Գլխաւոր լուրեր

«Քաղաքական Անձնաւորութիւնները  Նախագահութեան Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ոճիր Կը Գործեն»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Քաղաքական Անձնաւորութիւնները Նախագահութեան Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ոճիր Կը Գործեն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Կաթողիկէ Ս. Ծնունդին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան տօնի Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան նշեց, որ լիբանանցիները խորհրդարանէն նուէր մը ակնկալած են, սակայն այդ նուէրը կարելի չէ ապահովել, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ նուիրել այն, ինչ որ չունի: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք կը շարունակեն աղօթել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար: Ան ցաւ յայտնեց Ընկերային ապահովագրութեան...

Կաթողիկէ Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Կաթողիկէ Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, կաթողիկէ Ս. Ծնունդին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հակառակ անոր որ ցաւն ու տխրութիւնը շատ աւելի են ուրախութենէն` նկատի ունենալով երկրին եւ շրջանին դիմագրաւած տագնապները, բայց եւ այնպէս Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը առիթ մըն է վերանորոգելու յոյսը բոլորին համար`   տագնապներու մօտալուտ լուծման առումով»:  

Պէյրութի Գետը Յորդեցաւ` Պատճառելով  Ողողումներ Եւ Նիւթական Վնասներ

Պէյրութի Գետը Յորդեցաւ` Պատճառելով Ողողումներ Եւ Նիւթական Վնասներ

Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ի գիշերը Պէյրութի գետը յորդեցաւ` պատճառելով ողողումներ եւ նիւթական վնասներ Քարանթինայի շրջանին մէջ կանգ առած եւ գտնուող ինքնաշարժներուն, ինչպէս նաեւ գետին շրջակայքը գտնուող շրջաններուն մէջ: Տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով Պէյրութի գետի ջուրին համեմատութիւնը  բարձրացած էր եւ ողողած շրջակայ փողոցները, որոնցմէ հիմնականին մէջ ազդուեցաւ Քարանթինան: Նոյն գիշերն իսկ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին ողողումին վայրը, ուր անոնք օժանդակեցին քաղաքացիներուն դուրս...

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք  Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից  Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն պատուական եղբարց մերոց` արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից, բարեշնորհ սարկաւագաց, առաքինազարդ մայրապետաց ու հաւատացեալ ժողովրդեանս: Պատուակա՛ն եղբարք եւ սիրեցեալ զաւակք ի Քրիստոս, Մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան փրկարար աւետիսը պիտի փոխանցենք իրարու Միջին Արեւելքի անկայուն կացութեան, Ս. Երկրին ողբերգական եւ ռազմական իրավիճակին, արցախահայութեան...

Արցախի Հանրապետութեան Լուծարման Մասին  Հրամանագիրը Այլեւս Գոյութիւն Չունի

Արցախի Հանրապետութեան Լուծարման Մասին Հրամանագիրը Այլեւս Գոյութիւն Չունի

Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղեկավարները կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական...

Քոփիրքին. «Ռուսիան Եւ Հայաստանը  Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան  Ոլորտին Մէջ Նոր Համաձայնագիրներ Կը Քննարկեն»

Քոփիրքին. «Ռուսիան Եւ Հայաստանը Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան Ոլորտին Մէջ Նոր Համաձայնագիրներ Կը Քննարկեն»

Ռուսիան եւ Հայաստանը կը քննարկեն ռազմական արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ նոր համաձայնագիրներ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: «Որոշ անհատական համաձայնագիրներու մէջ իսկապէս կան հարցեր` կապուած ռուսական ձեռնարկութիւններու պարտաւորութիւններու` կատարել պաշտպանութեան պետական պատուէրը, սակայն անոնք աշխատանքային հարցեր են, որոնք կը լուծուին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ երկխօսութեամբ», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը: Քոփիրքինի...

Պքերքէի Մէջ.   «Երկրին Դիմագրաւած Տագնապին Լուծումը  Կարելի Է Ապահովել Նախագահական Ընտրութեամբ»  Շեշտեց Միքաթի

Պքերքէի Մէջ. «Երկրին Դիմագրաւած Տագնապին Լուծումը Կարելի Է Ապահովել Նախագահական Ընտրութեամբ» Շեշտեց Միքաթի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ս. Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթով, Միքաթի շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել նախագահական ընտրութեամբ, «յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկիրը դէպի ապաքինում ուղղուելու յատկանիշներ ցոյց կու տայ», յայտնեց ան: Միքաթի հաստատեց, որ...

