Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Դատախազութիւն. «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը Յանցանք Չէ»

Յունիս 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ դատախազութիւնը որոշած է դադրեցնել հետապնդումը այն թուրք գործիչներուն, որոնք 24 ապրիլին քաղաքի Սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ «Հայոց ցեղասպանութիւն» գրութեամբ պաստառներ բարձրացուցած էին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:

Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերութեան Պոլսոյ գրասենեակը 24 ապրիլ 2018-ին Սուլթանահմեթի հրապարակին վրայ ուզած էր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութիւն կազմակերպել, սակայն ոստիկանութիւնը արգիլած էր ձեռնարկը` պատճառաբանելով, որ բարձրացուած են «ցեղասպանութիւն» եզրը կրող պաստառներ:

Այդ պաստառները հրապարակ բերած գործիչներ` Լեման Եուրթսեւեր, Ժիան Թոսուն եւ Կամզէ Էօզտեմիր ձերբակալուած, ապա աւելի ուշ ազատ արձակուած էին: Իբրեւ ձերբակալութեան պատճառ նշուած էր պաստառին վրայ գրուած «Ճանչցի՛ր Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրէ՛, փոխհատուցէ՛» գրութիւնը: Օրերս աւարտած է գործիչներու գործով հետաքննութիւնը եւ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը վճռած է, որ չկան հիմքեր անոնց նկատմամբ հետապնդում կատարելու համար:

Ուշագրաւ է, որ դատախազութիւնը իր որոշումին մէջ յղում կատարած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած որոշումներուն` ընդգծելով, որ խօսքի ազատութեան սահմանման մէջ կը մտնեն նաեւ այն արտայայտութիւնները, որոնք պետութեան կամ բնակչութեան մէկ հատուածին համար ոչ ցանկալի կը համարուին: Վճիռի մէջ նշուած է նաեւ, որ գործիչները «մտադրութիւն չեն ունեցած հրապարակաւ ծաղրի ենթարկել թուրք ժողովուրդը»: Որոշումը կ՛ենթադրէ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրի կիրարկումը յանցանք չէ:

Մարդու իրաւունքներու ընկերութեան Պոլսոյ գրասենեակը կարեւոր նկատած է դատախազութեան վճիռը` նշելով, որ աննախադէպ այդ վճիռը հետագային ալ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ: «Այսուհետեւ ամէն ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն մեզի հետ պիտի ունենանք դատախազութեան որոշումը: Եւ եթէ անգամ մը եւս փորձ կատարուի խափանել մեր ձեռնարկը, այս որոշումը ցոյց պիտի տանք համապատասխան պաշտօնեաներուն», նշած են անոնք:

Նախորդը

Նուրհան Արք. Մանուկեանին Յղած Նամակին Մէջ. «Հարցը Չէ Մերժուած. Իսրայէլի Քնեսէթը Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կը Գրէ Քնեսեթի Նախագահը

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Ջաւախահայութեան Խոստացաւ Որակականօրէն Նոր Աստիճանի Բարձրացնել Հայ-Վրացական Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?