«Մայիս 28-ի Ոգին Ու Պատգամը Պէտք Է Դարձնել Հենքը Ազգային Գաղափարախօսութեան, Ռազմավարութեան Ու Մարտավարութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Օրուան պատարագիչն էր Եփրեմ արք. Թապագեանը: Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներու կողքին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, պետական երեսփոխաններ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ ազգային մարմիններու անդամներ:
Պատարագի ընթացքին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, նախ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ ապա եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Եռագոյն դրօշը միաբան հայրերու կողմէ բարձրացաւ Ս. խորանին առջեւ, եւ վեհափառ հայրապետը անոր առջեւ աղօթք կատարելէ ետք օրհնեց զայն` խնդրելով Աստուծմէ, որ ան միշտ ծածանի հայութեան վերեւ` իբրեւ խորհրդանշան ամբողջական հայութեան` ամբողջական Հայաստանի:
Արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը սկսաւ` յիշելով «գերիներուն ազատութիւն բերելու» Քրիստոսի առաքելութեան նշանաբանով: Ան ըսաւ, թէ ազատութիւնը աստուածատուր պարգեւ է. մարդիկ իրաւունք չունին զայն խլելու: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցին ա՛յս յանձնառութեամբ բոլոր ժամանակներուն Ղեւոնդ Երէցներու ու Խրիմեան Հայրիկներու օրինակով գործած է, նոյնիսկ իր արիւնը թափած «վասն ազատութեան ազգիս հայոց»: Նոյն ոգիով հայ եկեղեցին մասնակից դարձաւ, հայ զինուորի կողքին, 1918-ին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն եւ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերակերտման մէջ:
Ապա, վեհափառ հայրապետը, խօսելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, յայտնեց, որ թէեւ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու պարտադրանքներուն տակ եւ մեկնելով ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերէն, Հայաստանի իշխանութիւնը տեղի տուաւ ամբողջատիրական վարչակարգին ու Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը, սակայն եռագոյնով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութիւնը, իբրեւ ոգի, գաղափարախօսութիւն, յոյս ու տեսիլք, մնաց խորապէս արմատացած հայրենիքի ժողովուրդին սրտին մէջ ու սերտօրէն շաղախուած սփիւռքի հայութեան կեանքին հետ: Այս առնչութեամբ, «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եղաւ ամուր պահապանը եւ անվեհեր քարոզիչը եռագոյնի խորհուրդին ու պատգամին: Այս ոգիով ու տեսլականով սերունդներ կազմաւորուեցան մեր դպրեվանքին մէջ ու դարձան քաջ վկաները ազատ ու անկախ Հայաստանին` ամբողջական Հայաստանին ամբողջական հայութեամբ: Նո՛յն ոգիով մեր Ս. Աթոռը 1991-ին Հայաստանի վերանկախացումը ջերմօրէն ողջունեց` իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի անկախութեան ամրացման ու պետութեան կազմակերպման համազգային առաքելութեան», նշեց վեհափառ հայրապետը:
Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին այժմէական պատգամին` վեհափառ հայրապետը թուեց երեք հիմնական կէտեր.
Նախ, վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ անկախութիւնը արիւնով ձեռք կը ձգուի, սակայն քրտինքով, հաւատքով ու յստակ տեսլականով կը պահուի: Առ այդ, այսօր եւս, Հայաստանի անկախութեան պահպանումը դիւրին չէ, նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները, ինչպէս պատերազմ, տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, արտագաղթ եւ այլն: Ան շարունակեց, որ հակառակ այս մարտահրաւէրներուն, պէտք է կառչած մնալ հայրենի հողին, ամրացնել Հայաստանի պետութեան հիմքերը, զարկ տալ Հայաստանի տնտեսութեան ու ծաւալել անոր միջազգային յարաբերութիւնները, որոնք կրնան նպաստել պետութեան հզօրացման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան:
Խօսելով սփիւռքի կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները ճիշդ ձեւով հունաւորելու մասին` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ սփիւռքը հսկայ ներուժ ունի իր ազգային, քաղաքական, մշակութային ու հոգեւոր հարուստ փորձառութեամբ ու զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ թիւով մասնագէտներու ու փորձագէտներու շնորհիւ: Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի անկախութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն զօրեղ պաշտպանը: Սակայն այս բոլորը ի զուր կը մնան, եթէ սփիւռքը չկարենայ իր ներուժը ճիշդ ու ամբողջական կերպով արդիւնաւորել ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ազգային շահերուն: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ սփիւռքը պէտք է իր ներուժը համախմբէ համասփիւռքեան ու համահայկական տոկուն հարթակի վրայ, ամուր առանցքի ու յստակ օրակարգի շուրջ. ան յիշեցուց, որ սփիւռքի ներուժը սոսկ բարեսիրական ոլորտին մէջ չէ, այլ Հայաստանի ու մանաւանդ համահայկական խնդիրներու ոլորտներուն մէջ:
Եւ վերջապէս, Արամ Ա կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ յատուկ կերպով ընդգծեց Հայաստանի հզօրացման խնդիրը, որ պիտի իրականանայ Արցախի ամրացումով ու սփիւռքի կազմակերպութեամբ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ հզօր Հայաստանի տեսլականը պէտք է վերածուի ազգային գաղափարախօսութեան, մարտավարութեան ու ռազմավարութեան:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Խորապէս կը հաւատանք, որ Հայաստանը աւելի՛ կը ծաղկի ու կը հզօրանայ իր Արցախով, եւ սփիւռքը աւելի՛ կը կազմակերպուի, երբ համախմբուինք մեր տագնապները, մարտահրաւէրներն ու պահանջատիրութիւնը ներառող համազգային օրակարգի մը շուրջ` դերերու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով լծուելով հաւաքական աշխատանքի: Ահա՛ պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին»:
Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, ընդառաջելով ՀՄԸՄ-ի ջերմ փափաքին, տեղի ունեցաւ սկաուտական տողանցք` գլխաւորութեամբ շեփորախումբին: Ազգային խանդավառութիւն ստեղծած ու Մայիս 28-ի ոգին անգամ մը եւս ներկաներուն կեանքին մէջ ապրեցուցած տողանցքէն ետք, Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց` գնահատելով ՀՄԸՄ-ը, ինչպէս նաեւ մեր այն բոլոր մարզական միութիւնները, որոնք բոլոր գաղութներուն մէջ` թէ՛ Մայիս 28-ին եւ թէ՛ այլ ազգային տօնախմբութեանց առիթներով, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ վառ կը պահեն ազգային արժէքներն ու ձգտումները:
Հոգեհանգիստ Սարդարապատի Հերոս Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին
Շիրիմին Առջեւ Եւ Համերգ Դպրեվանքի «Արմաշ» Երգչախումբին Կողմէ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին ձախ կողմը գտնուող «Զարեհեան դամբարան»-ին մէջ, կիրակի, 27 մայիս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեանի շիրիմին առջեւ: Երանաշնորհ հայրապետը իբրեւ վարդապետ, հայ զինուորի կողքին մասնակից դարձած է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի պատերազմներուն` իր աղօթքով ու պատգամներով խրախուսելու հայոց բանակը:
Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բարձրացած անկախութեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ համերգ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մուշեղ սրկ. Գարակէօզեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին աննկուն կամքը կեանքի ալիքներուն դիմաց: Ան ըսաւ, թէ 1915 թուականի աղէտալի եղեռնէն ետք հայ ազգը պայքարեցաւ իր ձեռքով կերտելու իր ճակատագիրը եւ այդ կատարեց նաեւ պայքար երգելով: Այս ելոյթը հոգիի պարտք եղող ազատութեան եւ արդար հատուցումի ձայնն է, որ կը հնչէ Կիլիկիոյ փառաւոր աթոռին ու անոր ազգընտիր գահակալին ընդմէջէն:
Ապա, դպրեվանքի սաները, իրենց ազգային ու յեղափոխական երգերով, պանծացուցին յիշատակը մեր ազգային հերոսներուն եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ոգին ու տենչը փոխանցեցին ներկաներուն: Ելոյթին տուտուկով հանդէս եկաւ նաեւ Օշին աբղյ. Չուալերթանեանը:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով: