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ այդ բոլորը քննարկելու: Քննարկումի առարկայ պիտի դառնան նաեւ Հայաստանի լրատուադաշտի դիմագրաւած խնդիրները, հայրենիք-սփիւռք լրատուական մարզի համագործակցութիւնը եւ մասնագիտական մակարդակի վրայ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները», նշեց ան:

Գանտահարեանի համաձայն, սփիւռքի մէջ ո՛չ միայն լրագրողի արհեստավարժութեան, այլ նաեւ հայերէնին տիրապետելու խնդիր կայ, եւ այդ առումով պետութեան աջակցութեան ու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի: Համաժողովները լրագրողներուն կ՛ընծայեն զիրար ճանչնալու հնարաւորութիւն: «Եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ ճանաչումի իբրեւ արդիւնք կը ձեւաւորուի համագործակցութիւն, լրատուութեան մարզի խնդիրները դիմակայելու համար համատեղ ուղիներ որոնելու միջոցներ ու ցանցային կառոյցի աշխատանք կը ծաւալի», եզրափակեց նա:

Այնուհետեւ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց չորս նիստերով: Համաժողովին բացման արարողութեան մասնակցեցան շուրջ 70 լրագրողներ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն շարք մը հարցեր` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան լրագրութենէն սկսեալ մինչեւ լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններու արձագանգներն ու անոնց մէջ լրագրողներու դերակատարութիւնը:

Ժողովը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` հինգշաբթի, 31 մայիսին եւ վաղը` 1 յունիսին:

Նախորդը

Ամերիկացի Ծերակուտական Մը Գործարարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Մէջ Ներդրումներ Չկատարելու

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ախտագին Երեք Երեւոյթներ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?