Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Արժանավայել Կերպով Նշեց Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 100-ամեակը

Մայիս 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող մեծաթիւ դաշնակցական ու համակիր սփիւռքահայեր, ինչպէս նաեւ հայաստանցիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ-ի կազմակերպած տարբեր նախաձեռնութիւններուն: 28 մայիսի կէսօրին մասնակիցները ուղղուեցան Սարդարապատ, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին իրենց կեանքին գնով յաղթանակ կերտածներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ հպարտութեամբ յիշեցին 100 տարի առաջ հրաշքի համազօր պետականութեան կերտումը:

Յետմիջօրէին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտներուն եւ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ,  բազմամարդ քայլերթ մը տեղի ունեցաւ Մատենադարանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ, իսկ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բաժինը եւ արտասանուեցան մայիս 28-ի խորհուրդին ու կարեւորութեան անդրադարձող խօսքեր:

Գեղամ Մանուկեան շնորհաւորեց Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով եւ յայտարարեց. «Փա՛ռք այն հանրապետութեան, որ կերտուեցաւ հարիւր տարի առաջ 600 տարուան պետականութեան բացակայութենէն յետոյ: Հպարտանանք մեր անկախութեամբ, մեր բանակով եւ մեր քաջարի զինուորներով եւ հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներով: Այստեղէն ողջոյններ յղենք այն անձերուն, որոնց նախնիները եղած են անկախութեան ակունքներուն մէջ, շատերը թոռէն թոռ փոխանցած են այդ գաղափարները»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «100 տարի առաջ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի մէջ կատարուած սխրանքը մեր պատմութեան մեջ նոր էջ բացաւ: Մայիսեան հերոսամարտերը մեր պատմութեան նոր վերածնունդի դարաշրջանի խորհրդանիշը հանդիսացան»: Ան յայտնեց, որ դժուար է գերագնահատել անկախ պետականութեան դերն ու նշանակութիւնը ժողովուրդներուն` աւելի եւս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: «20-րդ դարասկիզբին աշխարհաքաղաքական բարդ զարգացումներու իբրեւ արդիւնք հայ ժողովուրդը կանգնած էր ո՛չ միայն իր ազգային-քաղաքական, ազգային-մշակութային ինքնութիւնը կորսնցնելու, այլեւ` ֆիզիքական ոչնչացման վտանգին առջեւ», ըսաւ Համբարձումեան:

Արսէն Համբարձումեան վստահեցուց, որ Մայիսեան հերոսամարտերը մեր ժողովուրդին համար հրաշք էին, որուն շատերը չէին հաւատար: «Շատերը կը համարէին, որ անկախութիւնը անժամանակ ծնունդ է, նոյնիսկ պետութիւն եւ անկախութիւն բառերը չակերտներու մէջ կը վերցնէին, բայց ի բարեբախտութիւն մեզի` այդ յոռետեսական կանխատեսումները իրականութիւն չդարձան, որովհետեւ ՀՅԴ-ի քաղաքական ղեկավարութեամբ եւ բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով անկարելին դարձաւ կարելի: Կարճ ժամանակահատուածի մէջ նորանկախ պետականութիւնը միս ու արիւն ստացաւ, դրինք պետականաշինութեան ամուր հիմքեր», ըսաւ ան:

Արսէն Համբարձումեան յայտնեց, որ եթէ չըլլային այդ հիմքերը, չէին ըլլար նաեւ միւս երկու հանրապետութիւնները: «Այս սխրանքի հիմքին վրայ մենք հետագայ տարիներուն յաջողեցանք իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ վերահաստատել մեր տեղը այս աշխարհին մէջ»,  նշեց ան:

Ըստ անոր, իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար անկախ պետականութիւնը ինքնակազմակերպման բարձրագոյն աստիճանն է:

«Հայաստանի հզoրացումն ու զարգացումը պէտք է ըլլայ համայն հայութեան պատուոյ խնդիրը, անկախ պետականութիւնը մեր հպարտութիւնն է, եւ մենք տէր պէտք է կանգնինք այդ հպարտութեան, որովհետեւ հակառակ պարագային ոչ ոք մեզ հետ հաշուի կը նստի, ոչ ոք յարգանքով կը վերաբերի մեզի: Այս գիտակցութեամբ, առանց զիջման պիտի շարունակենք զարգանալ», նկատել տուաւ ան:

Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ անդրադարձաւ աշխարհի տարբեր ծագերուն ՀՄԸՄ-ի ծաւալած ազգապահպան գործունէութեան` շեշտելով, որ միութիւնը միշտ վառ պահած է մայիսեան խորհուրդը եւ զայն փոխանցած է սերունդէ-սերունդ` մեծապէս հաւատալով, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը անպայման մայիս 28 պիտի նշէ Հայաստանի մէջ:  Անոր համաձայն, կամաւոր բանակի գիտակցութեամբ եւ կշռոյթով ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր երթն ու ծառայութիւնը հայութեան եւ հայրենիքին:

Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միշտ պէտք է կառչած մնալ հայրենիքին եւ աշխատիլ ի խնդիր անոր հզօրացման եւ բարգաւաճման: Ան մայիս 28-ը նկատեց հայութեան հրաշափառ յարութեան տօնը, որ եկաւ հաստատելու, թէ հայութիւնը ջարդուող ժողովուրդ չէ, այլ իր հերոսներով, Արամ Մանուկեաններով, կրնայ ոտքի կանգնիլ, ետ մղել խուժանները, տէր կանգնիլ իր հողերուն: Խօսելով մայիս 28-ի խորհուրդներուն մասին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստանի վերադարձին. «Մայիս 28 նախ եւ առաջ մեր հայրենիքի վերընձիւղման, մեր պետականութեան` իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, աշխարհի քարտէսին վերադարձի տօնն է», ըսաւ ան: Ըստ անոր, մայիս 28-ով կը նշուի նաեւ Հայաստանի հայացումը, որովհետեւ փորձ կը կատարուէր Հայաստանը հայրենիքէն պարպելու, հայութիւնը ձուլելու: «Հպարտութեամբ կրնանք ըսել, որ Հայաստանի առաջին պետականութիւնն էր, որ մեր հայրենիքին վերադարձուց իր ամբողջական, հայկական դիմագիծը, իր ամբողջական էութիւնը` իբրեւ մշակոյթի օրրան, հայկական իրաւունքներու  կիզակէտ եւ իբրեւ մեր ժողովուրդի զարգացման լաւագոյն ապաւէն»: Ան դիտել տուաւ, որ երրորդ խորհուրդը այդ դժուար օրերուն, քարոսային ու սովի ահաւոր վիճակի մէջ պետական մեքենայի կազմութիւնն էր, հայրենիքին իր իսկական դիմագիծի վերադարձն էր ու մարդկային ամէն տեսակ իրաւունքի յարգումը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ 100 տարի առաջ կերտուած անկախութեամբ հիմը դրուեցաւ մեր պետականութեան, ազգային գաղափարախօսութեան վերածնունդին` յիշելով բոլոր այն հերոսները, որոնք ոչինչէն նոր Հայաստան ստեղծեցին, ինչպէս նաեւ փառք տուաւ հայ ժողովուրդին, որ կրցաւ գտնել կռուաններ ո՛չ միայն ոտքի կանգնելու, այլ բարգաւաճելու ու ամրապնդելու անկախութիւնը: «Թէեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մղիչ ուժն էր այս բոլորին, սակայն այս շարժումին տուաւ համահայկական տարողութիւն ու խորհուրդ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը երկար ատեն տէր ու պահապան եղաւ Եռագոյնին` իբրեւ ազատութեան եւ մարդկային արդարութեան մեծագոյն խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ «Մեր հայրենիք»-ը` հաստատ գիտնալով, որ ազատ ու անկախ հայրենիքի երկինքին տակ պիտի հնչէ անիկա:

Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կշռոյթներով քայլարշաւին մասնակիցները ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ:

*
*   *

Երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնական մեծ համերգ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Բազմամարդ համերգին ներկայ էին նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, պետական այրեր: Հնչեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր: Վեր առնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտող սերունդին կարեւորութիւնը` հայոց պետականութեան ամրապնդման երթին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Այցելութիւն` Արամ Մանուկեանի Գերեզման

Յաջորդը

Սարդարապատի Մէջ. «Հայ Ժողովուրդը Յաղթեց, Որովհետեւ Ունէր Արամ Մանուկեանի Պէս Նուիրեալ Առաջնորդ» Ընդգծեց Վարչապետ Փաշինեան

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?