Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի  մը առարկայացման: Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան մեկուսացման առաջնորդող ընդհանուր ծրագիրի քաղաքական...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Լիւքսամպուրկի  Արտաքին Գործոց Եւ Եւրոպական Հարցերու Նախարարը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Եւ Եւրոպական Հարցերու Նախարարը

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիւքսամպուրկի  արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռն 27 մարտին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ան նաեւ դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի ունկնդիրներուն համար, ինչպէս նաեւ մասնակցած է Հայաստանի մէջ Լիւքսամպուրկի պատուոյ հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման արարողութեան: Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է Ժան...

Եգիպտոս Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ  Բաղդատած Է Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ  Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Եգիպտոս Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Բաղդատած Է Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Եգիպտոսի խորհրդարանի արաբական աշխարհի հարցերով զբաղող կոմիտէն Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները բաղդատած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Այս լուրը կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»: «Զանգուածային այս նոր ոչնչացումները մեզի կը յիշեցնեն Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած կոտորածները», գրուած է յայտարարութեան մէջ: Կոմիտէն շեշտած է նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները քիւրտերուն նկատմամբ խտրականութեան...

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Կրթութեան  Եւ Գիտութեան Նախարարները Կը Քննարկեն  Փոխադարձ Գործակցութեան Հարցեր

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարները Կը Քննարկեն Փոխադարձ Գործակցութեան Հարցեր

Ռուսիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հրաւէրով Ռուսիա գտնուող Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է նախարար Օլկա Վասիլեւայի հետ: Անոնք կարեւոր նկատած են կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ առկայ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով աւանդական կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու: Նախարար Մկրտչեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի կրթութեան ոլորտի առաջնահերթութիւններէն մեկնելով, կարեւոր կը նկատուի օտար լեզուներու ուսուցման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:...

Մեծարանք` Հայ Թատրոնի Նուիրեալներու

Մեծարանք` Հայ Թատրոնի Նուիրեալներու

«Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքային, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած թատրոնի նուիրեալներ Նուպար Մանուկեանի, Յովսէփ Գափլանեանի,  Զաւէն Պաաքլինիի, Յակոբ Գալայճեանի եւ Կարօ Քիրիաքոյի: Ձեռնարկի ամբողջական թղթակցութիւնը կու տանք մեր վաղուան թիւով:  

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ակնարկ. Մինչեւ Նախագահութիւն Եւ Նաեւ Նախագահութեան Օրով

Ընտրացանկերու վերջնականացումն ու ընտրական դաշինքներու ճշդումը ըստ ընտրական օրէնքի ամրագրած ընթացակարգային ժամկէտներու կ՛ընթանայ առանց անակնկալներու եւ առանց ցնցումներու: Ընտրական փառատօնային հաւաքով յայտարարուեցաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան համալիբանանեան, բոլոր ընտրաշրջաններուն համար առաջադրուած անուանացանկը: Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը բնականաբար զուտ ընտրական դաշինքի պարագայական տրամաբանութեամբ չի բացատրուիր: Յատկապէս զօր. Աունի աքսորէն վերադարձէն ետք, Դաշնակցութիւնը ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներով առաջին օրէն համագործակցեցաւ...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 21-րդ Գերագոյն ժողովը, քննելով Հայաստանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, ներքին եւ արտաքին ճակատների վրայ առկայ մարտահրաւէրները, արձանագրում է. Սահմանադրական փոփոխութիւններից բխող պետական կառավարման համակարգի փոփոխութիւնները եւ համապատասխան օրէնսդրական կարգաւորումները անհրաժեշտ նախադրեալներ են ստեղծել մեր պետականութեան կայուն զարգացման համար: Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների անվտանգութեան հիմնախնդիրը շարունակում է մնալ հիմնական օրակարգ եւ թելադրում է առաջնահերթ ռազմավարութիւնները պետական եւ հանրային կեանքի...

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքի Զահլէի Ընտրացանկի  Հայ Թեկնածուն` Հյդ-Ի Թեկնածուն Չէ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքի Զահլէի Ընտրացանկի Հայ Թեկնածուն` Հյդ-Ի Թեկնածուն Չէ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն, ընտրական ծրագիրին եւ տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած թեկնածուներուն: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ քաղաքական այլ ուժերու հետ բաղդատելով կարելի չէ ըսել, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ընտրական դաշինքները փոփոխութեան ենթարկած է: «ՀՅԴ-ն 2005-էն ի վեր Ազգային...

Հայաստանի Հանրապետութեան  (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած  Օրինակները` Մայիսին

Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած Օրինակները` Մայիսին

Օրին յայտնած էինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, «Ազդակ» պիտի թուայնացնէ 1918-1921-ին հայաշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ լոյս տեսած հայերէն մամուլի որոշ կարեւոր հաւաքածոներ. աւելի ճշգրիտ` այդ հաւաքածոներուն այն թիւերը, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի մամուլի արխիւին մէջ: Այդ մամուլին կարահանուած ելեկտրոնային օրինակները «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ կը գտնուին թուայնացման վերջին փուլին մէջ` որոնման համակարգի տեղադրման իմաստով: Մայիսին...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը. Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները համախմբող ընտրացանկեր յայտարարելու շրջագիծին մէջ, շաբաթավերջին քաղաքական ուժերը ունեցան աշխուժ գործունէութիւն: Այս առումով, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մեկնարկը կատարեց ընտրարշաւի սկիզբին եւ յայտարարեց իր ընտրական ծրագիրն ու Լիբանանի ամբողջ տարածքին կուսակցութեան ընտրացանկերը: Այդ ընտրացանկերէն երկուքը ընդգրկեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած թեկնածուները: Հետեւաբար...

«Մայատին» Կայանի Հարցազրոյցը  Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ.   «Քաղաքացիի Կարիքներուն Ապահովումը  Կարելի Է Քաղաքական  Ընդհանուր Բարեկարգումով»

«Մայատին» Կայանի Հարցազրոյցը Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ. «Քաղաքացիի Կարիքներուն Ապահովումը Կարելի Է Քաղաքական Ընդհանուր Բարեկարգումով»

«Իր Քուէն Վաճառողը Կանխաւ Լռութեան Դատապարտուած Է» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրութեան մասնակցող ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքներուն, թեկնածուներուն եւ ընտրական ծրագիրին: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը այդքան չարիքի համազօր գնահատուեցաւ, որ անցնող ինը տարիներուն ընթացքին ոչ ոք...

ՀՅԴ Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Այլ Միջոցներու Ու Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի 21-րդ Գերագոյն Ժողովը Ընտրած Է Գերագոյն Մարմինի Կազմը

23-էն 25 մարտ 2018-ին Աղուերանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 21-րդ Գերագոյն ժողովը: Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Գերագոյն մարմին մը հետեւեալ կազմով` Արսէն Համբարձումեան, Հրաչ Թադեւոսեան, Իշխան Սաղաթելեան, Արթուր Եղիազարեան, Սիմոն Սիմոնեան, Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Վահագն Մատինեան, Արթուր Ղազարեան, Կարէն Մնացականեան: ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի անդրանիկ նիստին  Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արսէն Համբարձումեանը: ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախագահ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ  Յանձնած Է Շարք Մը Գործիչներու.  Գեղամ Մանուկեանն Ու Յարութիւն Յարութիւնեանը  Պարգեւատրուած Են «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Նախագահ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Գործիչներու. Գեղամ Մանուկեանն Ու Յարութիւն Յարութիւնեանը Պարգեւատրուած Են «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով, տարբեր մարզերու մէջ ներդրած աւանդի եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, խումբ մը  անձեր պարգեւատրուած են պետական բարձր պարգեւներով, շնորհուած է նաեւ պատուաւոր կոչում: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` 22 փետրուարի հրամանագիրով լրագրութեան բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդին համար «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական ծրագիրներու ղեկավար Գեղամ Մանուկեանը պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Նոյն օրուան հրամանագիրով լրագրութեան բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդին համար...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հպարտ Հայու Քուէն` Միասնաբար Եւ Հպարտութեամբ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 41 օր ետք` մայիս 6-ին լիբանանցի քաղաքացին պիտի ընտրէ զինք ներկայացնող նոր խորհրդարանը: Փաստօրէն, այսօր կէս գիշերին կ՛աւարտի ընտրական ցանկերու արձանագրութեան վերջին պայմանաժամը եւ վաղուընէ սկսեալ արդէն իսկ աստիճանաբար սաստկացող ընտրապայքարը աւելիով պիտի թէժանայ: Պիտի բարձրանայ ընտրական հռետորաբանութեան առաստաղը, պիտի ընդլայնի ցեխարձակումներու արշաւը, անձնական վիրաւորանքներն ու լուտանքները պիտի բազմանան, քննադատութեան ենթակայ փոքր երեւոյթները խոշորացոյցով պիտի ներկայացուին, ընկերային ցանցերն...

Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային  Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային  Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

Անթիլիասի մայրավանքը կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով: Այս առիթով, մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Մանուկներու թափօրի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ վեհարանի պատշգամէն: Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, բարձր գնահատեց...

Նախագահ Սարգսեանի Վերջին Հանդիպումը  Հանրային Խորհուրդին Հետ`  Նախագահի Կարգավիճակով

Նախագահ Սարգսեանի Վերջին Հանդիպումը Հանրային Խորհուրդին Հետ` Նախագահի Կարգավիճակով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Ընդլայնուած կազմով հանդիպումին, խորհուրդի անդամներէն բացի, ներկայ եղած են  խորհրդակցական այդ մարմինի ոլորտային յանձնախումբերու, ենթայանձնախումբերու եւ տարածքային կառոյցներու  ներկայացուցիչներ: Նկատի առնելով, որ յառաջիկային կը լրանայ Հանրային խորհուրդի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի` սահմանադրութեամբ նախատեսուած լիազօրութիւններու ժամանակաշրջանները, եւ այդ առումով ասիկա նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին հանդիպումն է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն...

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Քուէարկեց Տնտեսական  Մրցակցութեան Պաշտպանութեան  Պետական Յանձնաժողովի Օրէնքին

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Քուէարկեց Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնաժողովի Օրէնքին

Հայաստանի Ազգային ժողովը կը քննարկէ Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ քուէարկելու հարցը, որուն առնչութեամբ առաջարկ ներկայացուց ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ըսաւ, որ պէտք է թոյլ տալ խորհրդարանական ընդդիմութեան` յանձնաժողովի անդամներէն մէկը ներկայացնելու: Ան նախ խօսեցաւ օրէնքի եւ մարմինի բացառիկ կարեւորութեան մասին:...

Լեհական Ընկերութիւնը Կը Պատրաստուի  Ներդրումներ Կատարելու Հայաստանի  Ջրամբարաշինութեան Մարզին Մէջ

Լեհական Ընկերութիւնը Կը Պատրաստուի Ներդրումներ Կատարելու Հայաստանի Ջրամբարաշինութեան Մարզին Մէջ

Երէկ կառավարութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ փոխըմբռնման յուշագիր կնքուած է  նոր ներդրումներու մասին: Փաստաթուղթը ստորագրուած է քառօրեայ գործարար այցելութեամբ Հայաստան գտնուող «ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքիի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Արսէն Յարութիւնեանի միջեւ: Գործարարներուն ուղեկցած է «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը: «ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքի պատրաստակամութիւն յայտնած է ծրագիրը սկսելու յունիսին: «ՍԻՄԵՏ...

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

«ՀՅԴ-ն Բոլոր Ընտրաշրջաններուն Մէջ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Դաշնակիցն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցն է: Երեսփոխան Բագրատունի վերահաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն թեկնածուներ ունի Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի եւ Մեթնի մէջ, սակայն ոչ Զահլէի:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի  Նուիրուած Համաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին.  «Երուանդ Փամպուքեան Եւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան  Սփիւռքի Մէջ Իրենց Խօսքով Ու Գործով Ազատ  Ու Անկախ Հայաստանի Առաքեալները Դարձան»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Համաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին. «Երուանդ Փամպուքեան Եւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Սփիւռքի Մէջ Իրենց Խօսքով Ու Գործով Ազատ Ու Անկախ Հայաստանի Առաքեալները Դարձան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ 21 մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը երէկ` 23 մարտին աւարտեց իր աշխատանքները: Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս` Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն ներքեւ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ` դոկտ....

Page 570 of 796 1 … 569 570 571 … 796

Արխիւներ