Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Խմբակցութեան Պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեանի Հարցումները` Կառավարութեան

Մայիս 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան հետ հարցում պատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան նախ նշած է, որ քանի մը օր ետք պիտի նշենք Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը, ապա ընդգծած է, որ ասիկա առիթ է, որպէսզի վերյիշենք մեր պատմութեան, Առաջին հանրապետութիւնը կերտողները:

«Առիթ է` վերլուծելու անոնց կեանքը, գործունէութիւնը: Յատկապէս` խորհրդարանական այս ձեւը, որ այսօր կայ, ունէր նաեւ Առաջին հանրապետութիւնը: Ասիկա լաւագոյն առիթ է Հայաստանի եւ սփիւռքի ամբողջ մտաւոր ներուժը բերելու, համախմբելու, որպէսզի մենք մեր անցեալով նոյնպէս գնահատենք մեր ներկան: Յարգելի՛ կառավարութիւն, վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով  կարծես երկրորդական դարձան Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին կապուած որոշ նախաձեռնութիւններ: Կ՛ուզեմ հարցնել` յառաջիկայ օրերուն ի՞նչ միջոցառումներ կը նախատեսուին: Յատկապէս կ՛ուզեմ գիտնալ` ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանը, ե՞րբ ատիկա պիտի տեղադրուի, մանաւանդ որ այս ծիրին մէջ անիկա  ամէնէն կարեւորներէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ ան մեր պատմութեան խորհրդանիշերէն մէկն է», դիմելով վարչապետին` հարցուցած է Ռուզաննա Առաքելեան:

Փաշինեան պատասխանած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք արդէն երկու խորհրդակցութիւն 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն բնաբանով ունեցած է եւ շատ կարեւոր կը նկատէ այդ յոբելեանը, որ ունի բացառիկ արժէքային նշանակութիւն:

«Այո՛, պէտք է խոստովանիլ, որ քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով որոշակի ուշադրութիւն տեղափոխուած է 100-ամեակի նախաձեռնութիւններէն: Բայց ես կ՛ուզեմ հաւաստել, որ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան պատշաճօրէն, եւ  կառավարութեան նախորդ նիստին մենք արձանագրեցինք, որ 100-ամեակը միայն Մայիս 28-ը չէ, որովհետեւ Մայիս 28-ին 100-ամեակը կը լրանայ, բայց յառաջիկայ մէկ տարին, ըստ էութեան, 100-ամեակ է, եւ մենք մշակոյթի նախարարին հետ այդ բնաբանը քննարկած ենք, եւ պէտք է պատշաճ մակարդակով ցուցադրութիւններ կազմակերպենք թանգարաններու մէջ: Դուք գիտէք, որ Սարդարապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, որ ռազմական շքերթի տարրեր պիտի  պարունակէ: Նոյն օրը երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, եւ ես վստահ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ կու գան Հանրապետութեան հրապարակ, այդ տօնը նշելու: Տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրումը պիտի յետաձգուի, եւ մենք ատիկա նոյնպէս  քննարկած ենք ե՛ւ կառավարութեան մէջ, ե՛ւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեր գործընկերներուն հետ: Անշուշտ, մենք շատ կարեւոր կը նկատենք արձանի տեղադրման արարողութիւնը, որ անպայման տեղի պիտի ունենայ: Որոշ հարցեր եւ մտահոգութիւններ կան արձանի տեղին կապուած, որովհետեւ գիտէք` 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ, կամ քիչ մը աւելի, կը գտնուի Գարեգին Նժդեհի արձանը, եւ քաղաքաշինական առումով պէտք է հասկնալ` որքանո՛վ ճիշդ է նման մօտեցումը: Առնուազն, եթէ աւելի լաւ տեղ չգտնուի, արձանագրենք, որ այդ տեղը արդէն իսկ կայ: Մենք բոլոր ջանքերը պիտի գործադրենք, որ Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը ո՛չ միայն 28 մայիսին, այլ շարունակաբար, պատշաճ մակարդակով տեղի ունենայ, որովհետեւ ատիկա իսկապէս մեծ տօն է եւ մեծ իրադարձութիւն մեր ժողովուրդին համար», յայտարարած է Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Յառաջիկայ Ամիսներուն Կարելիութիւններ Պիտի Փնտռենք Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Համար»

Յաջորդը

Փաշինեան. «Հայաստանի Մէջ Խոշոր Ստուերային Տնտեսութիւն Կայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?