ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Պատուիրակութիւնը վեհափառ հօր ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին կապուած ծրագիրներուն ընթացքը, մանաւանդ պաշտօնական հանդիսութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց իր հովանաւորութիւնը միութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Արծարծուեցան նաեւ միութեան այլ աշխատանքներուն կապուած մանրամասնութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ նորութիւններ ներկայացուեցան վեհափառ հօր: