Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն` Արամ Մանուկեանի Գերեզման

May 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ դաշնակցականներ ու համակիրներ այցելեցին Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմը, ուր ներկայ էին նաեւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեանը եւ ուրիշներ:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադառնալով այն հարցումին, որ արդեօ՞ք այսօր` հարիւր տարի անց, ճիշդ կը գնահատուի անկախութեան արժէքը, ըսաւ, որ տակաւին անհրաժեշտ չափով ատիկա չէ գնահատուած:

«Փաստը այն է, որ մենք ենք հիմա Արամ Մանուկեանի գերեզմանին մօտ: Արամ Մանուկեանի տեսակը մեր պետական այրերուն, մեր քաղաքական գործիչներուն համար իսկապէս պէտք է ուղեցոյցը, ուղղորդողը, ընդօրինակուող կերպարը ըլլայ, որ այդպէս չէ: Տակաւին անհրաժեշտ չափով չէ գնահատուած, բայց, կը կարծեմ, այսքան ուշացումով նոր սկիզբը պիտի ըլլայ, որ ամէն օր աւելի շատ յաջողինք հասկնալ այդ սերունդը եւ անոր ամէնէն վառ ներկայացուցիչ Արամի դերակատարութիւնը հայկական իրականութեան, հայկական պատմութեան մէջ: Մենք մեր ժողովուրդի անկման ընթացքը կասեցուցած ենք 1918 թուականին, եւ նոր վերելքի շրջան սկսած ենք` պետականութեան վերականգնումով», ըսաւ ան:

Մարգարեան նկատել տուաւ, որ ամէն ինչի հիմքը եղած է ամբողջական սերունդ մը, կազմակերպութիւն մը, ժողովուրդ մը, որուն ամէնէն բիւրեղեայ կերպարը եղած է Արամ Մանուկեան: «Ան կը ներկայացնէ այդ ամբողջ սերունդը, այդ 30 տարուան ազատագրական պայքարը: Մենք 30 տարուան մղած պայքարով յաջողեցանք վերագտնել կորսնցուցած ռազմական ուժը, յաջողեցանք նաեւ քաղաքական ինքնուրոյն ազդակ դառնալ շրջանին մէջ: Այո, յաջողեցանք այդ ողբերգական պահուն ամէնէն մեծ սխրանքը գործել` ստեղծելով հայկական պետականութիւնը», ընդգծեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ հարիւր տարի առաջ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի մէջ հայ ժողովուրդին կողմէ կատարուած սխրանքի իբրեւ արդիւնք մենք նոր էջ բացինք մեր պատմութեան մէջ, եւ մայիսեան հերոսամարտերը եկան ամրագրելու հայկական նոր վերածնունդի սկիզբը: «Այսօրուան հեռաւորութենէն դժուար է գերագնահատել այն սխրանքը, որ կատարուեցաւ 100 տարի առաջ: Պէտք է արձանագրել, որ ՀՅԴ քաղաքական ղեկավարութեան եւ բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով կարճ ժամանակահատուածին մէջ միս ու արիւն ստացաւ մեր նորանկախ պետականութիւնը», ըսաւ ան:

Ըստ անոր, կարեւոր է, որ մենք մեր գնահատանքի խօսքը յաջողինք այսօր հնչեցնել մեր պետականութեան հիմնադիր այրերուն եւ նախ Արամ Մանուկեանին: «Առանց Արամ Մանուկեանի, առանց այն նուիրեալ զաւակներուն, որոնք ոգեշնչեցին, ոգեւորեցին, հաւատացին, հաւատացուցին եւ իրենց ետեւէն տարին յաղթանակի, դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել այն յաջողութիւնը, որ մենք արձանագրեցինք 1918 թուականին»,  եզրափակեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ մայիս 28-ը իրեն համար մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն թուականն է, եւ որ մայիս 28-ի շնորհիւ է, որ Հայաստան վերադարձաւ աշխարհի քարտէսին: «Մայիս 28-ի յաղթանակներուն հայ ժողովուրդի պայքարի վճռականութեան համահայկական ջանքի արդիւնք էր Ա. Հանրապետութիւնը, վերականգնուեցաւ պետականութիւնը», ըսաւ ան:

Ըստ անոր, Արամ Մանուկեան այդ ժամանակուան սիրտն ու միտքն էր: «Արամ Մանուկեան հանդիսացաւ այն հիմքը, որուն շնորհիւ յայտարարուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Արժանավայել Կերպով Նշեց Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 100-ամեակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.