Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

May 28, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կիրակի, 27 մայիս 2018-ին,  կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպէքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 100-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն ինն: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի,   Բարսեղ Կանաչեանի («Կամաւորական գունդերու քայլերգի` «Յառաջ նահատակ»-ի յօրինող), Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արամ Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Լոլա Սասունիի, Վահան Փափազեանի (Կոմս), Արտաշէս Յովհաննէսեանի (Մալխաս), Վարդան Շահպազի, Հեղանուշ Փափազեանի եւ Մուշեղ Իշխանի  շիրիմներուն վրայ:

Նոյն նպատակով, առաւօտեան ժամը 10:45-ին  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծաղկեպսակ զետեղեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը խորհրդանշող յուշակոթողին, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկաուտական խումբերը տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ մասնաւորապէս Լիբանանի գաղութը առաւել պարտականութիւն պէտք է զգայ յիշելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու այն նուիրեալներուն, որոնք Ցեղասպանութեան տաժանելի տարիներէն ետք կրցան հայ ժողովուրդը համախմբել, կազմակերպել յաղթական ճակատամարտեր եւ հողային նուազագոյն կորուստով գծել այսօրուան Հայաստանի սահմանները: Ազգային այս արժէքներուն աճիւնները կը հանգչին Լիբանանի մէջ, եւ անոնց անմահացած վաստակը ոգեւորութեան աղբիւր է, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդները շարունակեն անոնց սկսած երթը եւ կերտեն մեր բոլորին նպատակը հանդիսացող ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Ա. Անկախութեան Տօնին 100-Ամեակին Նուիրուած` Մենք Ու Մեր Վկաները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.