Հարաւային Լիբանանի  Սահմանագիծը Բռնկած Կը Մնայ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Բռնկած Կը Մնայ

Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները կը շարունակուին` բռնկած պահելով հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը: Իսրայէլեան բանակը ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց հետեւեալ գիւղաքաղաքները. Ռըպ Թլեթին, Լապպունէ, Այթա Շաապ, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ, Ժապալ Պլաթ, Հուլա, Մարքապա, Սլուքի հովիտ, Թէյր Հարֆա, Քֆարքիլա, Նաքուրա եւ Խիամ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հիւսիսային Իսրայէլ-հարաւային Լիբանան սահմանային շրջանին վրայ ապահովական միջադէպի մը պատճառով իսրայէլեան բանակը զինուորական հսկողութիւն...

Կերասիմով. «Ռուս Խաղաղապահները Բնակիչները  Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձնելու  Կարելիութեան Երաշխաւորն Են»

Կերասիմով. «Ռուս Խաղաղապահները Բնակիչները Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձնելու Կարելիութեան Երաշխաւորն Են»

Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները շրջան վերադարձնելու կարելիութեան երաշխաւորն են. երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովը: Մամլոյ ասուլիսը նուիրուած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 2023 թուականի գործունէութեան արդիւնքներուն: «Այս տարուան սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ 24 ժամուան ընթացքին (Արցախի մէջ, «Ա.») զինադադար ձեռք բերուեցաւ: Զինուորական գործողութիւններու ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը ապահոված...

Անթիլիասի Մէջ.  «Մենք Ղարաբաղի Ժողովուրդին Հետ Ենք,  Որովհետեւ Արդարութեան Հետ Ենք» Շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ

Անթիլիասի Մէջ. «Մենք Ղարաբաղի Ժողովուրդին Հետ Ենք, Որովհետեւ Արդարութեան Հետ Ենք» Շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ

Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2023-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպի միջեւ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան: Շէյխ Խաթիպի...

Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Բախումները Աւելի Եւս Կը Սաստկանան

Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Աւելի Եւս Կը Սաստկանան

Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները երէկ աւելի եւս սաստկացան: Ամբողջ օրուան ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ ռմբակոծումները բուռն թափով շարունակուեցան` պատճառելով նաեւ քաղաքային զոհ մը եւ վիրաւորներ: Մարուն Ռասի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով մահացաւ 80 տարեկան կին մը` Նուհատ Մհաննա, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցաւ անոր ամուսինը: Իսկ Պընթ Ժպէյլի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուեցաւ Սալահ Ղանտուր անունով քաղաքացի մը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան...

Պաղեստինեան Խմբաւորումները Մերժեցին  Իսրայէլեան Յարձակումի Ամբողջական  Դադրեցումէն Առաջ Բանակցիլ

Պաղեստինեան Խմբաւորումները Մերժեցին Իսրայէլեան Յարձակումի Ամբողջական Դադրեցումէն Առաջ Բանակցիլ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բացառեց նախքան Իսրայէլի «բոլոր նպատակներու», նախ եւ առաջ պաղեստինեան Համաս շարժումի «ոչնչացման» իրականացումը Կազայի մէջ որեւէ զինադադարի հաստատումը: Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պիտի չդադրինք կռուելէ, մինչեւ իրականացումը մեր ճշդած բոլոր նպատակներուն` Համասի ոչնչացումը, անոր մօտ գտնուող գերիներու ազատումը եւ Կազայէն եկող սպառնալիքին վերջ տալը»: Ան նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի մէջ «ամէն տեղ» կը կռուին...

