Իսրայէլի Նախագահ. Պատրաստ Ենք Մարդասիրական Մէկ Այլ Զինադադարի Հաստատման
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ երէկ յայտնեց. «Պատրաստ ենք առեւանգեալներու ազատ արձակման արտօնման համար մարդասիրական մէկ այլ զինադադարի հաստատման»: Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք իր կարգին յայտնեց. «Քաթարի հետ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը շարունակելու վերաբերեալ երկխօսութիւն կը կատարենք»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտարարեց. «Ֆրանսան որոշեց կարգ մը իսրայէլացի ծայրայեղական բնակեցուածներու դէմ ազգային քայլեր որդեգրել»: «Կրցայ աչքովս տեսնել այն բռնարարքները, որոնք...




