Ակնարկ.  Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում

Ակնարկ. Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում

Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ  կատարած է` ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնուին ամէնէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ, փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով: Հիմա, իբրեւ փաստ օրինակ կը բերուի գերիներու վերադարձը, սահմանային հանգստութիւնը, հաստատելու համար, որ վերջին եռամիսը 30-ամեակի ամէնէն խաղաղ եւ...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Այսօր Պիտի Այցելէ Երեւան

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այսօր Պիտի Այցելէ Երեւան

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմականպեթով 21 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Երեւան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՀԱՊԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Երեւանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ` քննարկելու կազմակերպութեան Մինսքի վեհաժողովին արդիւնքները:  

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Ցաւակցի  Քուէյթի Էմիրին Մահուան Առիթով

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Ցաւակցի Քուէյթի Էմիրին Մահուան Առիթով

Անցնող օրերուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր յղեց Քուէյթի էմիր շէյխ Մըշաալ Ահմետ Ժապեր Սապահին` էմիր շէյխ Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահի մահուան տխուր առիթով: Վեհափառ հայրապետը անձնապէս եւ Քուէյթի հայ համայնքին անունով յղած իր ցաւակցագիրին մէջ նշած է, թէ ողբացեալ էմիրին բացակայութեամբ, Քուէյթը եւ արաբական աշխարհը կորսնցուցին իմաստուն իշխան մը, որ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան ջատագով էր: Վեհափառ հայրապետը...

Այն Թինէի Մէջ.   «Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Ըլլայ  Պըրրիի Առաջնահերթութիւնը»   Շեշտեց Պու Սաապ

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Ըլլայ Պըրրիի Առաջնահերթութիւնը» Շեշտեց Պու Սաապ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ տօնական օրերէն ետք նախագահական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Պըրրիի առաջնահերթութիւնը: Անդրադառնալով օր մը առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի վերագրուած այն յայտարարութեան, թէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը իրեն համար վերջացած է, եւ ինք չի կրնար անոր հետ...

Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Միջնորդութեամբ  Բանակցութիւններ` Նոր Գործարքի Շուրջ

Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններ` Նոր Գործարքի Շուրջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման որոշումի որդեգրման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ շարունակական ջանքեր կը թափէ: Քըրքաշ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ էմիրաթական շարունակուող ջանքեր կան` հրապարակելու համար որոշում մը Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ աննախադէպ մարդասիրական աղէտին արձագանգումը ամրապնդելու համար: Միջազգային ընտանիքը պէտք է նոյնիսկ...

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Հայ Զինուորի Սպանութեան Վերաբերեալ Ազրպէյճանի Դէմ Որոշում Տուած Է

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակած է «Նարայեանը եւ միւսները ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով վճիռը: ՄԻԵԴ-ի որոշումով` խախտուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք)` զինուորներ Էտկար Նարայեանի եւ Էրիք Աբովեանի մահուան, ինչպէս նաեւ անոնց մահուան հանգամանքներու որեւէ քննութեան բացակայութեան վերաբերեալ: Բացի ատկէ, ՄԻԵԴ-ի որոշումով` Ազրպէյճանը պարտաւոր է Հռչակագիրի 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն դատարանի վճիռը օրինական ուժի մէջ...

ՄԱԿ. «Պատրաստ Ենք Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Ուղղուած Յառաջընթացին Մէջ  Աջակցելու Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին»

ՄԱԿ. «Պատրաստ Ենք Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Յառաջընթացին Մէջ Աջակցելու Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին»

Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ զգալի քայլերու ձեռնարկուած են: Այս մասին ազրպէյճանական «Ռիփորթ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակաձայն, Անթոնիօ Կութիերես չ՛ուզեր ներգրաւուիլ հոլովոյթի մը մէջ «ուղղակի ներգրաւուելու համար», սակայն միշտ պատրաստ ենք աջակցելու արդէն գոյութիւն ունեցող շրջանակներուն: Տիւժարիք տեղեկացուցած է նաեւ, որ Կութիերես պիտի այցելէ Պաքու` մասնակցելու ՄԱԿ-ի...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հրետակոծել Հարաւային  Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը  Կը Պայթեցնէ «Մերքաւա» Մը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հրետակոծել Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Կը Պայթեցնէ «Մերքաւա» Մը

Հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր: Փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, երբեմն ստանալով բուռն բնոյթ: Իսրայէլեան ուժեր սկսած են ռմբակոծել նաեւ հարաւային Լիբանանի բնակուած շրջանները` քաղաքայիններու շարքին արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Երէկ իսրայէլեան ուժեր հրետանիներով ռմբակոծեցին Նաքուրան, Եարունը, Հանինը, Մէյսէլ Ժապալը եւ Պլիտան, Այթարունը, Մհայպիպը, Թիպէն, Թալ Տըպպայնը, Մերժահիունը, Հուլան, Սլուքիի հովիտը, Խիամը, Ռըմէյշը,...

Page 194 of 796 1 … 193 194 195 … 796

Արխիւներ